Առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեան Այցելեց Կրանիթ Սիթի

0 0
Read Time:49 Second

Կիրակի, Դեկտեմբեր 10-ին, Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք․ Դանիէլեան այցելեց Կրանիթ Սիթի (Իլինոյ) եւ պատարագեց տեղւոյն Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։

Յաւարտ Սուրբ Պատարագին, Սրբազան հայրը նախագահեց համայնքի 69-ամեայ տօնակատարութեան։ Եկեղեցւոյ ատենապետ՝ Սթիւ Յակոբեան, բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց եկեղեցւոյ միամեայ գործունէութիւնը։ Ապա եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Դանիէլ Քհն․ Մանճիկեան, իր շնորհակալութիւնը յայտնեց բոլոր մարմիններուն, որոնց անսակարկ օժանդակութեամբ եկեղեցին արդիւնաւէտ տարի մը ունեցած էր։ Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բարձրօրէն գնահատեց կրանիթեայ կամքը համայնքին, ուր եկեղեցւոյ մարմիններուն եւ քոյր կազմակերպութեանց միջեւ կը տիրէ համերաշխ գործակցութիւն։ Ան անդրադարձաւ Ազգային Առաջնորդարանի բոլոր եկեղեցիներու արցախահայութեան բերած նպաստին, եւ քաջալերեց որ Ամանորի մեր նուէրներու բաշխման ցանկին մէջ անպայման նկատի ունենալ արցախահայութիւնը։

Սրբազան Հայրը գնահատելով հոգեւոր հովիւին ծառայութիւնը գաղութէն ներս, Արամ Ա․ Կաթողիկոսի օրհնութեան գիրով լանջախաչ կրելու իրաւունք շնորհեց անոր։ Լանջախաչը նուիրուած էր տէր եւ տիկ. Սթիւ եւ Սիւզըն, նաեւ տէր եւ տիկ. Ճէֆրի եւ Լին Յակոբեաններու կողմէ։ Տօնախմբութիւնը իր աւարտին հասաւ «Պահպանիչ» աղօթքով եւ «Կիլիկիա» երգով։

Happy
Happy
100 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles