Նիւ Եորք․- Ամանորեայ Շքեղ Համերգ՝ Մասնակցութեամբ Հռչակաւոր Օփերայի Երգիչներու

Շաբաթ, 27 Դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 8-ին, Նիւ Եորքի հանրահռչակ «Քարնըկի Հոլ»-ին մէջ, կազմակերպութեամբ «Wintour Group International»-ին, տեղի պիտի ունենայ իւրայատուկ համերգ մը մասնակցութեամբ հանրածանօթ աստղերու, որոնց կարգին՝ Յասմիկ Գրիգորեան, Անիթա Մոնսեռա, Նատին Սիեռա, Սոնտրա Ռատվանովսքի, Թոմըս Հէմսըն եւ Պրայըն Ճեկտ։
Անոնց պիտի ընկերակցի «Ամերիքըն Սիմֆընի Օրքեսթրա»-ն, ղեկավարութեամբ Ֆրանչեսքօ Լանզիլոթայի։
Յայտագրի վրայ են օփերայի հանրածանօթ երգահաններու գործեր, որոնց կարգին՝ Ռոսսինի, Փուչինի, Վերտի, Տվորիաք, Տելիպ, Չայքովսքի եւ Պերնշթայն։
Յասմիկ Գրիգորեան դուստրն է հայ նշանաւոր թենոր Գեղամ Գրիգորեանի (1951–2016) եւ լիթուանացի սոփրանօ Իրենա Միլկեւիչութէի (ծնեալ՝ 1947)։ Յիշատակելի է, որ 1981-ին Յասմիկի ծնողները գլխաւոր դերերով հանդէս կու գային Փուչինիի «Մատամ Պաթըրֆլայ» օփերային ներկայացումով՝ Նիւ Եորքի Մեթրոփոլիթան սրահին մէջ․․․եւ այդ օրերուն Միլկեւիչութէն յղի էր Յասմիկով։
Փուչինիի այդ միեւնոյն «Մատամ Պաթըրֆլայ»-ով փայլելու սկսաւ Յասմիկ Գրիգորեանի միջազգային ասպարէզը՝ Շուէտի օփերային հետ ելոյթ ունենալով։
Կարճ ժամանակաշրջանէ մը ետք, իր անունը բարձր հնչեղութիւն ստացաւ թէ՛ համերգային, թէ՛ օփերային բեմերուն վրայ։ Եւ շարքը երկար է օփերայի իր յաջող եւ տպաւորիչ ելոյթներուն Սալզպուրկի, Վիեննայի, Միլանի, Միւնիխի, Մատրիտի եւ այլ քաղաքներու մէջ։
Համերգային բնագաւառէն ներս, ան բազմաթիւ առիթներով ներկայացուցած է Շոսթաքովիչի 14-րդ համանուագը՝ Ժընեւի, Պրեմընի եւ Ռոթերտանի մէջ, Վերտիի «Ռեքուեմ»-ը՝ Լաթվիոյ եւ Լայփցիկի մէջ, Ռիչըրտ Շթրաուսի «Չորս Վերջին Երգերը»՝ Հռոմի «Սանթա Չեչիլիա», Փալերմոյի «Թեաթրօ Մասիմօ», Փարիզի եւ Վիեննայի «Ֆիլհարմոնիք» նուագախումբերուն հետ, վենեզուելացի հանրածանօթ մաէսթրօ Կուսթաւօ Տուտամելի ղեկավարութեամբ։
Յիշատակելի է Յասմիկին ելոյթը Սալզպուրկի փառատօնին, երբ ան հռչակ սփռած մաէսթրօ Ռիքարտօ Մութթիի հետ տպաւորչ հնչեղութեամբ երգեց Պէթհովէնի իններորդ համանուագը։
Գրիգորեան ամուսնացած է օփերային բեմադրիչ Վասիլի Պարխաթովի հետ։ Ան ունի երկու զաւակ՝ մէկ որդի եւ մէկ դուստր։ Ան ունի նաեւ երեք եղբայր՝ Իրվիտաս Չեսայտիս, Վարդան Գրիգորեան (նուագախումբի ղեկավար) եւ Տիգրան Գրիգորեան։
Հուսկ, Յասմիկ Գրիգորեան միջազգային համերգային շրջագայութիւններ ալ կը կատարէ դաշնակահար Լուքաս Կենիուսիասի հետ, ներկայացնելով երգեր՝ Ռախմանինոֆէն եւ Չայքովսքիէն։
Տոմսեր կարելի գնել, հետեւեալ կայքէջէն․-
www.carnegiehall.org/Calendar/2025/12/27/Christmas-Night-Opera-Gala-0800PM

