ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔԻ ՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՉՈՐՐՈՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԸ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՊՈՍԹԸՆԻ ՄԷՋ
Պոլսոյ «Ակօս» թերթի խմբագիր՝ Հրանդ Տինքի սպանութեան չորրորդ տարելիցը նշուեցաւ Պոսթընի մէջ, կազմակերպութեամբ «Friends of Hrant Dink» հիմնարկին: Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Ուաթըրթաունի Սուրբ Յակոբ Հայաստանեայց Հայոց Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ:
Այս առթիւ, խօսք առաւ վերոյիշեալ հիմնարկի պատասխանատու Հէրի Բարսեղեան, որ տեղեկացուց թէ պարբերաբար կը կազմակերպուին ձեռնարկներ ի յիշատակ Հրանդին: Օրուան բանախօսն էր փրոֆ. Թանէր Աքչամ, որ յայտնեց թէ անգամ մը եւս մեղադրեց թրքական իշխանութիւններն ու ոստիկանութիւնը, որոնք որեւէ աշխատանք չէին տարած, Տինքի սպանութիւնը կանխարգիլելու: Ան յայտնեց թէ մինչեւ օրս, նորութիւններ կը բացայայտուին թէ ոստիկանութիւնը դիտումնաւոր կամ ոչ դիտումնաւոր կերպով արհամարհած է սպանութենէն առաջ տեղի ունեցող պատրաստութիւնները: Ան աւելցուց թէ ներքին գործոց նախարարութիւնը չþընէր անհրաժեշտը եւ հետեւաբար Տինքի սպանութեան հետաքննութեան թղթածրարը կրկին չի բացուիր:
«Կը լռեն՝ կարծելով, որ սպանութեան մեղաւորներուն բացայայտումը կրնայ վնաս հասցնել պետութեան: Անգամ մը եւս կը կրկնեմ թէ, չորս տարի անցած է այն օրէն, երբ սպաննուած է Հրանդ Տինք, սակայն թրքական ոստիկանութեան պատասխանատուները տակաւին չեն պատժուած: Բոլորս արդէն հասկցած ենք, որ մինչեւ սպանութիւնը անվտանգութեան մարզի պատասխանատուները տեղեակ եղած են անոր մասին: Ոստիկանութիւնը չէ կանխարգիլած կամ չէ կրցած կանխարգիլել Տինքի սպանութիւնը, որովհետեւ ան հայ էր», ըսաւ Աքչամ, որ աւելցուց թէ «Բոլորս Հրանդ Տինք ենք…» հրամայականը կը մնայ առաջնահերթ:
Աքչամ աւելցուց թէ Տինքի ընտանիքի փաստաբան Ֆեթհիէ Չեթին յայտնած է թէ, ոճրագործութեան պահուն Տրապիզոնի ապահովութեան տնօրէն, գնդապետ Ալի Էօզ անհետացուցած է մահափորձի նախապատրաստուելու մասին ոստիկանութեան տեղեկագիրներ ուղարկած գաղտնի գործակալներուն նախնական ցուցմունքները: Չեթին ըսաւ, որ թերացած պաշտօնատարներուն մեծ մասը տակաւին պաշտօնի վրայ է, եւ անոնք լուրջ արգելք են, քննութեան ընթացքին մէջ: «Դեռ շատ բան կայ խօսելիք եւ բացայայտելիք: Տինքի դատը դժուարութեամբ կը յառաջանայ: Կան դեռ բազմաթիւ արգելք հանդիսացող պատեր« որոնք պէտք է որ փուլ քան», յայտարարեց Աքչամ, հաստատելով թէ Հրանդի ոճրագործները ցեղապաշտներ եւ ազգայնամոլներ էին:
Ան ըսաւ որ, չորրորդ տարելիցին, Պոլսոյ մէջ, «Ակօս»ի խմբագրատան մուտքին աւելի քան տաս հազար տեղացիներ հաւաքուած են, որոնց մէկ կարեւոր համեմատութիւնը հայեր չեն, սակայն լաւապէս կը հասկնան պատահածը: Այս առթիւ, Աքչամ աւելցուց թէ, այդ օրերուն կազմակերպուած է Կոմիտաս Վարդապետի երաժշտութեան նուիրուած ձեռնարկ մը, նաեւ Պոլսահայ ճարտարարուեստներու գործերը ցուցադրող ցուցահանդէս մը, որ մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծած է:
Աքչամ յայտնեց թէ այն իրողութիւնը, որ տեղւոյն ապավովութեան ուժերը չէին կրցած զինք պաշտպանել« ինքնին ամօթ մըն է« որ ցայսօր խոր տխրութիւն կը սփռէ: Ան, իր փակման խօսքին մէջ յայտնեց թէ Հրանդը կը նկատէ Թուրքիոյ Մարթին Լութըր Քինկը:
Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:
Ներկայ Մը