Միջազգային յարաբերութիւնները անհրաժեշտ են երկրի մը արտաքին բազմաբնոյթ շահերը ապահովելու համար: Այդ յարաբերութիւնները յաճախ երկկողմ են, երբեմն` բազմակողմ: Ինչ բնոյթ ալ ունենան անոնք, պէտք է հիմնուին միջազգային օրէնքներու վրայ: Իսկ ի՞նչ կը նշանակէ միջազգային օրէնք. երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն ետք, միջազգային են այն օրէնքները, որոնք կը բխին Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան համաձայնագիրէն եւ Արդարութեան միջազգային ատեանի կանոնագրութենէն: Այս երկու հիմնարար փաստաթուղթերուն վրայ հիմնուելով, Մ.Ա.Կ.-ի զանազան հիմնարկները կը մշակեն օրէնքներ եւ համաձայնագիրներ, որոնց պէտք է միանան ՄԱԿ-ի անդամ պետութիւնները: Այն բոլոր համաձայնագիրները եւ դաշինքները, երկկողմ թէ բազմակողմ, որոնք չեն յարգեր Մ.Ա.Կ.-ի հիմնադիր փաստաթուղթերը կամ չեն վաւերացուած անոր կողմէ, չեն կրնար միջազգային օրէնքին համապատասխան համարուիլ եւ ուրեմն ենթակայ են փոփոխութեան եւ վերանայման:
Անցնող շաբթուան ընթացքին Հայաստանի եւ սփիւռքի տարածքին խօսակցութիւններու եւ վերլուծումներու գլխաւոր նիւթը Հայաստան – Միացեալ Նահանգներ – Եւրոպական Միութիւն եռակողմանի բանակցութիւններն էին: Ոմանք մեծ ակնկալութիւններ ունէին այս բանակցութիւններէն, ուրիշներ կասկածներ դրսեւորեցին: Բանակցութիւնները տեղի ունեցան եւ անոնց հիմամբ յայտարարուեցաւ, որ Եւրոպական Միութիւնը եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները Հայաստանին տնտեսական օժանդակութիւն պիտի տրամադրեն յառաջիկայ հինգ տարիներու ընթացքին: Օժանդակութեան չափը համեստ է, ու ինչպէս դիտել տուին որոշ տնտեսագէտներ, անկարող է Հայաստանի տնտեսութեան մէջ տեսակարար յառաջընթաց իրականացնելու:
Տնտեսական օժանդակութեան խոստումը տեսանելի մասն է միայն կայացած բանակցութիւններուն: Յաճախ, նման հանդիպումներէ ետք չըսուածը աւելի կարեւոր է յայտարարուածէն:
Չըսուածին մասին որոշ չափով փակագիծերը կը բանայ Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութիւններու բանբեր Փեթեր Սթանոն: Սթանօ կ՛ակնկալէ, որ Հայաստանի մէջ բարեփոխումները շարունակուին, Հայաստանը քաղաքական եւ տնտեսական առումով Եւրոպական Միութեան մօտեցնելու համար: Այդ բարեփոխումները կ՛ենթադրեն. 1- ժողովրդավարական հաստատութիւններու ամրապնդում եւ բարեփոխում, 2- տնտեսական բարեփոխումներ, 3- օրէնքի գերակայութեան ամրապնդում եւ 4- փտածութեան դէմ պայքար: Այս նպատակները կրկնութիւնն են Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ իրականացած իշխանափոխութեան առաջադրանքներուն, որոնց գործադրութիւնը ցարդ աւելի յետընթաց արձանագրած է, քան` յառաջխաղացք: Մաղթենք, որ հաւաքական Արեւմուտքի մղումով իրողապէս իրականանան այս առաջադրանքները:
Ապահովական կացութեան մասին ոչ մէկ նշում եղաւ հանդիպման յաջորդած յայտարարութիւններուն մէջ: Բայց ահա, Փեթեր Սթանօ կը հաւաստիացնէ, որ Եւրոպական Միութիւնը չի պահանջեր, որ Հայաստան հրաժարի իր միւս գործընկերներէն: Այսինքն` քաղաքական կողմնորոշումը շրջելու հարց չի դներ: Այսինքն` ապահովական գետնի վրայ երաշխիքներ չի տրամադրեր: Եւրոպական Միութիւնը կ՛ընդունի, որ եթէ Հայաստանի շահերէն մեկնելով կարեւոր է, կամ լաւ է, կամ ձեռնտու է Ռուսիոյ հետ համագործակցութիւն ունենալ, կարելի է ունենալ: Այդ համագործակցութիւնը պէտք չէ հակասէ Եւրոպական Միութեան քաղաքականութեան, օրինակ` պատժամիջոցներու շրջանցումին:
Փաստօրէն Եւրոպական Միութիւնը կը յուշէ, որ պէտք չէ Հայաստան փճացնէ Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւնները, որովհետեւ ինք տրամադիր չէ զայն փոխարինելու բոլոր մարզերուն մէջ: Կողմ է միայն կսմիթներու քաղաքականութեան, բայց ոչ` ամբողջական խզումին:
Խօսակցութիւններու ընթացքին հաւանական է, որ շատ աւելի յստակ ու բացայայտ ցուցմունքներ տրուած պէտք է ըլլան: Անոնք, որոնք մեծ խանդավառութիւն կը ցուցաբերէին Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններու խզումին նախատեսութեամբ, հիմա յուսախաբ պէտք է ըլլան: Իսկ Հայաստանի իշխանութիւնները ինչպէ՞ս պիտի ձեռնարկեն կարեւոր, կամ լաւ, կամ ձեռնտու յարաբերութիւններու բարելաւման անբարեյոյս դարձած Ռուսիոյ հետ, որուն հետապնդած շահերը ներկայ պայմաններուն լոյսին տակ Հայաստանի համար նպաստաւոր չեն:
Հայաստանի իշխանութիւնները ճիգ չխնայեցին իրենց միջազգային յարաբերութիւնները խճճելու ուղղութեամբ: Եւրոպական Միութիւնը եւ անոր միջոցով հաւաքական Արեւմուտքը պատրաստ են օգնելու Հայաստանին ինքնուրոյն կերպով լուծելու քաղաքական կողմնորոշման խնդիրը, որ բարդ հաւասարութեան մը կերպարանք ստացած է արդէն:
Հայաստան իր քաղաքական կողմնորոշումը յստակացնելու պարտադրանքին ենթակայ է այժմ: Անոր անհրաժեշտ է, քաղաքական բոլոր կենդանի ուժերու միասնական ներդրումով նոր քաղաքական ուղիի մը մշակումը: Ազգային խախտուած միասնականութեան վերստեղծումը: