Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Հ.Մ.Ը.Մ.-ի 46-րդ Շրջանային Ներկայացուցչական ժողով

0 0
Read Time:3 Minute, 25 Second

Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու 46-րդ Շրջանային Ներկայացուցչական Ժողովը տեղի ունեցաւ Հոկտեմբեր 20-էն 22-ի շաբաթավերջին, Ուաշինկթընի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ:

Շրջանային ժողովը իր տեսակին մէջ իւրայատուկ էր, նկատի ունենալով համա-հայկական տիրող ճնշիչ պայմանները, Արցախի կորուստը եւ հարիւր հազար անտուն հայրենակիցներու հարցը, Հայաստանի սպառնացող ներքին թէ արտաքին ահաւոր վտանգները, ըլլան անոնք մշակութային, ընկերային, դաւանական, թէ հանրապետութեան սահմաններու, սփիւռքի Հայապահպանման ամէնօրեայ մարտահրաւէրները:

Վերոնշեալ մթնոլորտին մէջ ժողովականները Հ.Մ.Ը.Մ.-ականի վայել աւելի գօտեպնդուած քննեցին ժողովի զանազան օրակարգերը:

Ժողովին ներկայ էին Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Սարգիս Աւագ Քահանայ Ագթաւուգեան, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Քոյր Լիոնի Սարմազեան, Հ.Յ.Դ. Արեւելեան Ա․Մ.Ն. Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Մարալ Աբրահամեան, Հ.Օ.Մ.-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Լուսին Յովհաննէսեան, «Համազգային»-ի ներկայացուցիչ Ալին Պաղտասարեան, Հ.Ե.Դ.-ի կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Յարութ Թաշեան, միութեան ընթացաւարտ շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Վիգէն Խաչատուրեան եւ անդամները, շրջանային Սկաուտական Խորհուրդի ներկայացուցիչ Լոռի Փիլիպոսեան, շրջանային Մարզական Յանձնախումբի ներկայացուցիչ Արի Մինասեան, շրջանային հանրային յարաբերութեան եւ արհեստագիտական տեղեկատուական յանձնախումբի ներկայացուցիչ Արամ Գայսերեան, շրջանի եօթ մասնաճիւղերէն (Նիւ Եորք, Նիւ Ճըրզի, Շիգակօ, Ուաշինկթըն, Պոսթըն, Տիթրոյթ եւ Փրովիտենս), եւ մէկ միաւորէն (Մէրրիմէք Հովիտ) 33 լիազօր ներկայացուցիչներ եւ 9 հրաւիրեալներ:

Ժողովի պաշտօնական բացումը կատարեց ընթացաւարտ շրջանային վարչութեան ատենապետ Վիգէն Խաչատուրեանը։ Ժողովականները երգեցին Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Յառաջ Նահատակ» քայլերգը ապա մէկ վայրկեան յոտԸնկայս լռութեամբ յարգեցին յիշատակը Արցախեան գոյապայքարի նահատակներուն ու Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ընտանիքէն առհաւէտ բաժնուած քոյրեր ու եղբայրներուն յիշատակները:

Ընտրուեցաւ առժամեայ դիւան, եւ լիազօրագիրերու ստուգման յանձնախումբ: Ժողովի օրինականութիւնը հաստատելէն ետք, ժողովը ընտրեց մնայուն դիւան, ատենապետներ Արամ Գայսերեան եւ Շանթ Ժամկոչեան, ատենադպիրներ Կալին Թաշեան եւ Մկրտիչ Արսլանեան: Ժողովի օրակարգը հաստատելէ ետք ընտրուեցան բանաձեւի, քուէախոյզ, արխիւային եւ նախահաշիւի (պիւտճէի) յանձնախումբեր:

Յարակից միութիւններու ներկայացուցիչները փոխանցեցին իրենց ուղերձները, Հ.Յ.Դ. կեդրոնական կոմիտէի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան պատգամները: Ապա, Տէր Հօր սրտի խօսքէն եւ տէրունական աղօթքէն ետք, իր աւարտին հասաւ ժողովի պաշտօնական բացումը: Ժողովը լսեց մասնաճիւղերուն եւ միաւորին երկամեայ տեղեկագիրները, ապա կատարուեցան  լուսաբանական հարցումներ:

Ներկայացուեցաւ ընթացաւարտ վարչութեան նիւթաբարոյական երկամեայ զեկոյցը։ Կատարուեցան լուսաբանական հարցումներ, որոնց սպառիչ կերպով պատասխանեց վարչութիւնը: Ժողովը նաեւ լսեց արխիւային եւ հաշուեքննիչ յանձնախումբերուն զեկոյցները, որոնցմէ ետք մանրամասն քննարկեց ընթացաւարտ վարչութեան երկամեայ գործունէութիւնը եւ աւարտին զայն բանաձեւեց գնահատելի:

Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան շրջանը կը հաշուէ հազար անդամ (մարզիկ եւ/կամ սկաուտ), ունի տաս մասնաճիւղ եւ երկու միաւոր։  2022-ին Պոսթընի մասնաճիւղին հիւրընկալած 30-րդ Նաւասարդեան մարզական խաղերուն մասնակցած են 450 մարզիկներ (նաեւ 35 մարզիկներ Գանատայի շրջանէն)։ 2023-ի Նիւ Ճրզիի մասնաճիւղին հիւրընկալած 31-րդ Նաւասարդեան խաղերուն մասնակցած են 470 մարզիկներ (նաեւ 25 մարզիկներ Գանատայի շրջանէն): 2022-ին, Հայաստանի մէջ կատարուած Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական մարզախաղերուն, շրջանը մասնակցած է 16 մարզիկներով: 2022-ին Նիւ Ճրզիի մասնաճիւղի հիւրընկալութեամբ 32-րդ Շրջանային Սկաուտական Բանակումին մասնակցած են 115 սկաուտներ, 2023-ին հիւրընկալութեամբ Փրովիտենսի մասնաճիւղին 33-րդ Շրջանային Սկաուտական Բանակումին մասնակցած են 80 սկաուտներ: 2023-ին Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական Սկաուտական Բանակումին մասնակցած են 51 սկաուտներ որոնք նախապատրաստական երեք սեմինարներու մասնակցած են:

2022-ին Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական միջ-շրջանային դիւաններու խորհրդաժողովին Լիբանանի մէջ Շրջանային Վարչութիւնը մասնակցած է երկու ներկայացուցիչներով: 2023-ին Կիպրոս տեղի ունեցած Հ.Մ.Ը.Մ.-ի 2-րդ Երիտասարդական Համագումարին շրջանը մասնակցած է երկու ներկայացուցիչներով: Հ.Մ.Ը.Մ.-ի 13-րդ պատգամաւորական Ժողովին Հայաստանի մէջ շրջանը մասնակցած է չորս պատգամաւորներով: Շրջանի գործունէութիւնը վերաորակաւորելու նպատակով կազմակերպուած են զանազան առցանցային խորհրդաժողովներ: Շրջանը մասնակցած է համա-հայկական հանգանակութիւններու, հրատարակած է տարեկան օրացոյցներ: Շրջանի գործունէութիւնները մնայուն ներկայութիւն ունեցած են Հայրենիք եւ «Armenian Weekly» շաբաթաթերթերուն, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ՄԱՐԶԻԿ պաշտօնաթերթին եւ ընկերային լրատուական զանազան հարթակներու մէջ:

Հ.Մ.Ը.Մ.-ի 2-րդ երիտասարդական համագումարին շրջանը ներկայացուցած երկու անդամներէն մէկը՝ Լիլիան Եուսէֆեան ժողովին զեկուցեց համագումարի մասին եւ ներկաներուն հարցումներուն պատասխանեց:

Ապա, քննարկուեցան միութեան մարզական, սկաուտական եւ ընդհանուր ներքին կանոնագիրներու բարեփոխումներու առաջարկները: Յառաջիկայ երկամեային համար քննարկուեցան մարզական, սկաուտական, քարոզչական, երիտասարդական զանազան առաջարկներ եւ որդեգրեցին համապատասխան բանաձեւեր: Ժողովը ընտրեց հաշուեքննիչ յանձնախումբը եւ որդեգրեց երկամեայ իր նախահաշիւը:

Ժողովը ընտրեց Շրջանային Վարչութիւնը հետեւեալ եօթ անդամներով.- Վիգէն Խաչատուրեան, Կալին Թաշեան, Նիկոլ Քէoրքիւնեան, Վահէ Անտոնեան, Քրիս Գրիգորեան,  Ռազմիկ Փանոսեան, Յակոբ Չաթալեան։

Աւարտին իրենց պատգամներով հանդէս եկան Հ.Յ.Դ. կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը, Ժողովի Դիւանը եւ Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչը:

Ժողովը փակուեցաւ «Յառաջ Նահատակ» քայլերգով:

Happy
Happy
100 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles