ԳլխաւորԼրահոս

Հայ-Ատրպէյճանական Բանակցութիւնները Կը Շարունակուին

ՊԵՐԼԻՆ.- Հինգշաբթի, Փետրուար 29-ին, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները  աւարտեցին իրենց երկօրեայ բանակցութիւնները:

Միրզոյեանն ու Պայրամովը Գերմանիոյ մայրաքաղաքին մէջ բանակցած են հիմնականին մէջ առանց երրորդ կողմի միջնորդութեան: Չորեքշաբթի կէսօրին անոնց միացաւ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Անալենա Պերպոք, որ   գովաբանած է Պաքուն եւ Երեւանը «խիզախ եւ միեւնոյն ժամանակ դժուարին ճանապարհով դէպի խաղաղութեան համաձայնագիր ուղին բռնելու համար»:

Երեւանը հայ-Ատրպէյճանական խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրման ուղղութեամբ որեւէ լուրջ յառաջընթացի չ՛ակնարկեր:

Միրզոյեանն ու Պայրամովը դէմ առ դէմ բանակցեցան աւելի քան ութ ամսուան դադարէ ետք. նախքան այդ Պաքուն պոյքոթի կ՛ենթարկէր արեւմտեան բոլոր հարթակները:

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button