ՆԻՒ ԵՈՐՔ․- ՄԵԾ ՊԱՀՔԻ ԾՐԱԳՐԻ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ՝ ԿԻՆԵՐԸ ԵՒ ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

0 0
Read Time:25 Second

Չորեքշաբթի, Մարտ 6-ին, Նիւ Եորքի Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ համատեղ կազմակերպած Մեծ Պահքի յայտագրին՝ հսկումի կարճ արարողութենէն ետք, կատարուեցաւ դասախօսութիւն։

Ուոթըրթաուի (Մասաչուսէց) Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ վարժարանի տնօրէնուհի Նայիրի Պալճեան-Պել ներկայացուց «Անհաւանական վկաները. ի՞նչ կ՚ուսուցանեն մեզի Աւետարանի կիները ղեկավարութեան մասին մերօրեայ եկեղեցւոյ մէջ» նիւթը։

Դասախօսը վեր առաւ ղեկավարութեան վեց կալուածներ ուր կիներ, ինչպէս եւ տղամարդիկ, կը ծառայեն եկեղեցւոյ, օրինակներ բերելով Նոր Կտակարանէն եւ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ ժամանակակից կեանքէն։

Դասախօսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, հովանաւորութեամբ՝ Հ․Օ․Մ․-ի «Մայր» մասնաճիւղը։

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles