ԼՈՆՏՈՆԻ ՀԱՅԱՀՈԾ ԻԼԻՆԿ ՇՐՋԱՆԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ ՃԱՆՉՑԱՒ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

0 0
Read Time:52 Second

Մեծն Բրիտանիոյ մայրաքաղաք Լոնտոնէն հասած յատուկ հաղորդագրութեամբ մը, կը տեղեկանանք թէ Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 14-ին, շրջանի հայաշատ թաղամասերէն Իլինկի Քաղաքապետարանը, ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Բանաձեւը քուէարկութեան ներկայացուած էր, քաղաքապետարանի աշխատաւորական կուսակցութեան մեծամասնութիւնը կազմող անդամներու կողմէ որոնց շարքին է նաեւ, հայազգի Արա Իսքէնտէրեանը: Ան նաեւ ունեցաւ իր կարեւոր դերակատարութիւնը այս առթիւ, շարունակ հետապնդելով եւ ճնշում բանեցնելով, որ հարցը քննուի:

Քուէարկութեան որպէս դիտորդ, ներկայ էին նաեւ գաղութի համայնքային եւ Եկեղեցական Խորհուրդի նախագահ՝ պրն Արա Փալամուտեան եւ շրջանի Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ Սեւան Արթին, որոնց համատեղ ջանքերով կարելի եղաւ երկար ժամանակէ ի վեր սպասուած այս որոշումը իրականացնել:

Այս որոշումով կարելի եղաւ նաեւ ճշդել Եղեռնին նուիրուած, Հայաստանէն բերուած ու արդէն Իլինկ թաղամասի մէկ հրապարակին մէջ ծիլ առած, Ծիրանի Յուշածառին տակ զետեղուելիք գրութեան բնագիրը որ Ապրիլ 2009-ին, մետասաներորդ պահուն արգիլուեցաւ այդ օրերուն քաղաքապետարանի թրքամէտ պաշտօնեաներուն ճնշումներուն դիմաց, տեղի տալով: Նշենք թէ սոյն բնագիրին մէջ, յստակօրէն յիշուած է Ցեղասպանութիւն բառը:

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, այցելել Մեծն Բրիտանիոյ Հայ Դատի գրասենեակի կայքէջը.-

Armenian Natonal Commitee of the United Kingdom

info@ancuk.org

Suite 535, 56 Gloucester Road, London SW7 4UB

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles