Ի՞նչ Կը Թելադրեն Ֆրանսական Ընտրութիւնները

0 0
Read Time:2 Minute, 25 Second

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Կիրակի, 30 յունիսին տեղի ունեցաւ Ֆրանսայի Ազգային ժողովի արտակարգ ընտրութիւններու առաջին հանգրուանը: Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահը` Էմանուել Մաքրոն 9 Յունիսի երեկոյեան լուծած էր Ազգային ժողովը, ի տես Եւրոպական խորհրդարանի ընտրութեան ծայրայեղ աջերու արձանագրած մեծ յաջողութեան: Ֆրանսայի Ազգային ժողովի 577 երեսփոխանները կ՛ընտրուին 577 առանձին ընտրատարածքներու մէջ մեծամասնական ընտրակարգով: Քուէներուն կէսէն աւելին ապահովողները ընտրուած կը համարուին, բան մը, որ քիչ կը պատահի երկուքէ աւելի թեկնածուներու առկայութեան բերումով: Առնուազն 12,5 առ հարիւր ապահովողները իրաւունք կը ստանան մասնակցելու երկրորդ հանգրուանի քուէարկութեան, որ տեղի կ՛ունենայ շաբաթ մը ետք` 7 Յուլիսին: Ընդհանրապէս թեկնածուներու միջեւ նոր դաշնակցութիւններու միջոցով` ընտրութիւնը կը կատարուի երկու թեկնածուներու միջեւ: Սակայն կրնայ պատահիլ, որ երկրորդ հանգրուանի ընտրութեան մասնակցին երեք, նոյնիսկ չորս թեկնածուներ:

Առաջին հանգրուանի քուէարկութեան արդիւնքները վերահաստատեցին Եւրոպական խորհրդարանի ընտրութեան Ազգային միաւորումի (ծայրայեղ աջ) յաջողութիւնը: Ազգային միաւորումը ապահովեց քուէներու 33,1 առ հարիւրը: Յաջորդը` 28 առ հարիւրով, նոր ժողովրդային ճակատն է, որ հապճէպօրէն կազմուած ձախակողմեան կուսակցութիւններու համախմբում մըն է: Կը հետեւի նախագահ Մաքրոնին աջակցող Միասնութիւնը, որ ապահոված է քուէներուն 20 առ հարիւրը:

Էմանուել Մաքրոն կը յուսար, որ կը շրջուի արդիւնքը եւ իր կուսակցութիւնը կը գրաւէ առաջին դիրքը: Այժմ, եթէ ծայրայեղ աջին (նաե՛ւ ծայրայեղ ձախին) չաջակցողները չմիաւորուին, Ազգային միաւորումը Ազգային ժողովի առաւել բազմամարդ խմբաւորումը կ՛ըլլայ եւ իրաւունք կը ստանայ յաւակնելու վարչապետի աթոռին ու կառավարութիւն կազմելու: Այդ պարագային, ֆրանսական քաղաքական դաշտը կ՛ենթարկուի արմատական փոփոխութեան, թէ՛ ներքին եւ թէ՛ մանաւանդ արտաքին ճակատներու վրայ:

Ի՞նչ հետեւանքներ կ՛ունենան Ֆրանսայի յարաբերութիւնները եւ յանձնառութիւնները յատկապէս Հայաստանի եւ Լիբանանի վերաբերմամբ: Ինչ կը վերաբերի հայութեան, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները կապեր ունին առաւելաբար նախագահ Մաքրոնի Միասնութեան հետ, որ խորհրդարանին մէջ փոքրամասնութիւն պիտի դառնայ: Նախագահ Մաքրոն պիտի կարենա՞յ գործադրել իր տուած խոստումները: Հայաստանի եւրոպական կողմնորոշումը քաջալերուած էր առաւելաբար Ֆրանսայի կողմէ. պիտի շարունակուի՞ այդ քաջալերանքը, թէ՞ ինչպէս Ուքրայինայի եւ Կազայի պատերազմներուն նման, արգելակներ պիտի ստեղծուին: Խորհրդարանական նոր մեծամասնութեան հետ պէտք է ստեղծուին նոր յարաբերութիւններ, որպէսզի ֆրանսական քաղաքականութիւնը շարունակէ նպաստաւոր մնալ Հայաստանին եւ հայութեան: Ասիկա դժուար եւ ժամանակ խլող աշխատանք մըն է, որ չ՛իրականանար մէկ օրէն միւսը:

Անգամ մը եւս Հայաստանի իշխանութիւններուն վարած քաղաքականութեան անորոշութիւնները կու գան սեղանի վրայ: Եւրոպական քաղաքական ուղղուածութեան նկատմամբ ամէն վերապահութիւն եւ զգուշացում կը թարգմանուի ռուսական կողմնորոշման հակումով: Եթէ եւրոպականը չենք ընդունիր ամբողջական կերպով, իբրեւ միակողմանի դիրքորոշում, ուրեմն ռուսասէր ենք, նաեւ «նախկիններու» կողմնակից: Այս մօտեցումը կը ջլատէ հայ քաղաքական մտածողութիւնը եւ արգելք կը հանդիսանայ քաղաքական բազմակարծութեամբ բնորոշուող քննարկումներուն, կողմնորոշման խնդիրին գիտականօրէն ու ազատ քննարկումին:

Եւրոպական քաղաքական միջավայրը յղի է արմատական փոփոխութիւններով: Նոր ուժեր կը յայտնուին, որոնք կը մերժեն աւանդական աջի, ձախի ու կեդրոնի քաղաքական կեցուածքները: Եւրոպական ժողովուրդները չեն բաւարարուած իրենց իշխանութիւններուն վարքագիծով ու փոփոխութեան, նորարարութեան փնտռտուքի մէջ են: Ստեղծուող քաոսային վիճակին մէջ, Հայաստան պարտաւոր է զգուշ ըլլալու ու զոհ չդառնալու Արեւմուտքի մեծապետական դիրքորոշումներուն: Ցարդ եղածն ալ շատ է արդէն. անոր դառն պտուղները կը համտեսենք անդադար: Ժամանակն է, որ զգաստանանք ու դադրինք մեր ցանկութիւնները ի յառաջագունէ իրականացած համարել: Մեր քաղաքական կողմնորոշումը հիմնուած պէտք է ըլլայ մեր երկրին ու ժողովուրդին շահերէն բխող առարկայական տուեալներու վրայ. ճշմարտութեան վրայ, բարոյական սկզբունքներու յարգումին վրայ:

Համբերութեամբ սպասենք 7 Յուլիսի ընտրական արդիւնքներուն:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles