Լրահոս

Մ.Ա.Կ.-ի մօտ Հ.Հ. դեսպանատան հետ գործակցաբար.- ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ Ա.Մ.Ն.-Ի «ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ»Ի ԿՈՉԸ՝ ՆԱԽԻՋԵՒԱՆԻ ԽԱՉՔԱՐԵՐՈՒ ՍՐԲԱՊՂԾՄԱՆ 5-ԱՄԵԱԿԻ ԱՌԹԻՒ

Արեւելեան Ա.Մ.Ն.-ի «Համազգային»ը, յատուկ բողոքի նամակ մը յղած է Միացեալ Ազգերու 170 պատուիրակութիւններուն, Նախիջեւանի մէջ, կատարուած խաչքարերու սրբապղծման հնգամեակին առթիւ:

Դեկտեմբեր 9, 2010-ի թուականին պատրաստուած այս նամակը, գործակցութեամբ Մ.Ա.Կ.-ի մօտ Հ.Հ. մնայուն դեսպան՝ Կարէն Նազարեանի, նաեւ կ°ընդգրկէ գրքոյկ (90 էջերէ բաղկացած, երկլեզու՝ անգլերէն եւ ֆրանսերէն )մը, որուն մէջ մանրամասնօրէն կը նկարագրուին խաչքարերու պատմականնն ու անոնց մշակութային կարեւորութիւնը:

Նամակին մէջ, կը բացատրուի թէ պատմական Հայաստանի հին եւ հռչակաւոր քաղաքներէն է Ջուղան, որ կը գտնուէր Մեծ Հայքի Սիւնիք նահանգի Երնջակ գաւառի՝ Արաքս գետի ձախ ափին, խոր կիրճի մէջ: Հայ մատենագրութեան մէջ արդէն 5-րդ դարուն Ջուղան՝ իբրեւ աւան: Այնուհետեւ պատմական զանազան իրադարձութիւններու առնչութեամբ քաղաքը բազմիցս կը յիշատակուի հայ եւ օտար աղբիւրներու մէջ. Ջուղան ունեցած է նշանաւոր գրչատուներ, ուր ստեղծուած են ձեռագիրներ: Ատոնցմէ մեզի ամէնէն կանուխ հասածը 1286 թուականն է: Դարերու ընթացքին քաղաքը ունեցած է իր զարգացման քանի մը շրջանները: Անոնցմէ վերջինը, որ սկիզբ առած է 15-րդ դարու սկիզբներէն, պայմանաւորուած եղած է Անիի կործանումէն ետք Անիի բնակիչներու մէկ մասին Ջուղա հաստատուելու հանգամանքով:

Անցնող քանի մը տարիներուն բազմաթիւ ահազանգեր հնչած են Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ՝ ի փրկութիւն Ջուղայի հայկական գերեզմանոցի, նոյնիսկ «Եունեսքօ»ն ջանքեր գործադրած է՝ կասեցնելու աննախադէպ այս բարբարոսութիւնը, սակայն, ինչպէս փաստուեցաւ, քաղաքակիրթ մարդկութիւնը առայժմ ի զօրու չէ փակելու թուրք պետութեան անցնելիք վայրագ ճանապարհը:

Հայաստանի «մեծակրօն մայրաքաղաք». եւ «պարծանք հայոց ազգիս» Ջուղան թուրքերու եւ այլ արշաւողներու դարերով մշակուած ծրագիրը այլեւս իրականութիւն է՝ Ջուղայի պատմագիտական արժէք ունեցող գերեզմանոցն այլեւս գոյութիւն չունի: Եզակի արժէք ունեցող հազարաւոր խաչքարեր այլեւս լուսանկարներու մէջ են, որ ցոյց կու տան իրենց անկրկնելի հմայքն ու իւրայատկուիւնը:

Նամակը կ’եզրակացնէ թէ Ջուղայի խաչքարերու ջարդն ու փոշիացումը շարունակութիւնն է թրքական ծանօթ քաղաքականութեան: Պատմութեան ընթացքին թուրքերը բազմիցս մահ ու աւեր սփռած են հայկական հողերուն վրայ:

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button