Հ.Յ.Դ. »Սեպուհ« կոմիտէութիւնը իր ընկերներով եւ հաւատարիմ համակիրներով, տօնախմբեց Հ.Յ.Դ.ևի 120-ամեակը Շաբաթ, Դեկտ. 4, 2010ին երեկոյեան ժամը 7:00ին Ս. Խաչ եկեղեցւոյ »Քէշիշեան« սրահէն ներս: Ներկայութեամբ՝ Ուաշինկթընի Հ.Հ. Մեծարգոյ դեսպան պրն. Թաթուլ Մարգարեանի, Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցիչ՝ Ռոպերթ Աւետիսեան եւ դեսպանատան կազմը: Ս. Խաչ եկեղեցւոյ հովիւ արժանապատիւ Տ. Սարգիս Ագթաւուգեանի, Հ.Յ.Դ. »Շիրակեան« Կ.Կ.ի անդամ ընկ. Յովսէփ Աւագեանի, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային Վարչութեան անդամ եղբ. Յովիկ Աբգարեանի եւ 175 ներկաներու:
Բարի գալուստի խօսք արտասանեց Հ.Յ.Դ. »Սեպուհ« կոմիտէութեան հերթապահ՝ ընկ. Վաչէ Աբգարեան, ուր անդրադարձաւ հաւատարիմ համակիրներու զօրակցութիւնը կոմիտէութեան զանազան ձեռնարկներու յաջողութեան« հայ ժողովուրդի աննահանջ պայքարի իրենց ցուցաբերած պահանջատիրութեան« յատկապէս նեցուկ կանգնելով Հայ Դատի աշխատանքներուն: Ապա, հրաւիրեց օրուան բանախօսը ընկ. Յովսէփ Աւագեանին: Ընկ. Յովսէփ »Մենք Անկեղծ Զինուոր ենք« խորագրով՝ հակիրճ պատմականը փոխանցեց Հ.Յ.Դ.ի հիմնարկումէն եւ անոր ազատագրական պայքարի« փայլուն« իրար յաջորդող յաղթականները, Սասնոյ ապստամբութենէն մինչեւ Պանքը Օթոման ու Խանասոր ու մինչեւ 22 Մայիս եւ աշխարհասփիւռ ցրուած հայերի տէր ու պաշտպան: Ու կրկին վերադարձ նորանկախ Հայաստանին 1991ին: Ընկ. Աւագեանը եզրափակեց իր խօսքը կրկին »Մենք Անկեղծ Զինուոր ենք հայ ժողովուրդին հետ Հայաստանի վերելքին համար«:
Ապա հրաւիրուեցաւ Հ.Հ. Դեսպանը, որ իր կարգին վեր բարձրացուց Հ.Յ.Դ.-ի 120-ամեակ՝ հայանպաստ ու հայրենիքի ծառայութեան բազում զոհաբերութեան եւ յատկապէս անդուլ յետապնդող Հայ Դատի աշխատանքներուն եւ շնորհաւորեց բոլորին այս տօնին առթիւ:
Օրուան Յեղափոխական երգերու մեկնաբան պրն. Շահէ Աքայեան« երգեհոնի վրայ պրն. Վիգէն Տէտէեան եւ թմբուկի վրայ պրն. Գօգօ Թաթարեան »Մեր Հայրենիք« եւ »Մշակ Բանուոր« սոյն քայլերգներէն ետք ճոխացուցին ներկաները ռազմաևյեղափոխական երգերով: Այս առթիւ պատրաստուած գրքոյկներ բաժնուեցան բոլորին:
Տօնակատարութիւնը փակուեցաւ »Արիւնոտ Դրօշ« երգով:
Թղթակից