Գրական

ԵՐԹԱԼ․․․

ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ

Կ’ուզեմ երթալ այսօր մենակ
Տեղ մը, որ դեռ չէ հնարուած․
Անորոշով ան ծրարուած
Լոյսի ծնունդը դեռ չտեսած
Ձայնի շշուկը դեռ չզգացած
Որ ծնունդն է եւ մահութիւն
Երկու եզրերը կեանք թնճուկին․․․

Ուրկէ՞ եկայ եւ ու՞ր կ՛երթամ․․․
Ես չեմ գիտեր
Անորոշէն դէպ անորո՞շ,
Անսահմանէն դէպ անսահմա՞ն,
Սկիզբէն որ միայն վերջո՞վ կը սահմանուի։

Պիտի գիտնա՞մ ինչու եկայ
֊ արդեօք եկա՞յ ֊
Արդեօք ինձմէ մաս մը «այնտեղ» դեռ չի՞ սպասեր,
Չի՞ թափառիր անորոշի մթութեան մ՝էջ․․․։

Աւաղ, երբէք պիտ՛ չգիտնամ
Որ որբացած եսէս մաս մը կը թափառի
Աշխարհիս մէջ այս մթագնած
Ինծի մօտիկ
Ինձմէ հեռու․․․

Ահա այսօր կ’ուզեմ երթալ
Մենակ․․․ մենակ
Ինձմէ՝․․․ ինծի՛։

 

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button