Սէնթ Փիթըրզպուրկի Մէջ Փաշինեան Եւ Ալիեւ  Քննարկեցին Խաղաղութեան Օրակարգը

0 0
Read Time:38 Second

ՍԷՆԹ ՓԻԹԸՐԶՊՈՒՐԿ․- ԱՊՀ-ին մասնակցող պետութիւններու ղեկավարներու ոչ-պաշտօնական վեհաժողովին, իր մասնակցութփիւնը բերաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, որ այս առթիւ հանդիպում մը ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները,եւրոպական միջնորդութեամբ վերջին անգամ Յուլիսին հանդիպում ունեցած էին։

Վարչապետի բանբեր Նազելի Պաղտասարեան յայտնեց, որ Հայաստանի վարչապետը եւ Ատրպէյճանի նախագահը  քննարկած են խաղաղութեան օրակարգին վերաբերող հարցեր։

«ԱՊՀ ոչ-պաշտօնական գագաթաժողովի ընթացքում տեղի են ունեցել ոչ-պաշտօնական շփումներ Հայաստանի վարչապետի եւ Ատրպէյճանի նախագահի միջեւ: Քննարկուել են խաղաղութեան օրակարգին վերաբերող հարցեր: Քննարկումները եղել են երկկողմ ձեւաչափով», ըսաւ ան։

Նշենք, թէ լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան յայտնեց, թէ խաղաղութիւնը երբեք այսքան մօտիկ չէ եղած։ Ան նշեց, որ այդ վստահութիւնը նաեւ պայմանաւորուած է Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը ճանչնալու վերաբերեալ Ատրպէյճանի ղեկավարութեան յայտարարութիւններով:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles