Պօղոս Գուբելեան
Բագրատ սրբազանին սկսած շարժումը՝ զգետնելու փաշինեանական պարտուողական եւ հոգեվարք ապրող վարչակարգը, հասած է իր զենիթին ու արդէն սկսած է յաջորդ յեղափոխական իշխանութիւններուն գլուխը անցնելիք նոր վարչապետին փնտռտուքը: Մէկը՝ որ համահայկական համակրանք ու թիկունք վայելէ, ուսումով ու անցեալի իր գործունէութեամբ փաստած ըլլայ պետական մարդու իր արժանիքները ու յատկապէս իր փորձառութեամբ գլուխ հանէ իրեն վստահուած լուրջ պաշտօնը:
Եթէ մեր շուրջ քննական ակնարկ մը նետենք, ներկայ թեկնածուներու մէջ ամենէն կարողն ու փորձառուն է երիտասարդ մտաւորական, անկուսակցական, օտար լեզուներու տիրապետող, օտար պետական շրջանակներու հետ շփում ունեցած եւ անոնց կողմէ յարգուած անձը՝ Արման Թաթոյեանն է, որ իր բոլոր կարողութիւններուն կը միացնէ երիտասարդական կորով ու ներկայանալի արտաքին, որ դիւանագիտութեան մէջ հսկայ կարելիութիւններու դուռ կը բանայ:
Թող սրբազանը պահէ կրօնաւորի սքեմը ու որպէս շարժման հոգեւոր ղեկավար ու հայածին «այաթոլլա», հսկէ Հայաստանի պետութեան որդեգրելիք քաղաքականութեան հեզասահ ընթացքին ու բռնելիք ուղղութեան:
Երբ Ղարաբաղի անկումէն առաջ կոչ կ՝ուղղէի մեր բարձրագոյն կղերին, Ղարաբաղի մեր եղբայրները փրկելու սովամահութենէն, Լաչինի նրբանցքը բանալու սրբազան գործին ու նոր օրերու Վարդանանց արշաւի մը գլուխը անցնելու, որուն ուշացումով արձագանգեց Բագրատ սրբազանը, Ռիչմոնտի ընկերներս ու ես բնաւ չէինք մտածեր կղերին յանձնել, հայրենի պետութեան ղեկավարութիւնը:
Կեցցէ՛ք՝ hայր Բագրատ, բայց խնդրեմ վարչապետի պաշտօնը զիջեցէք փորձառու երիտասարդ դիւանագէտի մը՝ Արման Թաթոյեանին: