ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ Ա.Մ․Ն․-Ի ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ՝ ՀՌՈՄԻ ՄԷՋ

0 0
Read Time:50 Second

 


Ձախէն աջ՝ Արհի. Տ. Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան, Հոգշ. Տ. Շահէ վրդ. Անանեան, Արհի. Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան, Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան, Արհի. Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեան, Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս, Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք․ Դանիէլեան։

Աղօթքի Շաբթուան փակումը Ս. Պօղոս պազիլիքին մէջ

Յունուար 22-26-ին, Հռոմի մէջ տեղի ունեցաւ Կաթողիկէ եւ Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու աստուածաբանական երկխօսութեան միջազգային միացեալ յանձնախումբի 20-րդ լիագումար նիստը, նիւթ ունենալով Աստուածամօր կերպարը եկեղեցւոյ ուսմունքին եւ կեանքին մէջ։

Ժողովին մասնակցեցան Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, զոր կը ներկայացնեն Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան, Նարեկ Արքեպիսկոպոս, Հոգշ. Տ. Աւետիք Վրդ. Տէր Կարապետեան եւ Հոգշ. Տ. Գէորգ վրդ. Գարակէօզեան։

Երեքշաբթի, Յունուար 24-ին, Հալէպի հայ կաթողիկէ Առաջնորդ Պետրոս արք. Միրիաթեանի հրաւէրով, երկու պատուիրակութիւնները այցելեցին Լեւոնեան վարժարանը, ուր տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն։

Չորեքշաբթի, 25 Յունուարին, Հռոմի Ս. Պօղոս պազիլիքին մէջ տեղի ունեցաւ Աղօթքի Շաբթուան փակումը՝ Փրանկիսկոս Պապի նախագահութեամբ, որուն հրաւիրուած էին նաեւ նիստին մասնակիցները։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
100 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles