Ի Զօրակցութիւն Արցախի՝ Հանրահաւաք Երեւանի Մէջ 

0 0
Read Time:2 Minute, 1 Second

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 2-ին, «Ազատութիւն» հրապարակին վրայ Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան 32-ամեակին առիթով տեղի ունեցաւ ընդդիմութեան հանրահաւաքը, որ կը կրէր «Էս. Օ. Էս. Արցախ» կարգախօսը: Հանրահաւաքի մեկնարկին` Հայաստանի ու Արցախի պետական օրհներգերէն ետք Շուշան Պետրոսեան կատարեց «Երազի իմ երկիր հայրենի» երգը: Տէրունական աղօթք կատարեց եւ օրհնութեան խօսք ուղղեց Տաւուշի թեմի առաջնորդ Բագրատ Արք. Գալստանեան:

«Կ՛ուզեմ ամբողջ սրտովս, որդիական սիրով ու խոնարհութեամբ ձեզ բոլորիդ, իմ հոգեւոր եղբայրներուս հետ միասին, բերել Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի` Գարեգին Բ. հայրապետի օրհնութիւնը, սէրը, ողջոյնը, քաջալերանքը, աղօթքը մեր ամբողջ կեանքի վերելքներուն ու յաղթանակներուն համար: Վեհափառի օրհնութիւնը, ողջոյններն ու սէրը ձեզի` սիրելի, իմ շատ սիրելի ժողովուրդ: Ես յաղթեցի աշխարհին. այս խօսքերը հնչեցին մեր Տիրոջ կողմէ այն ժամանակ, երբ իր շուրջ տրտմութիւն էր, կասկած, յուսահատութիւն, ուրացում, անորոշութիւն, վախ` պատուած միայնութեան եւ լքուածութեան զգացումով: Առջեւը տառապանք կար ու խաչելութիւն, մարդկային միտքի համար անհասկնալի ու անընդունելի, սակայն այդ է յաղթանակի ու յարութեան ճանապարհը: Եւ նոյնինքն այս մթնոլորտին մէջ կը հնչէ տէրունական պատգամը: Աշխարհի մէջ դուք նեղութիւն պիտի կրէք, բայց քաջալերուեցէ՛ք, որովհետեւ ես յաղթեցի աշխարհին: Այս անվերջանալի պատգամը կը հնչէ նաեւ այսօր», շեշտեց Սրբազանը:

Նշենք, որ հանրահաւաքին ներկայ էին նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ եւ երրորդ նախագահներ Ռոպերթ Քոչարեանը եւ Սերժ Սարգսեանը:

Ելոյթներ ունեցան «Հայաքուէ» նախաձեռնութեան համակարգող Աւետիք Չալապեան, «Բաբոն տէր ա» նախաձեռնութիւնը, 44-օրեայ պատերազմին ընթացքին զոհուած Վաչագան Մանուկեանի հայրը` գրող Խաչիկ Մանուկեան, քաղաքագէտ Թեւան Պօղոսեան, 44-օրեայ պատերազմին ընթացքին զոհուած Յակոբ Ռոստոմեանի հայրը` Արա Ռոստոմեան, շուշեցի Նարէ Սիմոնեան, «Մայր Հայաստան» դաշինքի առաջնորդ Անդրանիկ Թեւանեան, Ազգային ժողովի «Պատիւ ունեմ» խմբակցութեան քարտուղար Տիգրան Աբրահամեան, Ղարաբաղեան շարժման ակունքներուն մէջ կանգնած, Ղարաբաղ կոմիտէի ղեկավար Վազգէն Մանուկեան, Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան, որ ըսաւ․ «Այսօր հայ ժողովուրդը աշխարհի տարբեր կողմերուն մէջ միջազգային հանրութեան, մեր բարեկամ, դաշնակից երկիրներուն ու մեր թշնամիներուն շատ յստակ եւ ուղիղ կ՛ըսէ` Հայաստանի իշխանութիւններուն մէջտեղ բերած յանձնուելու օրակարգը հայ ժողովուրդի օրակարգը չէ, հայ ժողովուրդը կը մերժէ այդ օրակարգը եւ պատրաստ է շարունակելու պայքարը իր հայրենիքին համար։ Սա մէկ հոգիի, մէկ անձի որոշելիքը չէ, սա արժանապատուութեան, մինչեւ վերջ երթալու պայքար է, մեր յաջորդ հանդիպումը շատ պիտի չուշանայ, Արցախը երբեք Ատրպէյճանի կազմին մէջ պիտի չըլլայ: Չհիասթափուի՛լ, չյուսահատի՛լ, չլռե՛լ եւ երթալ մինչեւ վերջ։ Այս հանրահաւաքը հերթական հանրահաւաք չէ, այլ ունի առաքելութիւն»: Ան աւելցուց, թէ յաջորդ հանրահաւաքը պիտի չուշանայ, նշեց, որ իշխանափոխութեան հասնելու շուրջ ընդդիմադիր դաշտին մէջ աշխուժ քննարկումներ կ՛ընթանան:

Տեսաուղերձով հանրահաւաքի մասնակիցներուն իր ողջոյնի խօսքը ուղղեց Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեան:

Հանրահաւաքը վերջ գտաւ Շուշան Պետրոսեանի հանրայայտ «Արցախ» երգի կատարումով:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles