ՓՏԱԾՈՒԹԵԱՆ ԿՂԶԵԱԿԸ՝ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ

0 0
Read Time:2 Minute, 28 Second

 Ա.Ա.

Իլհամ Ալիեւի իշխանութեան հասնելէն ետք, Ատրպէյճան շատ արագ յայտնուեցաւ կաշառակերութեան եւ փտածութեան կասկածներու հիմամբ հետաքննութիւններ կատարող լրագրողներու եւ միջազգային մարմիններու ուշադրութեան կեդրոնը, որովհետեւ Իլհամ եւ Մեհրիպան Ալիեւներու երեք զաւակներուն անուններուն կապուած Անգլիոյ եւ այլ երկիրներու մէջ ունեցուածքներուն թիւը տարուէ տարի կը բարձրանար, մինչ Օֆ Շորային ընկերութիւններու մէջ շահաբաժինները կը կուտակուէին Արզուի, Լէյլայի եւ Հայտարի մօտիկ անձնաւորութիւններու դրամատնային հաշիւներուն մէջ։

Կաշառակերութիւնն ու փտածութիւնը Ատրպէյճանի պետութեան տարբեր կառոյցներուն մէջ այնքան տարածուած եւ արմատացած է, որ եւրոպացի հետաքննիչ լրագրողներ, Փտածութեան Դէմ Պայքարի «Թրասփարընսի Ինթըրնեշընըլ» կազմակերպութիւնը, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Խորհրդարանի Խորհրդարանական Վեհաժողովի տարբեր կառոյցները իրենց ամբողջական ուշադրութեան առարկային վերածած են Ատրպէյճանի տխրահռչակ Ձկնկիթի Դիւանագիտութեան զոհ գացած եւրոպացի  բազմաթիւ խորհրդարանականներ, որոնք Ատրպէյճանի մարդկային իրաւունքներու մարզին մէջ արձանագրուող ահաւոր ճնշումներն ու ոտնակոխումները ջրելու միտումով՝ եւրոպական բազմաթիւ մարմիններու մէջ թունդ ատրպէյճանամէտ «պաշտպան փաստաբան»ներ էին, ստապատիր վկայութիւններով եւ նենգափոխուած տեղեկութիւններով զինուած լոպպիիսթներու վերածուելով։ Նման սպանացի, հունգարացի, պելճիքացի եւ գերմանացի խորհրդարանականներ իրենց «առաքելութիւն»-ը կատարելու համար հազարաւոր եւրոյի հասնող գումարներ, ոսկեղէն եւ այլ թանկարժէք նուէրներ ստացած են տարբեր դրամատուներու միջոցով լուացուած միլիոնաւոր եւրոյի եւ տոլարի հաշիւներէ, որոնց ընդհանուր գումարը միլիառ տոլարը անցած է։

Ատրպէյճանական պետական մակարդակի փտածութեան այլ օրինակ մըն է Ալիեւներու եւ անոնց մօտիկ շրջապատին մէջ գտնուող անձերու պատկանող ընկերութիւններու կողմէ պետական տուրքեր չվճարուելու իրողութիւնը, որ գիտակցաբար կը թաքնուի Ատրպէյճանի հարկային իշխանութիւններուն կողմէ, որոնց յառաջացուցած հարկերու գրանցման մատեանին մէջ գոյութիւն չունին Արզու եւ Լէյլա Ալիեւաներու պատկանող բազմաթիւ ընկերութիւններու անունները։ Ասիկա ցայտուն ցուցանիշ մըն է, որ այդ ընկերութիւնները երկար տարիներէ ի վեր տուրքերէ զերծ կը գործեն՝ միլիոնաւոր տոլարներու հասնող գումարներ իւրացնելով, պարզապէս որովհետեւ Իլհամ Ալիեւի դուստրերուն կամ անոնց մօտիկ անձերու պատկանող ընկերութիւններ են։ Նման փտածութեան պարագաներու մասին յաճախ կը խօսուի Հետաքննիչ Լրագրողներու Համաշխարհային Կազմակերպութեան անդամ լրագրողներու կողմէ հետաքննուած եւ հաստատ տեղեկութիւններու հիման վրայ պատրաստուած տեղեկագիրներու մէջ, որոնք բնականաբար ատրպէյճանական պետական հաստատութիւններու եւ մարմիններու կողմէ կամ ամբողջութեամբ կ՛անտեսուին, կամ, լաւագոյն պարագային՝ կը հերքուին նենգափոխուած տեղեկութիւններու հոսքով։

Լէյլա եւ Արզու Ալիեւաներու պատկանած ընկերութիւններու խումբին՝ «Փաշա Հոլտինկ»-ին կապուած փտածութեան գայթակղութեան նորագոյն պատմութիւնները հրապարակուեցան վերջերս, երբ հետաքննիչ լրագրողներ ջանացին յայտնաբերել «Փաշա Հոլտինկ»-ին հովանիին տակ գործող ընկերութիւններու կողմէ վճարուած տուրքերու ընդհանուր գումարը։ Ասիկա կարելի չեղաւ յայտնաբերել, որովհետեւ հետաքննութիւնները ցոյց տուին,որ պետական արտօնագրերով գործող բազմաթիւ ընկերութիւններ, ինչպէս՝ «Պլես Էլ Էլ Սի», «Այտիյըլ Պիզնիս Քամփընի», «Փրայմ Էսթեյց, «Եուրօ Սթենտըրտ», «Քալինա Քլովան» եւ այլ բազմաթիւ ընկերութիւններ գրանցուած ըլլալով հանդերձ պետական տուրք չեն վճարեր։ Այս ընկերութիւնները կամ Արզուի եւ Լէյլայի, կամ ալ անոնց մօտիկ անձերու կը պատկանին։ Հետաքրքրականը այն է, որ բոլոր ընկերութիւններն ալ արձանագրուած են նոյն հասցէին՝ Նեֆթճիլէր Պողոտայ, թիւ 153։ Այս հասցէին գրանցուած է նաեւ Փաշա Հոլտինկի կեդրոնական գրասենեակը։  Իսկ շէնքը կը պատկանի Փորթ Պաքու Փաշա Հոլտինկ-ին։Աւելին՝ այս հասցէին գրանցուած ընկերութիւններէն մէկուն կը պատկանի Փաշա դրամատան բաժնետոմսերուն ութսուն հինգ առ հարիւրը։Իսկ դրամատան երկու կառավարիչները Արզու եւ Լէյլա Ալիեւաներն են։

Փտածութեան դէմ պայքարի «Թրանսփարընսի Ինթըրնեշընըլ» կազմակերպութեան կողմէ Ատրպէյճան կը գտնուի 157-րդ դիրքի վրայ հարիւր ութսուն երկիրներէ բաղկացած ցանկին վրայ, ինչ որ կը նշանակէ, թէ Ատրպէյճանի մէջ փտածութիւնն ու կաշառակերութիւնը համատարած է։ Սակայն շատ յստակ է, որ փտածութեան բարձր ցուցանիշ ունեցող Ատրպէյճան միջազգային դերակատարներու համար աւելի ծանր կը կշռէ քան արդարութիւնը։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles