6 Փետրուար 2024-ին տեղի ունեցաւ հերթական հանդիպումը Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանի եւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի միջեւ, որուն ներկայ էր Հ.Յ.Դ. Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Արթուր Մոսիյեան:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Արցախի պետական կառոյցներու պահպանման անհրաժեշտութեան, արցախահայերու Արցախ վերադարձի եւ այլ իրաւունքներու պաշտպանութեան, Հայաստանի մէջ արցախահայերու ընկերային-տնտեսական եւ իրաւական վիճակի եւ մարդասիրական օժանդակութիւններու առնչուող հարցեր:
Արցախի Հանրապետութեան նախագահը ներկայացուց Արցախի կարգավիճակի եւ յառաջիկայ քայլերու առնչութեամբ իր պատկերացումները:
Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչը ներկայացուց Հ.Յ. Դաշնակցութեան եւ Հայ Դատի գրասենեակներուն եւ յանձնախումբերուն կատարած աշխատանքները:
Աւարտին որոշուեցաւ շարունակել հանդիպումները։
Հ.Յ.Դ. Մամլոյ Դիւան
6 Փետրուար 2024