Հրդեհներ` Ֆրեզնոյի Հայկական Գերեզմաննոցին Մէջ

0 0
Read Time:35 Second

ՖՐԵԶՆՕ.- Յունուարի կէսերէն ի վեր, Ֆրեզնոյի «Արարատ» հայկական գերեզմանատունը հրձիգի մը թիրախը դարձած է:

Հրկիզումները կատարուած են 1885-ին հիմնադրուած գերեզմաննոցի ամէնէն հին հատուածին մէջ: Կան դարպասներ եւ կամար մը, որոնք յստակօրէն կը յուշեն, թէ վայրը հայկական է: Այս նոր միջադէպը, որ պատահեցաւ Ապրիլի 24-ի՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչումներու նախօրեակին՝ կասկած կը յառաջացնէ, թէ ասիկա ատելութեան ոճիր մըն է:

«Արարատ» գերեզմանատան մէջ թաղուած է Սողոմոն Թեհլիրեան։ Անոր շիրիմին մօտ, իբրեւ յիշատակ անոր՝ յուշարձան մըն զետեղուած է։ Այնտեղ կը գտնուի նաեւ Ուիլեըմ Սարոյեանի շիրիմը։

Վնասին նախահաշիւը շուրջ 25.000 տոլար է:

Ցարդ վեց յարձակումներու պատճառով այրած են 19 հին ծառեր: Յարձակումներէն վերջինը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, Ապրիլ 12-ի գիշերը, երբ գլխաւոր մուտքի երկայնքին հրկիզուեցան 8 ծառեր եւս:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles