Հայ Դատի Պատուիրակութիւն Մը Հանդիպեցաւ Քոնկրէսականներու Հետ

0 0
Read Time:1 Minute, 1 Second

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Հայ Դատը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը  հանդիպում ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տան եւ Ծերակոյտի անդամներու հետ՝ պահանջելով անոնցմէ, որ գործնական եւ կտրուկ քայլերու դիմեն Արցախի մէջ ցեղասպանութիւն իրագործած Պաքուի իշխանութիւններուն դէմ։ Պահանջուեցաւ յատուկ քայլերու ձեռնարկել, երաշխաւորելու համար Պաքուի կողմէ ապօրինի կերպով պահուող առաւել քան 80 հայ գերիներու, ներառեալ՝ քաղաքական եւ զինուորական ղեկավարներու, անյապաղ ազատ արձակումը։ Անոնք նաեւ շեշտեցին իրենց հայրենի հողէն բռնի տեղահանուած արցախահայերուն անմիջական աջակցութիւն տրամադրելու եւ անոնց վերադարձի իրաւունքը ապահովելու եւ Հայաստանի ապահովութիւնը երաշխաւորելու կարեւորութիւնը։

Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին՝ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամներ Այտա Տիմէճեան, Ծովինար Համագործեան եւ Անի Չաղլասեան, ինչպէս նաեւ Արցախի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Գէւ Իսքէճեան եւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի անձնակազմի անդամներ Թերեզա Երիմեան ու Ալեքս Կալիցքի։

Իւրաքանչիւր հանդիպումի ընթացքին, Գէւ Իսքէճեան մանրամասն տեղեկութիւններ տուաւ անցեալ տարուան ընթացքին Արցախի դիմագրաւած ճգնաժամին մասին, նկատի ունենալով, որ այդ օրերուն ան կը գտնուէր շրջափակուած Արցախի մէջ:

Հայ Դատը ներկայացնող պատուիրակութիւնը հանդիպումներ ունեցաւ ծերակուտականներ Կերի Փիթըրզի (Դեմոկրատական – Միշիկըն) եւ Էտ Մարքիի (Դեմոկրատական – Մասաչուսէց)  հետ, ինչպէս նաեւ քոնկրէսականներ Ֆրենք Փալոնի (Դեմոկրատական – Նիւ Ճըրզի), Էտըմ Շիֆի (Դեմոկրատական – Գալիֆորնիա), Մարք Լոլըրի (Հանրապետական – Նիւ Եորք),  եւ Աննա Էշուի (Դեմոկրատական – Գալիֆորնիա)  հետ:

Նշենք, թէ Յունուար 10-ին այս ներկայացուցիչներն ու ծերակուտականները հաղորդագրութիւն մը լոյս ընծայած էին քննադատելով Պաքուի ղեկավարութեան կիրարկած յարձակողական քաղաքականութիւնը։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles