ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ՝ Հ.Օ.Մ.-Ի ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ 73-ՐԴ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ

0 0
Read Time:2 Minute, 10 Second

 

Հայ Օգնութեան Միութեան Համահայկական 73-րդ Պատգամաւորական ժողովը տեղի ունեցաւ 16-20 Հոկտեմբերին, Հայաստան։

Ժողովին մասնակցեցան միութեան 12 շրջաններէ 41 պատգամաւորներ, 16 մեկուսիներէ 10 պատգամաւորներ, Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան ընթացաւարտ կազմը՝ 11 անդամներ, 11 հիւրեր՝ Արցախէն եւ շրջաններէն, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Րաֆֆի Տօնապետեան եւ Համազգայինի ներկայացուցիչներ (փոխն ի փոխ)՝ Արտաշէս Շահպազեան եւ Տիգրան Պապիկեան, 66 ունկնդիրներ եւ 5 անձնակազմ։

Պատգամաւորական ժողովը մանրամասն քննութեան ենթարկեց Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան բազմաճիւղ եւ բազում տագնապներով լի՝ 2019-2023 քառամեակի գործունէութիւնը եւ յոյժ գնահատելի նկատեց կատարուած աշխատանքները, յատկապէս այն առումով, որ անոնք ի գործ դրուեցան անբնական պայմաններու մէջ եւ հայութեան համար ճակատագրական փուլի։

Ժողովը լայնօրէն անդրադարձաւ միութեան յարաբերական, նիւթական, կրթական, խնամատարական, առողջապահական, կազմակերպչական եւ քարոզչական ծրագիրներուն, լուսարձակի տակ առաւ հրատապ հարցերը եւ համապատասխան առաջարկներով ու որոշումներով քայլեր առաջադրեց անոնց շարունակութիւնը երաշխաւորելու եւ յաւելեալ թափ տալու։

Հ.Օ.Մ.-ի Համահայկական 73-րդ պատգամաւորական ժողովին քննարկումներու, ծրագրաւորումներու եւ մտահոգութեան առանցքը Արցախն ու իրենց հայրենի հողէն բռնի տեղահանուած արցախահայութիւնն էր։ Արդարեւ, համապարփակ կերպով խօսուեցաւ անոնց ծով կարիքներուն մասին, հաստատուեցաւ կարելի ամէն ձեւերով եւ միջոցներով բազում տագնապներու դէմ յանդիման կանգնած Արցախի մեր քոյր-եղբայրներուն նեցուկ կանգնելու հրամայականը, ներկայացուեցան ցարդ ձեռնարկուած օժանդակութեան տարբեր ծրագիրները եւ իբրեւ գործնական քայլ տեղւոյն վրայ կատարուեցաւ արցախահայութեան նուիրուած հանգանակութիւն, որուն ընթացքին ցարդ գոյացաւ մօտաւորապէս 500 հազար ամերիկեան տոլար միաւորներէն եւ անդամներէն։

Յատկանշական էր, որ Արցախի Հ.Օ.Մ.-ականները իրենց վկայութիւններով ժողովը իրազեկ դարձուցին Արցախէն բռնի տեղահանման եւ ներկայիս Հայաստանի տարբեր շրջաններուն մէջ տարածուած ժողովուրդին ունեցած դժուարութիւններուն մասին։ Ժողովականները մանրամասն կերպով ծանօթացան Հ.Օ.Մ.-ի Ախուրեանի «Մօր եւ մանկան առողջապահական կեդրոն»-ին ծաւալած կարեւոր աշխատանքին, մատուցած առանցքային ծառայութիւններուն, արձանագրած յաջողութիւններուն եւ ներկայ մարտահրաւէրներուն, որոնց կարգին հիմնական է կեդրոնի ընդարձակումը, որուն նպատակով ալ կրկին տեղւոյն վրայ կատարուեցաւ հանգանակութիւն, որուն հասոյթը կազմեց 60 հազար ամերիկեան տոլար, որպէսզի առկայ դժուարութիւններու շրջանցումին կարելի ըլլայ շարունակել կեդրոնի գործունէութիւնը։

Վերահաստատուեցաւ արդէն իսկ որդեգրուած ծրագիրները շարունակելու, աւելի ընդարձակելու հրամայականը։ Լիբանանահայութեան եւ Սուրիահայութեան ապրած տագնապալի կացութիւնը անմասն չմնաց ուշադրութենէն ժողովականներուն, որոնք լսեցին հայութեան կարեւոր զարկերակը հանդիսացող այդ գաղութներուն դժուարութիւններուն ու կարիքներուն մասին, կատարեցին համապատասխան քննարկումներ՝ անոնց նեցուկ կանգնելու ձեւերուն վերաբերող։

Իր հնգօրեայ աշխատանքներուն աւարտին, Ընդհանուր ժողովը ընտրեց 2023-2027 քառամեակի Հ.Օ.Մ.-ի նոր Կեդրոնական վարչութիւնը՝ հետեւեալ կազմով.-

Արուսեակ Մելքոնեան (Արեւմտեան Ա․Մ․Ն․) – Ատենապետ

Թալին Տաղլեան (Արեւելեան Ա․Մ․Ն․) – Փոխատենապետ

Նայիրի Պալանեան (Արեւելեան Ա․Մ․Ն․) – Քարտուղար

Անի Քէշիշեան (Արեւմտեան Ա․Մ․Ն․) – Գանձապահ

Իրմա Գասապեան (Արեւելան Ա․Մ․Ն․) – Հաշուապահ

Ժարմէն Միրզախանեան (Արեւմտեան Ա․Մ․Ն․) -Խորհրդական

Արմինէ Կարապետեան (Քանատա) – Խորհրդական

Զոյա Քոչարեան (Հայաստան) – Խորհրդական

Սիրան Ամպարճեան (Միջին Արեւելք-Սուրիա) –Խորհրդական

Լիզա Չալըգեան-Ժիլիպէր (Եւրոպա-Ֆրանսա) -Խորհրդական

Նորա Սեւակեան (Աւստրալիա) – Խորհրդական

21 Հոկտեմբեր, 2023

ԴԻՒԱՆ Հ.Օ.Մ.-Ի ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ 73-ՐԴ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ

Happy
Happy
100 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles