ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳԻ ՄԱՏՈՒՑՈՒՄ ԵՒ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄ ՊՈՍԹԸՆԻ ՄԷՋ

0 0
Read Time:4 Minute, 47 Second

Պոսթընէն եւ շրջակայից արուարձաններէն հայորդիներ հոծ բազմութեամբ ներկայ էին՝ մասնակցելու Սուրբ Պատարագին, լսելու պատգամը Հայրապետին եւ ստանալու անոր հայրական օրհնութիւնը, որ տեղի ունեցաւ Կիրակի, Հոկտեմբեր 13-ին Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ:

Իր պատգամի սկզբնաւորութեան Վեհափառ Հայրապետը բարձր գնահատանքով ողջունեց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեանը, ինչպէս նաեւ հոգեւորականաց դասը, ազգային վարչութիւնը եւ հայ կեանքէն ներս գործող բոլոր կազմակերպութիւնները՝ անոնց ցուցաբերած խանդավառ ու բեղուն ծառայութեան համար: Ապա, Նորին Սրբութիւնը յատուկ կերպով անդրադարձաւ եկեղեցւոյ ու եկեղեցականին առաքելութեան՝ շեշտելով անոնց ծառայական ներդրումը համայնքի կեանքին մէջ: Ան ըսաւ, թէ հոգեւորականները իրենց ծառայական կեանքով կ՚արժեւորեն իրենց առաքելութիւնը: Հոգեւորականին փառքը կը կայանայ ծառայութեան մէջ: Հայ եկեղեցւոյ հոգեւորական ըլլալ կը նշանակէ ծառայել, եւ եկեղեցի ըլլալ կը նշանակէ ծառայական ներկայութիւն դառնալ հաւատացեալի կեանքին մէջ: Այս առիթով, Հայրապետը յատուկ կերպով անդրադարձաւ Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ նախկին հովիւ Արժ. Տ. Անդրանիկ Աւ. Քհնյ. Պալճեանի յիսնամեայ ծառայութեան՝ ըսելով, թէ տէր հայրը իր ծառայական ոգիով ներշնչած է սերունդներ ու զանոնք պատրաստած եկեղեցւոյ ու ազգին ծառայութեան համար. ան իր առաքելութիւնը կատարած է խստապահանջութեամբ ու գիտակցութեամբ: Ուստի, բարձրօրէն կը գնահատենք քահանայ հօր հովուական երկարամեայ ծառայութիւնը:

Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի աւարտին, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեան խորան բարձրացուց Վեհափառ Հայրապետին հովուապետական այցելութեան յատուկ առիթով եկեղեցի բերուած Սուրբ Ստեփանոս նախավկայի սրբազան մասունքը, որմով Նորին Սրբութիւնը օրհնեց ժողովուրդը։

Սուրբ եւ Անմահ Պատարագէն անմիջապէս ետք, Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ՝ ի պատիւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին: Ճաշկերոյթի ընթացքին, յանուն եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան, խօսք առաւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Գերպ. Տ. Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեան: Նախ, ան իր որդիական երախտագիտութիւնը յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին՝ հովուապետական օրհնաբեր այցելութեան համար, եւ Պոսթընի հայութեան թարգմանը հանդիսանալով՝ հայր սուրբը յայտնեց, թէ Վեհափառ Հայրապետին այցելութիւնը հոգեւոր խանդավառութեան եւ վերանորոգութեան առիթ հանդիսացաւ շրջանէն ներս:

Ճաշկերոյթի ընթացքին եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտները հայ ասմունքով ու երգով ճոխացուած հակիրճ յայտագիր մը ներկայացուցին:

Ճաշկերոյթի աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը իր հայրական յորդորը ուղղեց ներկաներուն: Ան իր խօսքին սկիզբը ընդհանուր գիծերով ներկայացուց ժամանակակից աշխարհը՝ զայն բնորոշելով արմատական ու յեղափոխական փոփոխութիւններով լեցուն աշխարհ մը, ընկերութեան բոլոր բնագաւառներէն ներս: Ապա, Հայրապետը մանրամասնելով յիշեալ փոփոխութիւնները՝ յայտնեց անոնց անդրադարձը հայ կեանքին վրայ: Մասնաւորելով իր խօսքը Սփիւռքի ներկայ կացութեան շուրջ՝ Վեհափառ Կաթողիկոսը շեշտեց Սփիւռքի վերակազմակերպումին հրամայականը՝ իր պատկերացումը ներկայացնելով չորս հիմնական կէտերու մէջ՝ ինքնութիւն, գաղութներու վերակազմակերպում, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեանց ամրապնդում եւ երիտասարդներու մասնակցութիւն հայ կեանքին մէջ:

Ջերմ ծափողջոյններով ընդունուեցաւ Նորին Սրբութեան խօսքը, որ, ինչպէս միշտ, կատարուեցաւ անգլերէն լեզուով, նկատի ունենալով ամերիկածին երիտասարդութեան ներկայութիւնը:

Ճաշկերոյթի աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը Կիլիկեան Իշխան շքաշնանով պարգեւատրեց Նուպար Աֆէեանը: Վերջինս խօսք առնելով՝ յիշեց իր անցեալը, Լիբանանը եւ Պոսթընի մէջ տարած աշխատանքը հայ կեանքէն ներս: Յայտնենք, որ Աֆէեան զոյգը բարերար հանդիսացած է Սուրբ Ստեփանոս վարժարանի մէկ շէնքին եւ զանազան պատասխանատուութիւններ ստանձնած է գաղութէն ներս:

Ճաշկերոյթէն ետք, Վեհափառ Հայրապետը իր իջեւանած պանդոկին մէջ ընդունեց Նուպար Աֆէեանի այցելութիւնը: Երկար հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի եւ Սփիւռքի առնչուած շարք մը հարցեր: Նուպար Աֆէեան Նորին Սրբութեան իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց՝ նպաստելու Սփիւռքի վերակազմակերպման առնչուած ծրագիրներուն՝ կրթական, մշակութային եւ այլ բնագաւառներէ ներս:

Շարունակելով իր հովուապետական այցելութիւնը Պոսթընի մէջ, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, անցնող օրերու ընթացքին, իւրայատուկ հանդիպում-զրոյց ունեցաւ Պոսթընի երիտասարդութեան հետ, շնորհաբաշխ այցելութիւններ շնորհեց հայագիտական ուսումնասիրութիւններու ազգային միութեան թանգարան-մատենադարանին (National Association for Armenian Studies and Research — NAASR), Ամերիկայի հայկական թանգարանին (Armenian Museum of America) եւ Ազգային ծերանոցին (Armenian Nursing & Rehabilitation Center — ANRC), ինչպէս նաեւ ի պատիւ Հայրապետին կազմակերպուեցաւ դասական երաժշտութեան երեկոյ։

Երիտասարդութեան հետ հանդիպում-զրոյցին բարի գալստեան խօսք արտասանեց Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Գերպ. Տ. Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեան։ Հանդիպումը կայացաւ եկեղեցւոյ մէջ։ Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Նայիրի Պալճեան, որ մէջբերելով երիտասարդութեան դերակատարութեան մասին Հայրապետին մտածումներէն՝ կարեւորեց նոր սերունդին գործօն մասնակցութիւնը համայնքային կեանքին մէջ։ Հանդիպումը հերթաբար վարեցին Նայիրի ու Քնար Գրաֆեանները եւ Անի Նալպանտեանը։ Հայրապետը մէկ առ մէկ պատասխանեց երիտասարդներուն կողմէ իրեն ուղղուած բոլոր հարցումներուն, որոնք առնչուած էին հայութեան, երիտասարդութեան, Սփիւռքին, Հայաստանին, մեր մշակոյթին եւ եկեղեցւոյ կեանքին։ Իր խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնը շեշտեց երիտասարդութեան հետ երկխօսութիւն ունենալու, զայն լսելու եւ հայ կեանքին մէջ աւելիով ներգրաւելու անհրաժեշտութիւնը։ Հանդիպում-զրոյցի աւարտին Վեհափառ Հայրապետը յիշեցուց, որ երիտասարդներուն տեղը մեր գաղութներու կեանքին լուսանցքին վրայ չէ եւ պէտք չէ ըլլայ. անոնց տեղը մեր կեանքի մա՛յր էջին վրայ է։ Հայ երիտասարդը, առաւել քան երբեք, պարտաւորութիւն ունի համայնքի եւ եկեղեցական կեանքին մասնակից դառնալու՝ ստանձնելով պատասխանատու պաշտօններ. այսպիսով ան իր ազգային ինքնութիւնը պիտի ձեւաւորէ ու պատկանելիութիւնը արմատաւորէ, շեշտեց Հայրապետը։

Հանդիպումը աւարտեցաւ հսկումի արարողութենէն քաղուած աղօթքներու արտասանութեամբ ու շարականներու երգեցողութեամբ։ Ապա, երիտասարդները Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ համախմբուեցան սիրոյ սեղանի մը շուրջ։

Նորին Սրբութիւնը այցելեց Պոսթընի հայագիտական ուսումնասիրութիւններու ազգային միութեան թանգարան-մատենադարան, ուր ընդունուեցաւ միութեան գործադիր տնօրէն Սիլվա Սեդրակեանի եւ անձնակազմին կողմէ: Անոնք Նորին Սրբութեան ներկայացուցին կեդրոնին առաքելութիւնը եւ պարզեցին յառաջիկայ ծրագիրները: Վեհափառ Հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց կեդրոնին կողմէ տարուող աշխատանքներուն համար եւ կարեւորեց Կաթողիկոսարանի Կիլիկիա մատենադարանին եւ այս հաստատութեան միջեւ գործակցութիւն ծաւալելու անհրաժեշտութիւնը: Այս առիթով, կեդրոնի գրադարանը ճոխացնելու նպատակով, Հայրապետը միութեան նուիրեց Կաթողիկոսարանին կողմէ լոյս ընծայուած շարք մը կարեւոր հրատարակութիւններ։

Ապա, Վեհափառ Հայրապետը այցելեց Ամերիկայի հայկական թանգարան, ուր դիմաւորուեցաւ թանգարանի վարչութեան տնօրէն Միշել Քոլիկեանի եւ վարչութեան անդամներուն կողմէ: Անոնք հակիրճ կերպով ներկայացուցին թանգարանն ու անոր առաքելութիւնը: Յայտնենք, որ թանգարանին մէջ կը գտնուի Կիլիկիայէն հասած եկեղեցական ու ազգապատկան իրեր, ինչպէս նաեւ Սուրբ Ստեփանոս նախավկային մասունքը: Վեհափառ Հայրապետը գնահատեց տնօրէնութեան բծախնդիր աշխատանքը եւ յաջողութիւն մաղթեց անոնց բոլոր ծրագիրներուն։

Թանգարաններու այցելութենէն ետք, Արամ Ա. Կաթողիկոս ուղղուեցաւ ազգային ծերանոց: Հոն դիմաւորուեցաւ կեդրոնի տնօրէն Ուէնտի Սէկրեսթի, վարչութեան ներկայացուցիչ Մանէ Ղազարեանի եւ պատասխանատուներու կոմէ: Վեհափառ Հայրապետին գլխաւորութեամբ եւ տարեցներուն ներկայութեամբ կատարուեցաւ տնօրհնէքի արարողութիւն, որուն աւարտին Հայրապետը «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց տարեցներն ու անոնց բնակարանը։ Այնտեղ, Հայրապետը յատուկ կերպով հանդիպում ունեցաւ եւ իր օրհնութիւնը տուաւ Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրած Մարի Վարդանեանին: Ազգային ծերանոց այցելութեան աւարտին, Նորին Սրբութիւնը իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ կեդրոնի տարեցներուն, տնօրէնութեան եւ պատասխանատուներուն՝ բարձր գնահատելով անոնց նուիրեալ ու ազգային ծառայութիւնը:

Նշենք, թէ կազմակերպուեցաւ դասական երաժշտութեան յատուկ երեկոյ մը՝ ի պատիւ Վեհափառ Հայրապետին։ Նուագախումբը ղեկավարեց Սփրինկֆիլտի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Պետրոս Աւ. Քհնյ. Շիթիլեան։ Նուագախումբը մեկնաբանեց միջազգային եւ հայկական դասական կտորներ: Հանդիսութեան աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը բարձր գնահատեց տէր հայրն ու նուագախումբի անդամները: Հանդիսութիւնը աւարտեցաւ Կիլիկիա օրհներգի կատարուոմով՝ ներկաներուն երգակցութեամբ։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles