ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԺԱՄԱՆԵՑ ՈՒՍՏԸՐ

0 0
Read Time:1 Minute, 15 Second

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 9-ի յետմիջօրէին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, իր շքախումբով, ժամանեց Ուստըր (Մասաչուսէց), ուր դիմաւորուեցաւ հոգաբարձութեան եւ կազմակերպիչ յանձնախումբին կողմէ, գլխաւորութեամբ Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Գերապատիւ Տէր Արտակ Ծայրագոյն Վարդապետ Արապեանի: Վեհափառ Հայրապետը Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցի մուտք գործեց «Հրաշափառ»ի երգեցողութեամբ, ուր հաւաքուած էին քաղաքի կաթոլիկ եկեղեցւոյ արքեպիսկոպոսը եւ զանազան համայնքներու հոգեւոր հայրեր ու հաւատացեալներ:

Արարողութենէն ետք, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեան ողջոյնի խօսք ուղղեց Վեհափառ Հայրապետին՝ յիշելով, որ 1997 թուականին ան այցելած էր այս եկեղեցին։ Սրբազան հայրը ըսաւ, որ վստահաբար Նորին Սրբութեան այցելութիւնը պիտի դառնայ օրհնաբեր՝ շրջանի մեր ժողովուրդին համար: Արամ Ա. Կաթողիկոս, առաջին հերթին, ողջունեց օտար եկեղեցականներու ներկայութիւնը՝ զայն նկատելով միջ-եկեղեցական գործակցութեան շօշափելի արտայայտութիւն: Ան ըսաւ, որ թէեւ պատմութեան ընթացքին զանազան պատճառներով եկեղեցին բաժնուած է, սակայն եկեղեցւոյ ներքին միութիւնը մնացած է ամուր: Միջ-եկեղեցական շարժումին նպատակն է գործակցութեան ճամբով եկեղեցւոյ միութեան տալ գործնական արտայայտութիւն:

Ապա, Վեհափառ Հայրապետը յայտնեց, որ համայնքներուն կատարելիք իր այցելութեանց եւ պատգամներուն որպէս ընդհանուր բնաբար ընտրած է «Հայր մեր» աղօթքը, որ պիտի մեկնաբանէ նախադասութիւն առ նախադասութիւն: Իր խօսքի աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը գնահատեց առաջնորդ սրբազանը, հոգեւոր հովիւ հայր սուրբը եւ եկեղեցւոյ պատասխանատուները:
Աջահամբոյրէն ետք, եկեղեցւոյ սրահին մէջ, ի պատիւ Վեհափառ Հայրապետին, տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ, որուն ընթացքին կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտները ներկայացուցին գողտրիկ յայտագիր մը: Աւարտին, Նորին Ս. Օծութիւնը իր գնահատանքը յայտնեց հայր Արտակին նուիրեալ ծառայութեան եւ կոչ ուղղեց ժողովուրդին իր գործօն մասնակցութեամբ եկեղեցին պայծառացնելու:

Յաջորդ առաւօտ Չորեքշաբթի, 9 Հոկտեմբերին, Վեհափառ Հայրապետը Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ սրահին մէջ յաջորդաբար ընդունեց շրջանի պետական երեսփոխանները եւ քաղաքապետը։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles