Վարդանանց Տօնակատարութիւնը Պաթոն Ռուժի Մէջ

0 0
Read Time:4 Minute, 46 Second

1572 երկարաձիգ տարիներ շարունակ հայ ժողովուրդը ոգեկոչած է Վարդանանց հերոսամարտի, հայոց անմահանուն սպարապետ Վարդան Մամիկոնեանի, իր քաջամարտիկ զինակիցներուն եւ վկայեալ հոգեւորականներուն անթառամ յիշատակը: Դարերու հոլովոյթին մէջ ժամանակը չէ կրցած բնաւ զայն ենթարկել մոռացութեան քայքայիչ իր օրէնքին, չէ յաջողած հայութեան հաւաքական գիտակցութեան մէջ աղօտել շողարձակ փայլքը անոր, ընդհակառակը, տարուէ տարի առաւել եւս շատցած է այս տօնին հմայքը, որովհետեւ ան սոսկ անցեալի էջերուն մէջ աւարտուն եւ անկենդան պատմութիւն մը չէ, այլ ներկային մէջ միշտ իր խօսուն պատգամով վերանորոգ իրականութիւն մըն է` քրիստոնէական հաւատքի ինքնութեան պահպանութեան, ուխտի միաբանութեան հանդէպ հաւատարմութեան, հայրենիքի եւ ազգային արժէքներու պաշտպանութեան համար:

Հայրենիքէն հազարաւոր մղոններով հեռու վայրերու մէջ հայկական հին ու նոր գաղթօճախներ երբ կը հիմնեն եկեղեցի ու դպրոց, ազգային-եկեղեցական տօներու ծիրին մէջ պարտականութեան ամենանուիրական զգացումով կը նշեն Վարդանանց հերոսամարտին յիշատակը «Սրբոց Վարդանանց զօրավարացն մերոց, հազար երեսուն եւ վեց վկայիցն, որք կատարեցան ի մեծի պատերազմին» անունով:

Ահաւասիկ, այսպիսի կրօնաբոյր զգացումներով եւ ազգային վառ գիտակցութեամբ Լուիզիանայի հայութիւնը այս տարի առաջին անգամ ըլլալով Պաթոն Ռուժի Սուրբ Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ ոգեկոչեց Վարդանանց տօնը: Արդարեւ, կիրակի, 12 փետրուար 2023 թուականին, արդէն առաւօտեան ժամերուն տեղւոյն համայնքի անդամները եւ յարակից հայաբնակ շրջաններէն` Նիւ Օրլինզ, Լա Փլաս, Մոպիլ-Ալապամա եւ այլ քաղաքներէն, ժամանած էին Պաթոն Ռուժ` մասնակցելու համար սուրբ պատարագի արարողութեան եւ Վարդանանց յիշատակին ձօնուած տօնակատարութեան: Օրուան պատարագիչն էր Միքայէլ քհնյ. Տէվէճեանը: Արարողութիւնը հոգեպարար եւ վեհացնող էր անտարակոյս: Նկատելի էր, որ հայաշունչ համայնքի անդամները յաճախ ձեռնամած կը հետեւէին սրբազան արարողութեան, իսկ շարականներու երգեցողութեան հոգեթով ազդեցութիւնը ջերմեռանդ տպաւորութիւն մը կու տար անոնց դէմքերուն:

Օրուան պատգամաբերն էր Զուիցերիայէն հիւրաբար ժամանած դոկտ. Աբէլ քհնյ. Մանուկեանը, որ նախորդող օրը եկեղեցւոյ երգչախումբի անդամներուն սորվեցուցած էր Ս. Ներսէս Շնորհալիի Վարդանանց յիշատակին ձօնած «Նորահրաշ պսակաւոր» շարականին երգեցողութիւնը: Արդարեւ, յաւարտ սուրբ պատարագի, եկեղեցւոյ դպրաց դասը գեղեցկօրէն երգեց Վարդանանց շարականը: Հուսկ, խօսք առաւ օրուան բանախօսը` սկսելով իր ելոյթը Վարդանանց հերոսամարտի պատմութիւնը ոգեղինած Եղիշէ վարդապետի դիւցազներգութենէն` «Մահ ոչ իմացեալ մահ է, մահ իմացեալ անմահութիւն է» բնաբանով: Ան քանի մը հանգրուաններով ներկայացուց Վարդանանց պատմութիւնը` նշելով բախտորոշ երեք իրադարձութիւններ, որոնք տեղի ունեցան հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ` Դ. եւ Ե. դարերուն: Առաջինը 301 թուականին Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան պետական կրօն հռչակումն էր, որ միանգամայն նոր ուղղութիւն եւ զարգացում մը տուաւ հայութեան ազգային, քաղաքական եւ մշակութային կեանքին: Երկրորդը 406 թուականին Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի հայոց գիրերու գիւտն էր, որուն շնորհիւ օտարալեզու եւ իր եկեղեցական արարողութիւններով ժողովուրդին անհաղորդ քրիստոնէութիւնը միանգամայն հայացաւ եւ այնուհետեւ Աւետարանի լոյսով շաղախեց ամբողջ հայ մշակոյթը: Երրորդը 451 թուականի Վարդանանց պատերազմն էր, որ հայոց պատմութեան մէջ հանդիսացաւ անկիւնադարձային նշանակութիւն ունեցող դարակազմիկ եղելութիւն մը: Այսպէս, հայ ժողովուրդը արեան մկրտութեամբ իր կեանքին մէջ ընդմիշտ ամրագրեց քրիստոնէութիւնը` անոր տալով համօրէն ազգային նկարագիր մը` «Վասն Յիսուսի, վասն հայրենեաց» կարգախօսով:

Ներկաները մեծ ուշադրութեամբ ու հաճոյքով կը հետեւէին Վարդանանց պատերազմի փուլերուն, որոնք կուռ եւ ժողովուրդին մատչելի լեզուով կը նկարագրէր բանախօսը` յաջորդաբար ներկայացնելով Միհրներսեհ հազարապետին անունով Յազկերտ Բ.-ի հրովարտակը` ուղղուած հայոց մեծամեծներուն` հրաժարելու քրիստոնէութենէն եւ փոխարէնը ընդունելու զրադաշտական կրօնը: 449 թուականին Արտաշատի մէջ կը գումարուի ազգային-եկեղեցական ժողով մը, ուր հայ եկեղեցական ներկայացուցիչներն ու սպարապետ Վարդան Մամիկոնեանի կողմնակիցները Յազկերտ Բ.-ին կը յղեն պատասխան նամակ մը, որուն մէջ վճռորոշ կը յայտարարեն, թէ հայեր քաղաքականօրէն պարսկական կողմնորոշումէ անջատուելու ծրագիր չունին եւ պիտի շարունակեն հաւատարիմ մնալ անոր, սակայն կրօնափոխութեան պահանջը ամենեւին կապ չունի քաղաքականութեան հետ, այլ, թէկուզ ենթակայ` պարսկական իշխանութեան, այսուամենայնիւ իրենք ազատ պէտք է մնան իրենց կրօնական համոզումներուն եւ հաւատալիքներուն մէջ: Սոյնը այնքան կայացած իրողութիւն մըն է հայոց մէջ, որ անոնք իրենց հաւատքի մասին խրոխտ վկայութիւն մը տալով, կ’ընդդիմանան Յազկերտ Բ.-ի` յայտարարելով. «Այս հաւատքէն ո՛չ ոք կրնայ մեզ խախտել, ո՛չ հրեշտակները եւ ո՛չ մարդիկ, ո՛չ սուրը, ո՛չ հուրը եւ ո՛չ ալ ջուրը, ահաւասիկ, մենք պատրաստ ենք, քեզմէ` տանջանք, մեզմէ` համբերութիւն, քու սուրդ եւ մեր պարանոցները»:

Այս ընդդիմախօսութիւնը ինքնին պատերազմական կեցուածք մը կը նախադրէ: Յաջորդական դէպքերու զարգացումը` Տիզբոնի մէջ հայ նախարարներու առերես կրօնափոխութիւնը, Հայաստան վերադառնալէ ետք անոնց ըմբոստացումը եւ ռազմական գործողութիւններու նախապատրաստութիւնը հոն կ’առաջնորդեն, որ Վարդան Մամիկոնեան իր 66 հազար աշխարհազօրային ուժերով կը գտնուի Մուշկան Նիւսալավուրտ զօրավարի հրամանատարութեան տակ գտնուող պարսկական 100.000-ոց կանոնաւոր զօրքաբանակի մը դէմ յանդիման: Վայրը Վասպուրական աշխարհի Արտազ գաւառն է, Տղմուտ գետի ափին` Աւարայրի դաշտը: Յուզիչ է ռազմաճակատի նախորդող գիշերը Շաւարշանայ դաշտին մէջ հայոց զօրաբանակին միաբանութեան ուխտի նկարագրութիւնը հացի եւ գինւոյ փրկարար խորհուրդին շուրջ եւ իր քաջ նիզակակիցներուն ուղղած Վարդան Մամիկոնեանի սրտառուչ ճառը, որ ինքնին քրիստոնէական հաւատքի վկայութեան փայլուն էջ մըն է: Վարդան կ’իյնայ եւ իրեն հետ նաեւ` իր քաջ նիզակակիցներէն հազար երեսուն եւ վեց վկաներ: Ճակատամարտը կ’աւարտի հայոց պարտութեամբ, բայց` ոչ պատերազմը, այլ ան կը շարունակուի հրոսակային-հայդուկային կռիւներով` մինչեւ Վահան Մամիկոնեանի ձեռք բերած յաղթանակը: Արդարեւ, Վահանեանք կը յաջողին 484 թուականին Նուարսակի պայմանագրով ստիպելու պարսկական արքունիքին` ընդունիլ հայ ժողովուրդի ներքին կեանքի ինքնուրոյնութիւնը` հրաժարելով միաժամանակ զայն կրօնափոխ ընելու ապարդիւն ծրագրէն:

Պատմութեան փոթորիկները չեն կրցած խորտակել հայ ժողովուրդի դիմադրողականութեան ոգին, ոչ իսկ ճակատագրի դաժան հարուածները յաջողած են ընկճել անոր ազատաբաղձ ձգտումները: Պետականութեան երազն անոր պայծառ մնացած է դարերու գալարումներուն մէջ:

«Վարդանանց ոգին մեզի կը պատգամէ,- եզրակացուց դոկտ. Աբէլ քհնյ. Մանուկեան,- հաւատարիմ մնալ մեր հայրերու միաբանութեան ուխտին եւ անկոտրում պահել մեր ազգային դիմադրողականութեան ոգին: Թէկուզ ամենադժնդակ մարտահրաւէրներուն դէմ պէտք է ազգովին բռունցքաւորուինք, յաղթութեան դափնիներով պսակել կարենալու համար մեր հայկազուն ցեղի եւ Վարդանանց ուխտի ժառանգորդներուս արդար գոյապայքարը»:

Վարդանանց տօնահանդէսը հուսկ շարունակուեցաւ Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ, ուր սիրոյ սեղանի շուրջ երգուեցան «Ազնիւ ընկեր», «Լռեց, ամպերը», «Հիմի էլ լռենք» եւ այլ Վարդանանց երգեր: Եկեղեցւոյ Ծխական խորհուրդի ատենապետ տիար Վազգէն Քալթագճեան սրտանց շնորհաւորեց Վարդանանց տօնին առթիւ իրենց անուանակոչութիւնը նշող բոլոր ազգայինները: Ան յայտարարեց, թէ այնքան ներշնչող ու ազդեցիկ էր համայնքին մէջ առաջին անգամ կազմակերպուած Վարդանանց տօնակատարութիւնը, որ այսուհետեւ ցանկալի պիտի ըլլայ զայն ամէն տարի նշել` հաւատքին հուրը երիտասարդ սերունդի սրտին, նաեւ հայութեան արդար իրաւունքներու իրականացման հասնելու ձգտումը Լուիզիանայի հայ համայնքի հաւաքական գիտակցութեան մէջ վառ պահելու համար:

Համայնքի անդամները եւ հեռու տեղերէ ժամանած հիւրերը մինչեւ ուշ կէսօրէ ետք տակաւին կը յամենային եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ ու կը վայելէին հայաբոյր միջավայրը: Անոնք լիացած եւ, ստոյգ, պահ մը աւելի ոգեշնչուած հայեցի ապրումներով վերադարձան իրենց վայրերը:

ՆԵՐԿԱՅ ՄԸ

Պաթոն Ռուժ, 12 Փետրուար 2023

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles