Լրահոս

ԱՅՍ ՏԱՐՈՒԱՆ «ՊՈՍԹԸՆ ՓՈՓՍ»-Ի ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՅԱՅՏԱԳՐԻՆ ԵԼՈՅԹ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ ՄԱՐԹԱ ԱԶՆԱՒՈՒՐԵԱՆ

 

ՊՈՍԹԸՆ.- Հայ Մշակոյթի Բարեկամներու Հիմնարկը (Friends of Armenian Culture Society) յատուկ հաղորագրութեամբ մը, կը տեղեկացնէ թէ, Չորեքշաբթի Յունիս 5-ին, 71-րդ անգամ ըլլալով պիտի նշուի «Պոսթըն Փոփս»-ի հայկական յատուկ երեկոն, հանրածանօթ «Սիմֆընի Հոլ» սրահին մէջ:

Այս տարուան արուեստագէտն է, երիտասարդ դաշնակահար Մարթա Ազնաւուրեանը, որ ուսանած եւ մասնագիտացած է Ինտիանայի եւ Պոսթընի «Նիւ Ինկլընտ Քոնսերվաթըրի» երաժշտանոցներէն ներս։

Նշենք թէ, «Պոսթըն Փոփս»ի ղեկավարն է մաէսթրօ Քիթ Լոքըրթը։

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար.- www.FACSBoston.org:

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button