Սեպուհի մահը մեզ ամէնքս ալ համակած է խորունկ վշտով մը։ Այս վիշտը մեծ է անոր համար որ՝ առաջին, իրօ՛ք կորսնցուցինք մեծ ընկեր մը, երկրորդ՝ Սեպուհներու հեռացումով աւելի եւս կը նօսրանայ ¬ չըսենք կը չքանայ ¬ փաղանքը այն փայլուն հերոսներուն, որոնք իրենց կեանքով ու արիւնով կերտեցին մեր վերջին կէս դարու ազատամարտի շքեղ պատմութիւնը։
Քիչ մը աւելի քիչ մը պակաս, Սեպուհի կեանքը եւս եղաւ այն՝ ինչ որ եղաւ իր բոլոր նախորդներունը ¬ պայքար բռնութեան դէմ, նուիրում հայրենիքին եւ, զրկուած ու հալածական կեանք՝ երկար տասնամեակներ։ Սեպուհի, ու նաեւ Անդրանիկներու, տարբերութիւնը իրենց զինակից ընկերներէն եղաւ միայն այն, որ անոնք քիչ մը աւելի երկար ապրեցան եւ, մեռան անկողնի մէջ, իրենց բնական մահով։
Եւ անկասկած, աս ալ եղաւ Սեպուհներու մեծագոյն դժբախտութիւններէն մէկը։ Հերոսները չե՛ն սիրեր ծերութիւնը, խորթ ու անհարազատ է անոնց համար կեանքի այդ շրջանը. անոնք իրենց 18-20 տարիքին կը մտնեն ուխտուածներու բանակը եւ երբ, ամենաշատը 45 կամ 50¬ը կը հասնին, կարծես բնական մղումով մը կը փնտռեն մահը, բայց ոչ անկողիններու մէջ, այլ՝ սարերու կատարին, կամ հայրենի դաշտերու վրայ, թշնամիին դէմ ճակատ ճակատի։ Քրքրեցէք կեանքը մեր մեծ հերոսներու, ու պիտի տեսնէք որ անոնցմէ քիչերը հասած են 45¬ի կամ 50¬ի։ Ահա մէկը անոնցմէ մէկը, Արաբօն, առասպելական հերոս մը, որ նահատակուեցաւ երբ հազիւ 30 տարեկան էր։
Ինչ որ սակայն զարմանալի է, այդ այն է որ՝ անոնք կարճ տարիներու մէջ կը յաջողին հիւսել իրենց հերոսապատումը, եւ այնքան գեղեցիկ ու շքեղ, որ առանց մեծ դժուարութեան կը դիմանան ժամանակի հարուածներուն։
Հազարներ կու գան ու կþանցնին, բայց մեր ժողովուրդի ազատամարտի պատմութեան մէջ կը մնան, օրինակ, Պետօն, Սաքօն ու Արաբօն, Խանը, Սերոբն ու Գէորգը, Հրայրը, Վահանը եւ Մուրատը, Նիկոլը, Եփրեմը, Քեռին ու Անդրանիկը եւ բազմաթիւ ուրիշներ, հիներ ու նորեր, որոնց շարքը շա՜տ երկար է, որոնք զարհուրանքներ են ապրեր իրենց կարճ կեանքի տարիներուն, բայց կերտեր են իրական ու ապշեցուցիչ դիւցազնավէպեր։
Եւ բոլորը այս մեծութիւնները, որոնք մեր դրամագլուխը եւ հայ ժողովուրդի անկորնչելի սեփականութիւնը կը կազմեն, ծնունդն են Դաշնակցութեան, որու գաղափարական աւազանին մէջ մկրտուած են ամէնքն ալ։ Եթէ Դաշնակցութիւնը հպարտ է իր զաւակներով, որոնք իր մեծութիւնը կերտեցին, զաւակները եւս չեն կրնար հպարտ չըլլալ, որ ծնունդ առին, մեծացան ու հասակ նետեցին Դաշնակցութեան նման մեծ ու հոյակապ կազմակերպութեան մը շունչին ներքեւ։
Իսկապէս, եթէ չըլլար Դաշնակցութիւնը, պիտի ունենայի՞նք մեռած ու ապրած հերոսներու շքեղ փաղանգը։
Հայ ժողովուրդը կրնար ունենալ Բաբերդի Վարզահան գիւղը ծնած Արշակ Ներսէսեան մը, բայց առանց Դաշնակցութեան չէր ունենար Սեպուհ մը։
Մեր աննման Արաբօն հասարակ ղաչախչի մը, ըսենք՝ կտրիճ ու յանդուգն աւազակ մը պիտի մնար, եթէ յանկարծ անոր ձեռքէն չբռնէր Դաշնակցութիւնը։
Դերտեվանքցի Մխօն, որ 90¬ական թուականներու սկիզբը Արաբոյի հետ միասին, Մուշի սարսափը եղած էր, մինչեւ Դաշնակցութեան մէջ իր երեւումը, ճամբաներուն վրայ թուրք անցորդները կողոպտող անվեհեր աւազակի անունը ունեցած էր։
Ի՞նչ պիտի ըլլար արդեօք մեր մեծ ու առաքելատիպ Խեչօն, եթէ անոր ծուռ ու մուռ ճամբաներուն ուղղութիւն չտար Դաշնակցութիւնը։
Եւ այսպէս, քանի՜ քանինե՜ր, որոնք մտան Դաշնակցութեան Դրօշին ներքեւ, անոր գաղափարներովը հաղորդուեցան, հետզհետէ մաքրուեցան, զտուեցան, բիւրեղացան եւ ապա դարձան անոր եւ մեր բոլոր հպարտութիւնը։
Սեպուհը գնաց, կը սգանք իր մահը եւ կը խոնարհինք աճիւններուն առջեւ։ Բայց վստահ ըլլանք՝ կու գան եւ նոր Սեպուհներ։ Չեն կորսուիր անոնց ցանած սերմերը։ Ժամանակը հետզհետէ երեւան կը բերէ զանոնք։ Որովհետեւ, չմոռնանք, կենդանի է հայ ժողովուրդը եւ կենդանի՝ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը։
***
ԶՕՐԱՎԱՐ ՍԵՊՈՒՀ ՄԵՌԱԾ
«Հայրենիք»¬ի խմբագրութիւն երէկ, Չորեքշաբթի առաւօտ, ստացաւ մեր սիրելի Զօրավար Սեպուհի մահը գուժող հետեւեալ երկու հեռագիրները.¬
ՆԻՒ ԵՈՐՔ, Յուլիս 31.¬ Այս առաւօտ ժամը 5։15¬ին մեռաւ մեր սիրելի Զօրավար Սեպուհ։
ԱՐՇԱՒԻՐ
ԼՈՆԿ ԱՅԼԷՆՏ ՍԻԹԻ, Նիւ Եորք, Յուլիս 31.¬ Այս առաւօտ ժամը 5։00¬ին մեռաւ Զօրավար Սեպուհ։ Մանրամասնութիւնները յետոյ։
Մ. ՇԻՐՎԱՆԵԱՆ
Հ.Յ.Դ. ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷՆ
Խորունկ ցաւով կը հաղորդէ Հ.Յ.Դաշնակցութեան ականաւոր Մարտիկ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան անձնուէր զինուորական
ԸՆԿԵՐ ՍԵՊՈՒՀի
մահը, որ տեղի ունեցած է Յուլիս 31¬ին, Չորեքշաբթի առաւօտեան ժամը 5։15¬ին, Նիւ Եորքի իր բնակարանին մէջ։
ԿԵՆՍԱԳՐԱԿԱՆ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Ընկեր Սեպուհ ծնած էր Բաբերդի Վարդահան գիւղը աւելի քան 70 տարի առաջ։ Իր ծնողները գիւղին ուշագրաւ ընտանիքներէն եղած են։
Դեռ պատանի, պանդխտած էր Կ. Պոլիս, ուրկէ անցած էր Խրիմ, ապա Ռուսիոյ զանազան քաղաքները։
Քաջ եւ յանդուգն երիտասարդ, Ռուսիոյ մէջ մտած էր Հ.Յ.Դաշնակցութեան շարքերը։
Միացած էր Գէորգ Չաւուշի խումբին։ Գործակցած եւ ընկերացած էր Անդրանիկի։ Մասնակցած էր1901¬ի Սասունի ապստամբութեան։
Վերադառնալով Կովկաս, Մուրատի, Կայծակ Առաքելի եւ ուրիշ ականաւոր ռազմիկներու հետ կարեւոր մասնակցութիւն ունեցած էր Հայ¬Թաթարական կռիւներուն։
Նորէն Երկիր մտնելէ յետոյ, մասնակցած է Հ.Յ.Դ. Չորրորդ Ընդհ. Ժողովին, Վիեննայի մէջ։
1908¬ի սահմանադրութեան առթիւ վար դրած էր զէնքերը։
Ամուսնացած էր Պիթլիսցի օրիորդի մը հետ, որ մինչեւ իր մահը եղաւ իր կեանքի ընկերը։
Այս միութենէն ծնած են երեք ուսաբեր եւ մէկ գուսար։
1914¬ի Համաշխարհային Պատերազմի յայտարարութենէն ետք, ընկ. Սեպուհ միացաւ Հայ Կամաւորական խումբերուն, ստանձնելով վարչապետի պաշտօն Անդրանիկի հրամանատարութեան տակ։
Հայաստանի Հանրապետութեան օրով վարեց զինուորական կարեւոր պաշտօններ եւ եղաւ առանձին զօրամասի հրամանատար։
Վճռական դեր կատարեց 1920¬ի Մայիսեան բոլշեւիկեան ապստամբութեան ճնշման մէջ։
Մասնակցեցաւ Հայ¬Թրքական պատերազմին։
Հայաստանի Հանրապետութեան անկումէն յետոյ անցաւ արտասահման եւ 1921¬ին եկաւ Ամերիկա։