Հ.Օ.Մ.Ի «ՄԱՅՐ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹԸ Ի ՆՊԱՍՏ ՍՈՒՐԲ ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԱՄԵՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ

0 0
Read Time:3 Minute, 20 Second

 

Արեւելեան Ա.Մ.Ն.ի Շրջ. Վարչ. ատենապետուհի՝ ընկհ. Սիլվա Գույումճեան եւ Հ.Օ.Մ.ի Պըրկըն Քաունթիի մասնաճիւղէն ընկհ. ՄէրիԱն Պօնճուքեան

Հայ Օգնութեան Միութեան բարեսիրական գործերը անհաշիւ են: Միշտ եւ միշտ օգնած է եւ կ’օգնէ Հայ ժողովուրդին ի մասնաւորի Հայ աշակերտին ու դպրոցին, որովհետեւ հայ  դպրոցի  առաքելութիւնը  ոչ  միայն  գիտութիւն հայթայթելն է  այլ  նաեւ  հայեցի  դաստիարակութեամբ,  միջոցներ, առիթներ  ապահովելն  է  որպէսզի այսօրուայ փոքրիկ ուսանողը դառնայ ապագային գիտակից Հայը:

Այս նպատակէն թելադրուած, Նիւ Եորքի   Հայ  Օգնութեան Միութեան »Մայր«  մասնաճիւղը այս տարի  իր աւանդական  տարեկան ձեռնարկ ճաշկերոյթը  ի  նպաստ  Սրբ. Լուսաւորիչ Ամենօրեայ վարժարանին, կազմակերպեց  Յունուար 162011ին ժամը 1.00ին Սուրբ  Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ սրահին մէջ:

Հ.Օ.Մ.ի ընկերուհիները խոհանոցին մէջ

Ճաշկերոյթին   ներկայ    էր     Սուրբ   Լուսաւորիչ   Մայր    եկեղեցւոյ  հոգեւոր     հովիւ  Արժ. Տ.  Մեսրոպ  Քհնյ.  Լագիսեան, Սուրբ  Լուսաւորիչ  Ամենօրեայ վարժարանի   խնամակալ   մարմնի  անդամներն  ու  ատենապետը ՝  Դոկտ.  Հրանդ Մարգարեան, եկեղեցւոյ  հոգաբարձութեան կազմը, Հ.Օ.Մ.Ի, Շրջանային վարչութեան ատենապետուհին     ընկհ. Սիլվա Գույումճեան: Ինչպէս նաեւ     ներկայ  էր  Հայ  դպրոցի  առաքելութեան  հաւատացող  հասարակութիւն  մը:

Ձեռնարկի  բացումը  կատարեց »Մայր« մասնաճիւղի ատենապետուհին ընկհ. Անայիս Չոլաքեան: Ընկերուհին բարի գալուստ մաղթեց  բոլորին եւ շնորհաւորեց ներկաներուն Ամանորն ու Սուրբ Ծնունդը,  ապա անդրադարձաւ  Հ.Օ.Մ.ի  առաքելութեան    մասին,  եւ նշեց որ Հ.Օ.Մ.ը ժողովուրդէն կ’առնէ եւ ետ ժողովուրդին կու տայ: Ապա  խնդրեց, որ ոտքի կանգնին  սրահին  մէջ  գտնուող  բոլոր Հ.Օ.Մ.ուհիները: Ներկաները  ծափահարութիւններով գնահատեցին Հ.Օ.Մ.ուհիներու աշխատանքը: Անոնց  յարատեւ  եւ անսահման զոհողութեամբ  եւ պարտաճանաչութեամբ է  որ Հ.Օ.Մ.ը յարատեւած է 100 երկար  տարիներ: Ապա ընկերուհիներէն խնդրեց  փոխանցեն սերունդէ սերունդ այս Սուրբ առաքելութիւնը, ինչպէս որ  իրենք  ժառանգած են  իրենց  նախորդներէն: Ընկհ. Անայիս աւարտեց    իր   խօսքը   ըսելով  թէ պէտքէ  լաւ  միջոցներ  ապահովել  հայ փոքրիկին զարգացման եւ  հայեցի դաստիարակութեան  համար:

Ապա  Սուրբ. Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ հովիւ, Արժ. Տ. Քհնյ. Լագիսեանի օրհնութեամբ կատարուեցաւ ճաշկերոյթին  բացումը: Ան  շնորհակալութիւն յայտնեց »Մայր« մասնաճիւղին որ միշտ  նեցուկ կանգնածէ եւ ձեռք ձեռքի տուած ,համագործակծութեամբ աշխատած է Սուրբ. Լուսաւորիչ »Մայր« եկեղեցւոյ  եւ Ամենօրեայ վարժարանին հետ:

Ճաշկերոյթը  անցաւ  շատ   խանդավառ   մթնոլորտի մէջ, շնորհիւ  Հայկական նուագին  եւ  երգին    կատարողութեամբ  Նշան  Քիրամիտճեանին:

Համեղ ճաշերը պատրաստած էին Հ.Օ.Մ.ի »Մայր«  մասնաճիւղի ժրաջան ընկերուհիները:

Ճաշկերոյթի ներկաներէն

Ապա   բեմ   հրաւիրուեցաւ  Հ.Օ.Մ.ի Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհին՝ ընկհ. Սիլվա Գույումճեան  Հ.Օ.Մ.ի խօսքը ըսելու:Ան  հակիրճ կերպով ներկայացուց Հ.Օ.Մ.ի   գործունէութիւնը եւ լայնածաւալ  աշխատանքները  իր  հիմնադրման  օրէն  մինչեւ  այսօր,  մեր  ժողովուրդի  ապագայ  սերունդներուն  համար   թէ° Սփիւռքի եւ թէ° Հայաստանի  մէջ:

Ընկհ.Սիլվա իր խօսքի  աւարտին  յայտարարեց Շրջանային Վարչութեան կողմէ հազար տոլարի սրտաբուխ  նուիրատուութիւնը  Սուրբ. Լուսաւորիչ  Ամենօրեայ  Վարժարանին:Այս օրինակէն  խանդավառուած   նուիրատուութիւններ կատարուեցան նաեւ կարգ  մը ուրիշ  անհատներու կողմէ: Բոլոր   նուիրատուները սրտաբուխ նուիրեցին  յարգելով  ճաշկերոյթին  նպատակը, մաղթելով  որ հայ  դպրոցը մնայ ու շարունակէ իր վերելքը:

Շնորհակալութիւն  բոլոր նուիրատուներուն:

Բեմ հրաուիրուեցաւ Սուրբ Լուսաւորիչ Ամենօրեայ  վարժարանի խնամակալ  մարմնի  ատենապետ՝ Դոկտ. Հրանդ  Մարգարեան , որը  նախ  շնորհակալութիւն յայտնեց  Հ.Օ.Մ.ի »Մայր« մասնաճիւղին եւ ներկաներուն այսօրուայ ճաշկերոյթին համար:  Ապա  յայտարարեց  դպրոցի  խնամակալ  մարմնի  պատրաստակամութիւնը  անխտիր  ընդունելու  բոլոր  Հայ  աշակերտները, որոնք  նիւթական  դժուարութիւններ  ունին: 

Շեշտեց ի նպաստ վարժարանին  ծրագրուած  կարգ  մը  յաջորդական  ձեռնարկներու շարքը: Փետրուար 27ին »Հասութաբեր  Ձեռնարկ« կազմակերպուած՝ »Սուրբ Լուսաւորիչ Ամենօրեայ Վարժարանի Բարեկամներ«ու կողմէ: Տեղի  պիտի  ունենայ նաեւ »Silent Auction« կազմակերպուած  Ընկհ. Անահիտ Ուղուրլեանի միջոցաւ  եւ նկարչական  ցուցահանդէս մը կազմակերպուած Արեւիկ եւ Արա Գաբրիէլեաններու կողմէ:

Տեղի ունեցաւ անխուսափելի վիճակահանութիւնը որ վարեց ընկհ. Սօնիա Պզտիկեան եւ բախտաւորները գեղեցիկ նուէրներով մեկնեցան:

Ճաշկերոյթի  աւարտին  ընկհ.  Անայիս  Չոլաքեան  շնորհակալութիւն  յայտնեց  բոլոր  անոնց  որոնք  ճիգ չի խնայեցին այս  ձեռնարկի  յաջողութեան, համար.յատկապէս ներկաները,  նուիրատուները եւ մանաւանդ Հ.Օ.Մ.ի ընկերուհիները:

Իսկապէս  յարգանքի  արժանի   են  բոլոր  անոնք  որոնք  նեցուկ  կանգնեցան  եւ  իրենց  լաւագոյնը  տրամադրեցին  ի  նպաստ Սուրբ  Լուսաւորիչ   Ամենօրեայ   վարժարանի  հզօրացման , յարատեւութեան եւ  պայծառացման  համար:

Յաջողութիւն  եւ  նորանոր  նուաճումներ  կը  մաղթենք ՆիւԵորքի »Մայր« մասնաճիւղին,որ ամէն տարի  յատուկ ձեռնարկ մը կը կազմակերպէ  ի նպաստ Սուրբ  Լուսաւորիչ  Ամենօրեայ  Վարժարանին:

Ահաւասիկ ազգային գիտակցութեամբ կազմակերպուած ձեռնարկ մը որ հասաւ  իր նպատակին  վերյիշեցնելով  մեզմէ  իւրաքանչիւրին  նուազագոյն պարտքը՝ հանդէպ  մեր համայնքին  եւ Հայ  դպրոցին:

ԱՊՐԻ’Ք  սիրելի ընկերուհիներ:

ՄԱՐԻԱ ՇԱՄԼԵԱՆ-ԵՓՐԵՄԵԱՆ

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles