Կատարեալ Հայը (Մակիչի Յիշատակին)

0 0
Read Time:3 Minute, 44 Second

Պետրոս Քհնյ. Շիթիլեան   

Սփրինկֆիլտ – Մասաչուսէց 

« Չար մարդը չի կարող իր կեանքը վտանգել:

Ես կարծում եմ բարի մարդն է,

 որ պատերազմի առջեւում է գնում:

Խօսքս ազատագրական պայքարի մասին է»:    

Մակիչ              

Ազգերը կ’ապրին իրենց հերոսներով: Ազգերը ունին ընտրուածներ, որոնք  այս կամ այն կողմ կ’առաջնորդեն ատոնց պատմութիւնը: Ինչքան ալ խօսինք ժողովուրդներու մասին, որպէս հաւաքականութիւն անոնք ամբոխներ են, մեծ մասը կը նաւարկեն ըստ քամիին: Յայտնի խօսք մը կայ, որ «ազգը պիտի փնտռես իր տասը տոկոսին մէջ»:  Մանաւանդ մեր պարագային, քանի որ մեր բնութեամբ աւելի անհատական մտածողութեան ազգ ենք եւ ո’չ հաւաքական, նման տասը տոկոսին դերը աւելի կարեւորութիւն կը ստանայ: Ահա այդ տասը տոկոսին կարեւոր ներկայացուցիչներէն մէկուն մենք կորսնցուցինք վերջերս քաղցկեղի պատճառով:

Մակիչը՝ Մկրտիչ Մկրտիչեանը յայտնի էր որպէս ազգային-յեղափոխական երգերու մեկնաբանող, նաեւ որպէս ազատամարտիկ: Ան 1962-ի Թալինի շրջանի ծնունդ էր՝ Սասունցի ընտանիք է որուն նախնիները Մեծ Եղեռնէն վերապրածներ էին, ան որպէս Հ․Յ․Դ․-ի անդամ մասնակցած էր Արցախի 1990-ական եւ 2020-ի պատերազմերուն, և վերջինիս ընթացքին ծանր վիրաւորուած ամիսներով գամուելով անկողինին մէջ: Կ’արժէ յիշել որ 2020-ին Մակիչը ընտանիքի տէր էր երեք անչաբահաս զաւակներով և չնայած այս հանգամանքին վազեց ճակատ: Ան յաճախ հրաւիրուած էր համերգներով Սփիւռքի տարբեր գաղութներուն կողմէ, նաեւ Ամերիկայի Արեւմտեան կողմը ու դիւրութեամբ մշտականապէս կրնար հաստատուիլ Ամերիկայի մէջ, բայց իրեն նմաններուն նման ան այդ մէկը չըրաւ, չլքեց հայրենիքը: Արդե՞օք պիտի փրկուեր, եթէ մնար ու դառնալով Ամերիկայի քաղաքացի կարելիութիւնը ունենար օգտուելու Ամերիկայի բժշկական համակարգէն: Ինչո՞ւ այս հարցադրումը կ’ընեմ: Պատճառը այն է, որ Մակիչը իր բուժման համար նիւթական օգնութեան կարիքը ունէր: Հոս արդար հարցում մը կը ծագի: Ի՞նչ ազգ է այս որ իր հերոսներուն հոգ տանիլ չի գիտեր: Երբ հարցուցի իրեն այդ մասին, ըսաւ թէ պետութենէն թոշակ կը ստանայ առանց այլ օգնութեան մասին յիշատակելու: Արդեօ՞ք Սփիւռքի մէջ չկային կառոյցներ, որոնք այդ մէկը կրնային ընել: Այս մէկը մեզի յատուկ հակասութիւններէն մէկն է:  Արդեօ՞ք նման ընթացքով փաստացիօրէն չենք ըսեր Մակիչին եւ նմաններուն, թէ աւելի լաւ է որ Հայրենիքը լքեն:

Անոր ծանօթացած եմ 1980-ականներուն Երեւանի մէջ ուսման տարիներուս «Ռոմանոս Մելիքեան» անուան երաժշտական ուսումնարանին մէջ: Նոյն տարիներուն միասին նաև Սբ. Էջմիածնի Մայր Տաճառի երգչախումբին մէջ երգած ենք: Դարձանք ընկերներ: Կրնար նաեւ օփերային երգիչ դառնալ, բայց ո՛չ, ան ընտրեց ազգային երգերու երգիչ ըլլալու ճամբան: Գնաց ճակատ այն սկզբնական մտադրութեամբ, որ երգելով պիտի ոգեշնչէր մարտիկներուն, բայց շատ արագ ինքը մարտիկ դարձաւ ու եղաւ հերոս: Իրեն կը կոչէի. «Իմ հերոս ընկեր»:

Զօրաւոր էր նաեւ հոգեպէս, երբեք-երբեք իր մէջը յուսահատութեան նշոյլը չկար, անգամ վերջին տարիներուն՝ 2020-էն ետք: Անընդհատ կ’ըսէր. «Աւելի լաւ լինելու համար պէտք է աւելի վատ լինի»: Նկատի ունէր մեր ազգային նկարագիրը, երբ կ’արթննանք եթէ այլեւս ուրիշ ճառ չկայ, երբ «դանակը ոսկորին կը հասնի»: Փաշինեանին նկատմամբ սկիզբը դրական կարծիք ուներ, բայց ետքը փոխուեցաւ ժխտականի: Բայց նաեւ աւելի քննադական էր հիներուն հանդէպ միշտ անոնց տականքներ կոչելով:

Մակիչին մասին խօսելու ժամանակ անկարելի է բաժնել անոր ազգային ու մարդկային արժանիքները: Վերը մէջբերուած իր խօսքը, իր էութիւնը ցոյց կու տայ ու կարեւոր ճշմարտութիւն մը կը բացայայտէ:  Շատ քիչերէն է, որոնց կրնայի կատարելապէս վստահիլ առանց ոչ մէկ վերապահումներու: Ոչ թէ  միայն ինծի համար, այլ բոլորին ալ դիւրութեամբ վստահութիւն կը ներշնչեր: Թափանցիկ էր ու անաչառ: Բարիին բարի կ’ըսէր ու չարին չար, ոչ թէ միայն վստահելի մարդոց ներկայութեամբ, այլ՝  բարձրաձայնօրէն: Ինծի ծանօթ են քանի մը դէպքեր, երբ իրմէ բարձր դիրք ունեցող ու իրենցմէ կախում ունեցողներու հետ վիճաբանած էր ու բացայայտօրէն անոնց երեսին ըսած էր ճշմարտութիւնը:

Անցեալ տարի Հայաստան այցելեցի Սեպտեմբեր 13-ի Ջերմուկի վրայ յարձակումէն անմիջապէս երք: Հիւանդութիւնը սկզբնական հանգրուանին մէջն էր ու կրցանք քանի մը անգամ հանդիպիլ: Ետքը, Ամերիկա վերադառնալէս ետք,  մշտական կապի մէջ էի իր հետ ու Սուրբ Պատարագի ընթացքին հիւանդներու աղօթքի ցանկին վրան առաջինը իր անունն էր: Մահացաւ: Բայց արդե՞օք նմաննները կը մեռնին: Նմանները, որոնք առանց ոչ մէկ հաշիւի ու ակնկալութեան, միայն ու միայն հայրենասիրութենէ դրդուած ու ոևէ ժամանակ կը վազեն ճակատ:  Նմաններու պատճառով է  որ ազգը կը գոյատեւէ ու կը փրկուի: Նմանները Պարոյր Սեւակի արտայայտութեամբ այն «խենթեր»-ն են որոնք. « Երբ չի մնում ելք ու ճառ, գտնում են հնար,» : Նմաններուն պատճառով է, որ ցեղին հանդէպ յոյսը չի կորիր ու հաւատքը կը վերականգնուի ամենէն յուսահատական պահերուն անգամ, ինչպէս որ էր 2020-ի պատերազմը: Շատ կարեւոր հանգամանք մըն է,  որ նմաններուն թիւը քիչ չէ Հայաստանի մէջ: Չնայած մեր դժուար պատմութեան ու աշխարագրական դիրքին ամենաանբարենպաստ պայմաններուն, նմաններուն ու մեր մշակոյթին երախտապարտներուն կը պարտինք մեր գոյութիւնը: Մակիչը վստահ էր ու փաստերով գիտեր որ Շուշիին անկումը դաւաճանութեան հետեւանք էր ու ծրագրուած էր Ռուսիոյ կողմէ: Մէկ խօսքով Մակիչը ԿԱՏԱՐԵԱԼ ՀԱՅն էր, մէկը որուն կեանքին առաջնութիւնը բացարձակապէս հայրենիքն էր :

Իմ սիրելի ու հերոս ընկեր, հողը թող թեթեւ ըլլայ քու վրադ ու ինչպէս որ խոստացուած է քեզի նմաններուն, մեր հերոսներուն հետ արժանանաս երկնային արքայութեան փառքին:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
100 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles