ԼրահոսՀայաստանՀայրենի Աշխարհ

ԵՐԵՒԱՆԻ ԿՈՆԴ ԹԱՂԱՄԱՍԸ

Լուսանկարներ՝ Իննա Մխիթարեանի

p5-11

Երեւանի կեդրոնէն ներս գտնուող Կոնդ թաղամասը, ոչ միայն քաղաքի ամենահին, այլեւ հայաբնակ թաղամասերէն մէկն է: Դարեր առաջ Երեւան-Էրեբունի կազմուած է երեք մասերէ՝ Կոնդ, Բուն քաղաք և Քարահանք: Երեւանի տնտեսութեան առիւծի բաժինը կը գտնուէր Կոնդէն ներս:

p5-2

Այս շրջանը եղած է քաղաքի ամենակենսունակ հատ-ուածը եւ անցնելով դարերու ընդմէջէն, այժմ կը նկատուի թանգարանի բնոյթ ունեցող թաղամաս: Նշելի է պարսկական թէյատունի պատը (առաջին լուսանկար):

p5-3

Այս թանգարանային թաղամասին մէջ, մարդիք այսօր ալ կը շարունակեն ապրիլ, հակառակ ստեղծուած կենցաղային վատ պայմաններուն: Դժբախտաբար Կոնդն ալ մօտիկ ապագային պիտի քանդուի, իր հետ տանելով Երեւան մայրաքաղաքի պատմութեան հետքերը:

p5-4

Հաւանաբար այս քանդումը չտեսնայ 86ամեայ Մարտունը (երկրորդ լու-սանկար), սակայն մատղաշ սերունդը…բնականաբար ականատես պիտի ըլլայ:

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button