ՄԱՅՐԵՆԻՔ = ՀԱՅՐԵՆԻՔ

0 0
Read Time:2 Minute, 42 Second

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

«Հայ լեզուն տունն է հայուն

աշխարհի չորս ծագերուն»

Մուշեղ Իշխան

 

Անժխտելի է ոտքերուդ տակ հայրենի հող ունենալու կենսականութիւնը։

Ըսուած է, կրկնուած է, փաստուած է ազգի մը համար կարեւորութիւնը իր հողին վրայ ապրելուն՝ զարգանալու եւ մաս կազմելու համար համամարդկային ընտանիքին։ Իր սեփական աշխարհագրական տարածքին վրայ է, որ ան՝ ազգը, իր ներդրումը կ՚ունենայ աշխարհի քաղաքակրթութեան։

Այս տեսակէտէն, ուրեմն նաեւ կարելի չէ ժխտել, թէ հողի կորուստը ժողովուրդի մը մեծագոյն աղէտն է, ցեղասպանութեան համազօր, ինչպէս՝ համրանքի՛ կորուստը, որ ցեղասպանութիւնն իսկ է, այդ ըլլայ ջարդերու թէ տեղահանութեան ճամբով։

Ահա այդ զոյգ աղէտներուն ենթարկուեցաւ հայութիւնը, ենթարկուած եղանք ազգովի՛ն՝ Արցախի բռնագրաւումով եւ արցախահայութեան բռնի տեղափոխումով։ Յամի տեառն 2023-ին մեզի հասցուած այս հարուածը, ի՛նչ ալ ըլլան անոր պատճառները, ովքե՛ր ալ ըլլան անոր յանցագործները՝ զայն կատարած ո՛ճրագործները, անոր ուժգնութիւնը պիտի զգանք երկար ժամանակ, անոր հետեւանքները պիտի կրենք ա՛լ աւելի երկար ատեն։

Սա պիտի համարուի մեր պատմութեան ամենէն դժխեմ էջերէն մէկը։

Եւ նման ճակատագրի մը հետ չհաշտուող ժողովուրդ մը պիտի անվհատ շարունակէ պայքարիլ իր արդար դատին համար։ Զէնքերը վար պիտի չդրուին։ Հայ դատը պիտի մնայ բոլորիս օրակարգին վրայ։ Պիտի մնայ աւելի հրատապ ու պարտաւորիչ։ Պիտի մնայ մեր պայքարի զոյգ ճակատներուն վրայ։

Եւ եթէ այդ ճակատներէն մէկը՝ առաջինը, մեր հայրենիքն է, որուն անվտանգութեան պահպանումն ու ամրակայումը մեր առաջնահերթ խնդիրներն են, երկրորդը, բայց ոչ նուազ կենսականը մեր մայրենիքն է՝ մեր լեզո՛ւն, որ նոյնպէս վտանգուած է ամենուրեք, որ նոյնպէս պաշտպանութեան ու ամրակայման կը կարօտի։

Մեր բազմադարեան գոյութեան հիմնաքարը մեր լեզուն է եղած, այն լեզուն, որով ապրած ենք ազատ թէ անազատ պայմաններու մէջ, ապրած ենք մեր հողին վրայ թէ անկէ դուրս, ապրած ու մեր մշակոյթն ենք ստեղծած, մեր հաւատքն ենք դաւանած, մեր ինքնութիւնն ենք կերտած։

Մեր լեզուն՝ հայերէնը, հիմքն է մեր ինքնութեան, որուն կորուստէն անդին ամեն ինչ կը դառնայ անհեթեթ, ներառեալ հողի՛ կորուստը։

Լեզուի կորուստով մեր ինքնութիւնը կ՚անհետանայ նոյնիսկ հայրենի հողին վրայ։ Եւ լեզու ըսելով պէտք է հասկնալ հայերէնը, ոչ թէ պարզապէս արեւմտահայերէնը, այլ հայերէնը իր երկու ճիւղերով՝ արեւելահայերէնն ալ  ներառեալ։

Մեր լեզուի աղաւաղումը տեսանելի է ամենուրեք։ Հայրենիքի մէջ թէ Սփիւռքի։

Ամենուրեք՝ փողոցներէն, վաճառատուներէն, ցուցանակներէն ու գովազդներէն սկսեալ մինչեւ մեր թերթերը, պատկերասփիւռն ու ձայնասփիւռը, ընկերային ցանցերը թէ մեր առօրեայ անձնական թէ հաւաքական հաղորդակցութիւնները ել-նամակներու թէ այլ հարթակներու վրայ։

Չեմ ուզեր աղաւաղում նկատել լեզուի մը բնական հոլովոյթը՝ նոր բառերով ու փոխառութիւններով, այլ օտար բառերու անհարկի ու անգիտակից ողողումը, լեզուական նուազագոյն օրէնքներու ոտնահարումն ու անտեսումը։ Բայց մանաւանդ հայերէնէն մեկին հրաժարումը։

Չենք կրնար հաշտուիլ այդ հրաժարման հետ, համակերպիլ այդ հրաժարման՝ գործնականութեան ու այլ պատրուակներով։ Մի՛ փորձէք համոզել մեզ, թէ երբ օտար մը՝ ոչ-հայախօս մը, կամ  նոյնիսկ այդպիսի հայ մը, միակը, որ ներկայ է հայկական համախմբման մը, մենք պարտաւոր ենք ի՛ր լեզուով կատարել մեր հաղորդակցութիւնները, այդ ըլլայ եկեղեցիին մէջ, տան խնջոյքի սեղանին շուրջ թէ այլուր։ Հասկնալի է քաղաքավարութիւնը, հասկանալի է մեր խօսոյթը կամ պատգամը անոր ալ մատչելի դարձնելու արդար մտահոգութիւնը, սակայն հասկնալի պիտի չըլլայ երբեք հայերէնէն ամբողջովին հրաժարիլը։

Ինչպէս հայրենի հողը մեր ոտքերուն տակէն կը սահի կ՚երթայ թիզ առ թիզ, մայրենի հողն ալ կր կորսնցնենք նոյն ձեւով։

Եւ ինչպէս հայրենի հողը կը լքենք, կը հեռանանք յաճախ կամ բացառապէս անվերադարձ, նոյնպէս կը հեռանանք մեր լեզուէն, օր մըն ալ յանկարծ անդրադառնալով, թէ… հայ չենք այլեւս։

Մինչդեռ լեզուն՝ մեր ինքնութեան պահպանման այդ միա՛կ զէնքը միշտ մեր ուսին պահած՝ մենք իրաւունքը կը պահենք հայրենի՛ք ունենալու։

Այո, մեր տունը մեր լեզուն է ամենէն առաջ։

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles