Բռնատիրական վարչակարգ ունեցող երկիրներու իշխանութիւններուն համար յատուկ է ընդդիմութեան դէմ արշաւներ, որոնց գործադրութեան ընթացքին իշխանութիւնները միջոցներու միջեւ խտրութիւն չեն դներ, որպէսզի լռութեան մատնեն եւ չէզոքացնեն ընդդիմադիր քաղաքական եւ հասարակական գործիչներ, ինչպէս նաեւ լրագրողներ եւ լրատու աղբիւրներ ու կուսակցութիւններ, որոնք կը ջանան մատնացոյց ընել եւ լուսարձակները կեդրոնացնել իշխանութիւններուն վարած քաղաքականութեան վրայ՝ փտածութեան եւ կաշառակերութեան պարագաներու ծալքերը յայտնաբերելով։
Բռնատէրին եւ անոր ղեկավարած իշխանութիւններուն համար ընդդիմութիւնը անդամալուծելու եւ զայն մեկուսացնելու սենարիոն պարզ է։Նախ որոշ շրջան մը միայն դիտել եւ հետեւիլ, որպէսզի ընդդիմադիր քաղաքական գործիչը կամ լրատու աղբիւրը քաջալերուի՝ կեցուածքներ դրսեւորելու եւ տեղեկատուական արշաւներ կատարելու համար։Ապա ճշդուած ժամկէտին, հակաարշաւի անցնիլ,անակնկալ խուզարկութիւններ կատարել քաղաքական կուսակցութիւններու թէ հասարակական կազմակերպութիւններու եւ լրատու աղբիւրներու կեդրոնատեղիները, գրասենեակները եւ խմբագրատուները, գրաւել համակարգիչներ եւ արխիւներ, ապա հետապնդել եւ նախապէս պատրաստուած ցանկի մը վրայ գտնուող անձեր կալանաւորել, ինչպէս՝ քաղաքական գործիչներ, հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, խմբագիրներ եւ լրագրողներ, որոնք կը ջանային պարզաբանել եւ հանրութեան ուշադրութիւնը հրաւիրել եւ լուսարձակներու տակ բերել իշխանութիւններուն կատարած մարդկային իրաւունքներու խախտումները, կաշառակերութեան եւ փտածութեան պարագաները։
Այս իմաստով Ատրպէյճան կը գտնուի առաջատար դիրքերու վրայ։Հայր եւ որդի Ալիեւներու իշխանութեան ընթացքին Ատրպէյճանի մէջ միշտ եղած են քաղաքական բանտարկեալներ, որոնց քաղաքական հայեացքները տարբեր են իշխանութիւններէն։Ասիկա բաւական համոզիչ պատճառ մըն է Պաքուի ղեկավարներուն համար, որպէսզի շինծու ամբաստանութիւններով տուեալ քաղաքական դէմքը, հասարակական գործիչը կամ լրագրողը հետապնդեն, խոշտանգեն, առեւանգեն, սպառնան, կալանաւորեն եւ ձերբակալեն։ Քանի մը տեսակ ամբաստանութիւններ ունին իշխանութիւնները իրենց թղթածրարներուն մէջ։ Սեռային խայտառակութիւններ, օտար ուժերու գործակալ եւ լրտես, Ատրպէյճանի պետութեան համակարգին դէմ աշխատող ահաբեկչական բջիջներու անդամակցութիւն։
Վերջերս աւելցած է նոր տեսակի ամբաստանութիւն մը, որ իր մէջ կը պարունակէ ցեղապաշտական տարրեր։Այն մամլոյ աղբիւրը,որ օրն ի բուն չի գովերգեր Իլհամ Ալիեւը՝ արցախեան երկրորդ պատերազմին ընթացքին արձանագրուած յաղթանակին համար, կը համարուի Ատրպէյճանը ատող աղբիւր մը, որուն խմբագիրները եւ աշխատակիցները կը հետապնդուին եւ կը կալանաւորուին։
Այս ծիրին մէջ հալածանքի ենթակայ է Ապզաս Մէտիա լրատուական կայքը, որուն ղեկավար Ուլվի Հասանլի, գլխաւոր խմբագիր Սեւինճ Վագըֆգըզ եւ այս կայքին հետ գործակցող հանրային գործիչ Մոհամէտ Գեգալով ձերբակալուած եւ չորս ամսուան բանտարկութեան դատապարտուած են։Լրատուական այս կայքը իշխանամէտ լրատու աղբիւրներու կողմէ համարուած է ամերիկեան գործակալներու եւ Միացեալ Նահանգներու հաշւոյն լրտեսութիւն ընողներու բոյն մը, որ ըստ իշխանական քարոզչական մեքենային՝ ԱզԹիվի-ի,ամերիկեան լրտեսներու ցանցի մը վերածուած է։Կայքի թղթակիցներ՝ Նարկիզ Ապսալմովա եւ Սահիլա Ասլանովա ձերբակալուած են, Ապզաս Մէտիայի դէմ կատարուած հակաքարոզչութենէն ետք։ Բոլոր ձերբակալեալներուն դէմ արձակուած է ամերիկեան տոլարի մեծ գումարներ լուալու մեղադրանքներ, որոնք եթէ հաստատուին, ձերբակալեալները կրնան մինչեւ տասներկու տարի բանտարկութեան վճիռներ ստանալ։
Պաքուի իշխանութիւններուն պահանջն է, որ Ատրպէյճանի մէջ գործող լրատու բոլոր աղբիւրները գովերգեն Արցախի մէջ արձանագրուած յաջողութիւնները։Ապզաս Մէտիա կայքը սակայն լրագրական հետաքննութիւններ կատարած եւ բացայայտած է, որ Արցախի մէջ շինարարական աշխատանքներու մեծ ծրագրերու իրականացման իրաւունքը շահած են Իլհամ Ալիեւի երկու դուստրերուն՝ Արզուի եւ Լեյլայի մօտիկ անձեր։Յայտնապէս այս բացայայտումը զայրացուցած է Ալիեւեան աւազակախումբը։