«Համազգային»-ի 95-ամեակին Առթիւ Սէրուժ Գրաճեանի Յիշատակելի Ելոյթը

0 0
Read Time:2 Minute, 20 Second

«Համազգային»-ի 95-ամեակին առթիւ, կազմակերպութեամբ Լիբանանի շրջանային վարչութեան, Շաբաթ, Մարտ 18-ին, ելոյթ ունեցաւ լիբանանահայ եւ այժմ Քանատաբնակ, միջազգային դաշնակահար եւ յօրինող Սէրուժ Գրաճեան` ընկերակցութեամբ իր նուագախումբին, որուն մաս կը կազմէին հայրենի տաղանդաւոր արուեստագէտներ Արամ Ասատրեան` ջութակ, Եւա Գէորգեան` թաւջութակ եւ Արամ Գալստեան` թմբուկ եւ փող:

Սէրուժ Գրաճեան մեկնաբանեց զանազան կտորներ, սկսելով «Տէնսինկ ուիթ մէտնէս», որ, իր իսկ վկայութեամբ, գրած էր Պսակափեւ ժահրի օրերուն, որովհետեւ ճնշուած էր տիրող մթնոլորտէն եւ յօրինած էր այս կտորը` այն յոյսով, որ այդ ժամանակները բնաւ չեն վերադառնար: Դաշնակահարը յայտագրի ընթացքին մերթ ընդ մերթ մէջբերումներ կատարելով յայտնեց, որ իրեն համար շատ հաճելի է վերադառնալ իր ծննդավայրը` Լիբանան, որմէ հեռացած է 13 տարեկանին, եւ որ սակայն միշտ մնացած է իր սրտին եւ հոգիին մէջ:

Ան մեկնաբանեց դաշնակի վրայ իր նուագած առաջին երգը`  «Սարի սիրուն եար»-ը, ապա  լիբանանցի տիվա Ֆէյրուզէն կտոր մը, ապա «Կորուստ եւ պայքար»-ը, որ գրած էր արցախեան 44-օրեայ պատերազմի աւարտին, երբ դժուար օրեր կ՛անցընէինք եւ ինք անձնապէս կորսնցուց իր ընկերը` նահատակ Քրիստափոր Արթինը, որուն նուիրեց այդ ստեղծագործութիւնը:

Սէրուժ Գրաճեան յայտնեց, որ Պէյրութի օդակայանէն անմիջապէս ուղղուած էր Անթիլիասի մայրավանք, ուր առաջին քայլերը առած էր  Մարտիկեան վարժարանին մէջ` իբրեւ մանկապարտէզի աշակերտ, եւ մայրավանքի աստիճանները եղած են սկիզբը իր հայասիրութեան եւ ազգասիրութեան: Ան ըսաւ, որ ծնած է հայ ժողովուրդին համար ճակատագրական  օր մը` 24 Ապրիլին, եւ այդ պատճառով ծնողքը զինք կոչած են Սէրուժ` սէր ու ուժ, եւ որովհետեւ այդ օրը ծնած էր` արդէն իսկ իր ճակատագիրը վճռուած էր. պէտք է շատ սիրէր իր ազգը եւ պէտք է շատ սիրէր իր հայրենիքը: Երաժիշտը աւելցուց, որ Լեւոն Շանթ եւ Աղբալեան խորհրդանիշներն են «Համազգային»-ին, սակայն իբրեւ երաժիշտ, իրեն համար «Համազգային»-ը Բարսեղ Կանաչեանն է, եւ մեկնաբանեց իր մանկութիւնը յիշեցնող Բ. Կանաչեանի յօրինումներէն  երեք երգեր` «Մենք մանուկներ հայոց ազգին», «Խաղաղ գիշեր է, գեղեցիկ ու զով» եւ «Ծնկըլը մնկըլը»: Հանդիսատեսները յուզումով մասնակից դարձան երաժշտութեան եւ, իրենց մանկութեան յուշերը թարմացնելով, երգեցին այդ երգերը: Ապա ան մեկնաբանեց Առնօ Պապաճանեանի «Նօքթիւրն»-ը եւ Ռապիհ Ապու Խալիլի «Արապիըն ուոլզ» երաժշտական կտորները: Շարունակելով համերգը` Գրաճեան ըսաւ, որ աշխարհի վրայ չկայ երգիչ մը, որ երգած է սիրոյ մասին Շարլ Ազնաւուրէն աւելի, որ հայերուն համար դարձած էր հայր, մեծ հայր, հօրեղբայր, եւ այս իրականութենէն մեկնած մեկնաբանեց Ազնաւուրի «Սա Ժէօնէս» եւ «Լէօ տէօ կիթառ» երգերը:

Այնուհետեւ Գրաճեան բեմ հրաւիրեց լիբանանահայ երգչուհի Կասիա Շատարեւեանը, որ մեկնաբանեց «Տուն իմ հայրենի» եւ «Երազ իմ երկիր հայրենի» երգերը, ապա Գրաճեան նուագեց «Սարի աղջիկ», «Զարթիր Լաօ», «Ղափամա»: Համերգը եզրափակուեցաւ Անտրէ Սիմոնեանի եւ Եւա Գրիգորեանի մեկնաբանութեամբ «Կիլիկիա» մաղթերգով:

Գրաճեան եւ իրեն ընկերակցող արուեստագէտները սքանչելի կատարումներով գրաւեցին սիրտն ու հոգին հանդիսատեսին, որ ամբողջ երկու ժամ, առանց աչքերը թարթելու հետեւեցաւ յայտագիրին, երգեց, յուզուեցաւ, ծափահարեց երկար եւ դարձեալ տեսնուելու համոզումով հրաժեշտ տուաւ Սէրուժ Գրաճեանին:

Այս համերգին հասոյթը տրամադրուեցաւ գեղարուեստի դպրոցներու «Սան որդեգրելու ֆոնտ»-ին:

Այս ձեռնարկի յաջողութեան սատարած ու զօրակցած էին Միացեալ Նահանգներու արեւելեան եւ արեւմտեան թեմերու եւ Քանատայի առաջնորդները, Հ․Բ․Ը․Մ․-ը եւ «Համազգային»-ի բարեկամներ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles