ՍՈՒՐԲ ՆԵՐՍԷՍ ՇՆՈՐՀԱԼԻ ԵՒ ԿԻԼԻԿԵԱՆ ՎԱՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ

0 0
Read Time:1 Minute, 9 Second

Հոկտեմբեր 19-22-ին, Մխիթարեան Միաբանութեան Վենետիկի մայրավանքէն ներս տեղի ունեցաւ միջազգային գիտաժողով, նուիրուած՝ Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի վախճանման 850-ամեակին։ Սոյն գիտաժողովին Մխիթարեան Վարդապետներու կողքին իրենց մասնակցութիւնը բերին մասնագէտներ, որոնք ժամանած էին Հայաստանէն եւ Եւրոպայի զանազան երկիրներէն։

Գիտաժողովի բացումը կատարեց կազմակերպիչ յանձնախումբի նախագահ Հ. Սերոբ վրդ. Չամուրլեան, որ իր բարի գալուստի խօսքին մէջ նախ յիշեց Արցախ աշխարհն ու Հայաստանի մերօրեայ դժուարին իրավիճակը ու ապա գիտաժողովի ընթացքն ու ներկայացումները։։ Գիտաժողովի ընթացքին դասախօսութիւններ կատարուեցան հոգեկանութեան, երաժշտութեան, եկեղեցական պատմութեան եւ բանասիրութեան մասին։ Գիտաժողովի օրերուն ներկայացուեցան 18 մասնագիտական նիւթեր, որոնք պիտի հրատարակուին Բազմավէպ 2023-ի, 3-4 Բացառիկ հատորին մէջ, նուիրուած՝ Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետին։

Բացման օրակարգով՝ Հ. Մեսրոպ վրդ. Սիւլահեան ընթերցեց՝ Արեւելեան Եկեղեցիներու վարչութեան նախագահ Գարտինալ Քլաուտիօ Կուճերոթիի շնորհաւորական նամակը յղուած գիտաժողովին։ Երախտագիտութիւն յայտնուեցաւ բոլոր զեկուցողներուն, բարերարներուն եւ հաստատութիւններուն, ինչպէս նաեւ կազմակերպչական աշխատանքներուն մասնակից անհատներուն, որոնց շնորհիւ կարելի եղաւ իրականացնել այս ամբողջ գիտաժողովը։

Այդ օրերուն, բացումը կատարուեցաւ Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի գործերու Մխիթարեան հրատարակութիւններու ցուցադրութեան եւ «Հաւատով խոստովանիմը գոյներու լեզուով» արուեստագէտ Վազգէն Բրուտեանի նկարչական ցուցահանդէսին։

Ուրբաթ երեկոյեան, Մխիթարեան հայրերու երգեցողութեամբ, ներկայացուեցաւ Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի շարականները Սուրբ Ղազար վանքի աւանդական երգեցողութեամբ։ Իսկ Շաբաթ երեկոյեան, որպէս միջազգային աղօթք խաղաղութեան համար՝ «Հաւատով խոստովանիմ»ը 24 տուները 24 լեզուներով ներկայացուցին Վենետիկի Մէսդրէ քաղաքի Ճուզէփփէ Փարինի Դպրոցական Հիմնարկի, Քա Ֆոսքարի Համալսարանի եւ Մխիթարեան մեծ ընտանիքի զաւակները։

Կիրակի, Հոկտեմբեր 22-ին, միջազգային գիտաժողովի պաշտօնական փակումը կատարուեցաւ ձայնաւոր Սուրբ Պատարագով, որու երգեցողութիւնը կատարեց «Էտտէս» խումբը՝ ղեկավարութեամբ Ճուսթին Ռափաչոլիի։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles