ԱՇՏԱՐԱԿ. ԸՆԿՈՒԶԵՆԻԻ ԵՒ ԵՂՐԵՒԱՆԻԻ ՍՏՈՒԵՐԻՆ

1 0
Read Time:3 Minute, 35 Second

Յակոբ Պալեան

                        Լրագրութեան եւ գրականութեան սահմանը հատելով պէտք է խօսիլ:    Հայաստան եւ հայրենիք զգալով, պատմութիւն եւ հայութիւն շնչելու, նախահայրերու կոխած հողին վրայ կանգնելու համար, պէտք է հեռանալ այն վայրերէն, ուր փողոցները, շէնքերը, վաճառատուները, ճաշարանները, ժամանակակից կեանքի հեւքով զիրար հրմշտկող ինքնաշարժները, կը ստեղծեն այն խաբկանքը, որ կը գտնուինք Նիւ Եորքի, Փարիզի, Լոս Անճելըսի կամ Պէյրութի պերճ թաղամասէրէն մին: Այս կապկումային արդիականացման ներխուժումը ձեւափոխած է Հայաստանը: Այս ըսել եւ այսպէս մտածել  սպառողական ընկերութեան եւ զբօսաշրջիկի ըմբռնումին եւ ակնկալութիւններուն դէմ մեղանչում է, յետադիմութիւն:

            Երեւանի Հիւսիսային Պողոտայով եբբ կը քալեմ, ինքզինքս կը զգամ Փարիզի Ռիվ Կոշ թաղամասը, կամ Պէյրութի զբօսաշրջային վայրերը, Կլէնտէյլ, կամ Նիւ Երրքի Ֆիֆթ Ավընիւն: Եթէ այսպէս շարունակուի «պեթոնապատում»ը, Թամանեանի Երեւանէն ինչ որ մնայ, պիտի ըլլայ անցեալի թանգարանային յիշատակ, տեսարժան վայր:

            Պատմութիւն լսելու, հարազատութիւն զգալու, շարունակութեան գիծին վրայ  ինքզինքս գտնելու համար, Աշտարակ կ’երթամ: Հոն զիս կը դիմաւորէ Ներսէս Աշտարակեցի կաթողիկոսը(1770-1857): Ճամբան կը տանի Օշական, մեր ազգային ինքնութեան վէմը հանդիսացող դարերու դէմ կանգնած  Մեսրոպ Մաշտոցի դամբարանը… Պատմութիւնը կը խօսի եւ կը լսէք: Եթէ շրջիք, կը գտնէք բարձունքի վրայ եկեղեցի մը, որուն դիմաց կայ լուռ դամբարան մը, ուր կը հանգչի բանաստեղծ Գէորգ Էմին, որուն դառն հեգնանքը մեր ժողովուրդի մասին միշտ պէտք է յիշել, որպէս բուժիչ դարման: Ան ըսած էր. «…Մենք գահ ու թագ չենք ունեցել, բայց սպայ է ամէն մի հայ»…Եթէ «ամէն մի հայ» լսէ այս հոգեբանական ախտաճանաչումը, բարիք կ’ընէ իր անձին եւ ազգին. Հայաստան եւ սփիւռքներ, իշխանութիւն  եւ ընդդիմութիւն, սունկի պէս բուսած «ֆէյսպուք»-ային բանգէտներ:

            Գործարարներ եւ տեսարժան վայրեր նկարող «տուրիստ»ներ հոս չեն գար: Էմիններ բացակայ են իրենց հոգիի եւ հետաքրքրութիւններու պաստառներէն: Չեն լսած եւ չեն լսեր Էմինները: Պիտի լսե՞ն օր մը, որպէսզի դադրին «հայրենասէր տուրիստ» ըլլալէ»,  ըլլան «տէր« եւ շարունակութիւն:

            Աշտարակ տիտղոսակիրներ չկան: Հոն կը հանդիպիք շինարարի որդի շինարարի, որուն զաւակը բանակ գացած  է,  երբ ան վերադառնայ երկրորդն ալ պիտի երթայ: Ասոնք անաշխատ փող շահելու հետամուտ չեն: Պարտէզ բակին վրայ ամպհովանի եղող ընկուզենիի եւ եղրեւանիի ստուերին, «հայրենասէր տուրիստներ»ը չեն լսեր Շուշան մայրիկը, անորոշ տարիքով աթոռի մը վրայ նստելով, չեն վայելեր անոր սուրճը, թխուածքը, պոպոքի անուշեղէնը եւ խաղողով ու ընկոյզով պատրասուած քաղցրաւենիք շարոցը: Հոս Օղակներով շարունակուող հայ  կեանք կայ, մարդիկ՝ որոնք երկիր կը պահեն, ընելով այնպէս՝ որ հողը ըլլայ եւ մնայ Հայաստան:

            Աշխատանքէ կը վերադառնայ բանակ գացող երկու որդիներու մայր լաւաշ թխող Անուշը, որ Լաուրա կամ  Անասթազիա չէ, որ կ’ըսէ թէ կը սիրէ գիրք կարդալ, ի հարկէ՝ հայերէն:

            Հարս Անուշի մազերը երկրի գինիի գոյնը ունին, վարսավիրի խնամքով չեն ածխացած, ոսկեջուրի մէջ չեն թաթխուած, մատները եւ եղունգները հոլիվուտեան չեն, ստամներուն վրայ «հոլիվուտեան ժպիտի սպիտակ կեղծատամ չկայ: Քիթը եւ շրթները իրեն կը պատկանին, մի ոմն վիրաբուժ չէ քանդակած զանոնք: Հարս Անուշը մինչեւ  ե՞րբ կրնայ այսպէս մնալ եւ դիմադրել աճող եւ զարգացող փուճ գեղեցկացման հոսանքին, հասնելու համար օր մը հայելիին մէջ ինքզիննք չճանչնալու օտարման:

            Շուշան մայրիկը գիւղամիջով  եւ իրենց դրան առջեւէն անցնող առուի հոսանքին առջեւ փայտ մը դրաւ, եւ ջուրը գլգլալով  սկսաւ անցնիլ պարտէզի ածուներով, կենդանացնելու համար որթատունկերը, լոլիկները, դդումները, ծիրանենին, դեղձենին:

            Ասոնք իրաւ հայրենասէրներն են, հայրենատէրերը:

            Ինչպէ՞ս ընել, որ ընկուզենիի եւ եղրեւանիի շուքին հայ կեանքը չխաթարուի: Չես գիտեր ինչո՞ւ բանգէտներ եւ գրողներ, մեծ ու պզտիկ, հայերէն եղրեւանին կը կոչեն եասաման

            Տուրիստ պտըտցնող ընկերութիւնները ինչո՞ւ հայութիւն եւ ազգային ըմբռնում սրսկելու համար, զուարճացողները եւ փողոցները չափողները, սրճարաններու եւ ճաշարաններու աղմկող  ինքնագոհները չեն տանիր նաեւ Շուշան Մայրիկներու բակը, որպէսզի տեսնեն, թէ ինչպէ՞ս պէտք է ապրիլ եւ տէր ըլլալ, հողին, թէ կան նաեւ առանց կեղծ թարթիչներու եւ փուչիկի պէս ուռած շրթներու բանակ զաւակ ղրկած լաւաշ թխող երիտասարդ մայրեր:

            Առանց փողի եւ թմբուկի հայրենիք պահող համեստներու բանակ կայ, որ չի տողանցեր պսպղուն լուսափեղկերով վաճառատւներու առջեւ,  լուսաւոր եւ աղմկալի պողոտաներու վրայ, որ «հանգիստի» չ’երթար Անթալիա, Ֆրանսիա, Յունստան, Բելգիա, որ ծոցի գրպանին մէջ «կրին քարտ» չունի:

            Շուշան մայրիկը պոպոքի անուշ եւ թխուածք հիւրասիրեց: Հարս Անուշը տաք լաւաշ բերաւ: Հիմա կը սպասեն , որ Արտուշը բանակէն վերադայռնայ եւ այդ իրենց կեանքի մեծ իրադարձութիւնը տօնեն:

            Շուշան մայրիկին, հարս Անուշին, ընտանիքի հայր շինարարի որդի շինարարին, բանակ գացած Արտուշին պիտի չհանդիպիք Հիւսիսային Պողոտայի վրայ կամ այդպէս տեղեր: Անոնց բնական կեանքը  ընկուզենիի եւ եղրեւանիի շուքին կ’ընթանայ: Գիւղամիջի առուն կը թեքեն, ջրտուք կ’ընեն եւ հայրենիք կը պահեն:

            Ջրտուք բառը դադրած էր բառարանիս մաս կազմելէ: Հիմա ան արթնցուց բանաստեղծին յիշատակը, որ սպառողական ընկերութեան մէջ հեւացողներուն հացուպանիրը չէ: «Հայրենասէր տուրիստ»ները այդպիսի ժամանակավրէպ բաներով չեն զբաղիր: Բախտաւոր պարագային քաղաքականութիւն եւ ցոյց կը մեկնաբանեն: Թէեւ առանց «տուրիստ» ըլլալու այդ ընող «առաքեալ»ները, բազմաթիւ լեզուներով, ամէն տեղ են, համացանցի անսահմանութեան մէջ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles