Ծ․Խ․- Հալէպը ցնցած երկրաշարժին եւ Միջերկրական ծովու արեւելեան ափերը հարուածող յետցնցումները ապրող սուրիահայութեան եւ յատկապէս Հալէպի պարզած իրավիճակին մասին «Հայրենիք» յատուկ հարցազրոյց մը ունեցաւ Բերիոյ թեմի առաջնորդ Մակար եպս. Աշգարեանի հետ։ Հարցազրոյցը վարեց՝ ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ
Հ.- Ի՞նչ կացութիւն կը պարզէ այսօր Սուրիոյ հայ գաղութին, յատկապէս հալէպահայութեան վիճակը։
Պ.- Հալէպի մէջ տիրող կացութիւնը շատ բարդ է ու վատ։ Կարծէք թէ երկրաշարժը եկաւ եւ արդէն իսկ տիրող դժբախտութիւնը ամբողջացուց։ Անցնող 12 տարիներուն ընթացքին Սուրիան արդէն բաւական ծանր վերիվայրումներու մէջ է, պատերազմի թէժ գօտի է։ Երկիրը բոլոր ազգերուն կողմէ թիրախ է, կը դիմագրաւէ բազմաթիւ պատժամիջոցներ, դժուարութիւններ, նեղութիւն, տառապանք։ Երկիրը մնայուն կերպով կը ռմբակոծուի, աւեր է ամենուրէք, վիճակը անորոշ է եւ կը դիմագրաւէ քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային ծանր պայմաններ։ Անգործութեան համեմատութիւնը բարձր է, վառելանիւթի եւ ելեկտրականութեան տագնապները հետզհետէ աւելի կը սրին։
Այս վիճակին մէջ էին արդէն Սուրիոյ քաղաքացիներն ու սուրիահայութիւնը, յատկապէս հալէպահայութիւնը։ Այս բոլոր տագնապներուն դէմ պայքարող ժողովուրդը արդէն կը տնքար իր ցաւերով, երբ այս երկրաշարժը հարուածեց եւ զանոնք շատ աւելի ծանր վիճակի մատնեց։
Այս իմաստով կը հաստատենք, որ վիճակը ծանր է, կը տիրեն դժուարին պայմաններ։ Պատերազմի պատճառով իւրաքանչիւր փողոցի մէջ քարուքանդ վիճակ է, իսկ շէնքերը խոնարհած։ Հսկայ տարածքներու վրայ մենք կը տեսնենք փլատակներ, անմարդաբնակ կառոյցներ։
Հետեւաբար ճնշող հոգեվիճակ մը կայ, որ շատ աւելի վատթարացաւ ցնցումին պատճառով։ Երկրաշարժը շատ վատ ազդեցութիւն ունեցաւ յատկապէս երեխաներուն, պատանիներուն ու պարմանուհիներուն վրայ։ Ամբողջ ժողովուրդը սարսափած է, յատկապէս նկատի ունենալով, որ երկար տարիներէ ի վեր նման երկրաշարժի փորձառութիւն չէ ունեցած ան եւ այդ իմաստով պատրաստ ալ չէ։ Այդ պատճառով ալ երկրաշարժին հոգեկան ազդեցութիւնը շատ աւելի ծանր է։ Միւս կողմէ, յստակ է նաեւ, որ դժուարութիւնն ու դժբախտութիւնը եռապատկուած են։ Աստուած օգնէ մեզի, որովհետեւ բաւական ծանր մարտահրաւէրի մը դիմաց կը գտնուինք, որովհետեւ տագնապին յաղթահարելու կենցաղային միջոցները կը պակսին՝ զանազան պատճառներու բերումով։ Այս պայմանները կը դժուարացնեն կեանքը, սակայն այս բոլորով հանդերձ չենք յուսահատիր, մեր հաւատքը զօրեղ է եւ կը հաւատանք, որ եթէ ժողովուրդը անցնող տասնամեակներուն կրցած է դիմանալ եւ շարունակել՝ ցաւը, դժուարութիւնները եւ զրկանքը կրելով, սուգը ապրելով եւ համաճարակին դիմանալով, վստահ ենք, որ Աստուծոյ օգնութեամբ, շնորհքով եւ ողորմութեամբ, ինչպէս նաեւ մեր ժողովուրդի համատեղ գործակցութեամբ, օժանդակութեամբ ու զօրակցութեամբ, պիտի կարենանք նաեւ այս դժուարութիւնը եւս դիմագրաւել։
Հ.- Ի՞նչ աստիճանի զօրութեամբ էր այն երկրաշարժը, որ հարուածած էր Հալէպը եւ մարդկային ի՞նչ վնասներ պատճառեց։ Ի՞նչպէս կարելի եղաւ որոնողական աշխատանքներ կազմակերպել եւ փրկել ողջ առողջ դուրս բերուած քաղաքայիններն ու բժշկական խնամք հայթայթել վիրաւորներուն։
Պ.- Հալէպի մէջ ցնցումին պատճառը Թուրքիան հարուածած երկրաշարժն էր, որ 7.8 ռիխթըր աստիճանի ուժգնութեամբ ցնցեց Հալէպը։ Քանի մը ցնցումներ էին անոնք 7.6, 6.8 ռիխթըր աստիճանի ուժգնութեամբ, սակայն առաջինը՝ 7.6-7.8-ի միջեւ էր եւ այդ էր, որ հսկայ աւերներ պատճառեց, կործանելով շէնքեր ու փլուզելով բնակարաններ։ Հաւանաբար այդ բոլորին ականատես եղաք հեռատեսիլի կայաններու եւ լուսանկարներու ընդմէջէն, կան ամբողջ թաղամասեր, որոնք քար ու քանդ եղած են, կառոյցները փուլ եկած։ Կան շրջաններ, որոնք ամբողջութեամբ քանդուած են, ոմանք կիսաքանդ են, ինչպէս նաեւ կայ վնասուած բնակարաններու հսկայ բաժին մը։ Հոս անշուշտ ակնարկը կ’երթայ հալէպահայութեան, որոնց 95 առ հարիւրին բնակարանները վնասուած են։ Թէեւ համեմատաբար քիչ է այն հայորդիներուն թիւը, որոնց բնակարանները ամբողջութեամբ վնասուած են, հիմերը խախտած են, անբնակելի կը նկատուին եւ պէտք է փուլ գան՝ ըստ ճարտարապետներու կառավարական յանձնախումբին գնահատումին, սակայն կայ հալէպահայերու մեծ թիւ մը, որոնց բնակարանները կարիքը ունին նորոգութեան։
Փրկարար աշխատանքներու կազմակերպումը կատարուեցաւ պետական մակարդակի վրայ, որովհետեւ կառավարութիւնն է, որ ունի համապատասխան խմբակներ, սարքեր ու գործիքներ, որպէսզի փլատակները կարենան փորել եւ աւերուած շէնքերուն տակ մնցած ողջ քաղաքայինները կամ զոհերուն դիակները դուրս բերել։
Սակայն փառք Աստուծոյ, առաջին վայրկեանէն իսկ Ազգային իշխանութեան գործակցութեամբ եկեղեցիները իրենց դռները բաց յայտարարեցին, ժողովուրդը ապաստանեցաւ եկեղեցւոյ սրահներուն մէջ։ Բացուեցան նաեւ ակումբներուն, դպրոցներուն եւ մշակութային կեդրոնններուն սրահները, անշուշտ անոնք, որոնք չէին վնասուած։
Հալէպի պարագային գլխաւորաբար բաց մնացին Սուրբ Աստուածածին եւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիներն ու սրահները, «Արամ Մանուկեան» կեդրոնի սրահները, «Տիգրանեան» սրահը, Հ․Մ․Ը․Մ․-ի ակումբի սրահը, Կրթասիրաց վարժարանը, Հ․Բ․Ը․Մ․-ի կեդրոնը, Ճեմարանի դպրոցին սրահն ու մշակութային կեդրոններու սրահները։ Փորձեցինք առաջին իսկ օրէն ապաստան հայթայթել եւ կենցաղային կարիքները ապահովել այն հայորդիներուն, որոնք սարսափահար իրենց բնակարաններէն դուրս ելած էին եւ ապաստան կը փնտռէին։ Առաջին իսկ վայրկեանէն անոնց տրամադրուեցաւ սնունդ, դեղորայք, բժշկական հոգատարութիւն, ծածկոցներ եւ այլն։ 10 օր շարունակ այդ աշխատանքները կատարեցինք, դժբախտաբար կան նաեւ հազարաւորներ, որոնք իրենց բնակարաններէն դուրս ելած էին եւ իջած են փողոց՝ դաշտային շրջաններ, ուր ապաստանած էին իրենց ինքնաշարժներուն մէջ։ Այս իմաստով օժանդակութեան աշխատանքները տակաւին ընթացքի մէջ են։ Այս շրջագիծին մէջ կարեւոր է նշել երիտասարդներուն տարած կամաւոր աշխատանքը։ Անոնք առաջին իսկ վայրկեանէն ուղղուեցան փողոց հսկելու համար ապահովութեան եւ պաշտպանելու համար հայաբնակ շրջանները։ Գիտէք, որ այս պարագաներուն մէջ աւազակները կը շատնան եւ առիթը կ’ուզեն օգտագործել չարաշահելու եւ գողութիւններ կատարելու, սակայն այդ մէկը կարելի եղաւ կանխել։ Մեր տղաքը առիւծի նման հսկեցին եւ ապահովեցին հայոց բնակարաններուն անվտանգութիւնը։
Այս բոլորին կողքին պէտք է յիշել նաեւ Սուրիոյ օգնութեան խաչի անդամ մեր քոյրերը, որոնք առաջին իսկ վայրկեանէն փութացին աշխատանքի։ Անոնք ուղղակի կապը եղան դեղորայքի եւ բժշկական խնամքի ապահովումին, ինչպէս նաեւ պէտք եղած բոլոր քայլերուն դիմեցին ուտելիք ապահովելու ժողովուրդին։ Պատրաստեցին տաք ճաշեր, սենտուիչներ եւ այլ սննդեղէն տրամադրեցին բոլորին։ Այս աշխատանքը մինչեւ օրս կը շարունակուի։
Հետեւաբար ժողովուրդին ապահովութիւնը, խնամքը՝ բժշկական թէ սնունդ, թէ ծածկոցի տրամադրում գործադրուեցաւ Հալէպի մէջ բացուած 9 սրահներու մէջ։ Հոս կ’արժէ յիշել նաեւ, որ հայկական միւս համայնքներն ու արաբ քրիստոնեաները իրենց կարգին բացած էին իրենց սրահներն ու կեդրոնները եւ առանց բացառութեան կամ խտրութեան կ’ընդունէին ժողովուրդը՝ ըլլան անոնք հայ, արաբ, քրիստոնեայ, նոյնիսկ իսլամ քաղաքացիներ։ Մեր կեդրոններուն մէջ մենք եւս ունեցանք սուրիացի քաղաքայիններ, որոնք իսլամ մեր եղբայրներն ու քոյրերն էին, եւ բոլորին ալ օգտակար դարձանք՝ մեր կարելիութեան սահմաններուն մէջ։
Հ.- Ի՞նչպէս կարելի եղաւ հասնիլ ժողովուրդին եւ ի՞նչ միջոցներ որդեգրուեցան ապաստան ապահովելու այն հայորդիներուն համար, որոնց տուներուն հիմերը ցնցուեցան եւ դարձան փուլ գալու ենթակայ։
Պ.- Երկրաշարժի հարուածէն ետք անմիջապէս կազմուեցաւ յանձնախումբ մը, որ ունեցաւ նաեւ իր ենթայանձնախումբերը, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւր կեդրոնի պատասխանատուն, որպէսզի աշխատանքները հեզասահ ընթանան։ Իւրաքանչիւր սուրիահայ, որուն բնակարանը վնասուած էր, պէտք էր ներկայանար Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ սրահ եւ արձանագրեր իր անունն ու տեղեկութիւններ հայթայթեր տուժած իր բնակարանին վնասներուն մասին։
Այս իմաստով Ազգային երեսփոխանական ժողովը գումարեց արտակարգ նիստ մը եւ հրաւիրեց իր բոլոր երեսփոխանները, քաղաքական ու կրօնական ժողովները, ինչպէս նաեւ մնացեալ մարմինները, խորհուրդներն ու պատասխանատուները։ Քննարկուեցան երկրաշարժին լոյսին տակ կատարուելիք աշխատանքներն ու որդեգրուելիք միջոցները՝ այս արհաւիրքը դիմագրաւելու համար։
Ճշդուեցաւ Հալէպի երկրաշարժի արտակարգ իրավիճակի մարմին մը, որոնց աշխատանքը պիտի ըլլար լրջօրէն հետեւիլ սուրիահայութեան կարիքներուն։
Յառաջացուցինք նաեւ ճարտարապետներէ բաղկացած յանձնախումբ մը, որուն պարտականութիւնն էր մէկ առ մէկ բնակարանները այցելել եւ վնասներու արժեւորում կատարել։
Այս խմբակին աշխատանքը կատարուեցաւ երեք խմբաւորումներու համաձայն, որ ճշդուեցաւ տարբեր գոյներով. կարմիր խմբաւորումը անբնակելի տուներն են, որոնց սիւները խախտած են եւ վտանգաւոր կը նկատուին, նարնջագոյնը՝ որ ծանր վնասներ կրած է, սակայն կարելի է սիւները ամրացնել եւ բնակիլ, իսկ կանաչը՝ աւելի մանր վնասներ, որոնք շատ աւելի դիւրիւն է նորոգել։
Երկրաշարժէն երեք օր ետք արդէն իսկ 250 պարագայ արձանագրուած էր, իսկ ցարդ արձանագրուողներուն թիւը աւելի քան 560 է։
Հ.- Հայերով բնակուած տուներուն եւ հայկական կառոյցներուն պարագային, նիւթական վնասի գնահատում կատարուա՞ծ է։ Հատուցումներ պիտի ապահովուի՞ն։ Հալէպի մէջ արձանագրուած աւերին կողքին, երկրաշարժը պատճառ դարձած էր նաեւ, որ Սուրիոյ հայաբնակ այլ շրջաններ ալ վնասուին, ո՞ր շրջաններն են անոնք եւ հոն ի՞նչ վնասներ արձանագրուած են։
Պ.- Պէտք է շեշտել, որ շէնքերու եւ բնակարաններու հետ կապուած աշխատանքները, որոնք պիտի կատարուին՝ կարելի չէ սկսիլ, մինչեւ որ վիճակագրութիւնները ամբողջական չըլլան։ Պէտք է ճշդել առաջնահերթութիւնները, իսկ այն բնակարանները կամ շէնքերը, որոնք կարելի չէ նորոգել եւ պէտք է փուլ գան, ապա նկատի առնուած է, որ աշխատանքը երկու փուլով պիտի կատարուի եւ պիտի տեւէ վեց ամիսէն մէկ տարի։ Այդ տուներու բնակիչներուն համար պիտի տրամադրուին առժամեայ բնակարաններ եւ պիտի տրուի նիւթական հատուցում։
Իսկ անոնք, որոնք կրնան վերանորոգել եւ չնչին նորոգութեամբ կրնան վերադառնալ իրենց բնակարանները՝ համեմատաբար աւելի արագ պիտի կատարուին։
Սակայն այս աշխատանքները անմիջական կերպով կարելի չէ կատարել, ժամանակ խլող աշխատանքը, հետեւաբար ժողովուրդին կողմէ համբերութիւն կ’ակնկալուի։
Ցուրտը իր կարգին կը դժուարացնէ տիրող կացութիւնը, բաւական խիստ ձմեռ է եւ սուր պաղ։ Կարիքները շատ են եւ այդ պատճառով ժողովուրդը դարձած է ջղագրգիռ, սակայն ճիգ չենք խնայեր հասնելու բոլորին, մխիթարելու եւ գօտեպնդելու զանոնք։
Այցելեցինք բոլոր կեդրոնները, ինչպէս նաեւ հիւանդանոցները, ուր աղօթք կատարեցինք։
Դժբախտաբար երկրաշարժին պատճառով ունեցանք երկու զոհեր, մայր մը եւ իր որդին։ Ամբողջ ընտանիքը, որ չորս հոգիէ կը բաղկանար, կը գտնուէր նոյն բնակարանին մէջ։ Հայրը եւ աղջնակը, որոնք վիրաւորուած էին բուժուեցան, իսկ մայրը եւ իր որդին զոհուեցան՝ ցաւ ի սիրտ։
Երկրաշարժին պատճառով վիրաւորուեցան նաեւ 15 ուրիշներ, որոնք ապաքինման ընթացքին մէջ են։
Իսկ ինչ կը վերաբերի նիւթական վնասներուն. եկեղեցիներուն պարագային ունինք վնասուած երկու եկեղեցիներ Քառասուն Մանուկ եկեղեցւոյ զանգակատունը եւ եկեղեցւոյ ներսի կամարներու ետին բացուած են խոր ճեղքեր։ Եկեղեցւոյ սիւները եւս վնասուած են, առաստաղը սկսած է ջուր ներծծել, ինչպէս նաեւ կրած է արտաքին վնասներ, սակայն փուլ գալու ենթակայ չէ։
Հալէպի մէջ վնասուած են նաեւ «Քարէն Եփփէ» ճեմարանն ու «Արամ Մանուկեան» կեդրոնը։
Քեսապի մէջ վնասուած են նաեւ 15-20 բնակարաններ։
Լաթաքիոյ Ազգային Նահատակաց վարժարանը եւս ունի փոքր վնասներ, ինչպէս նաեւ Կարմիր խաչի կեդրոնն ու աւելի քան 50 սուրիահայ ընտանիքներու բնակարաններ։
Վնասուած են նաեւ Արամոյի Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցին, Եագուպիէի Սրբուհի Աննայի եկեղեցին, որ ուխտատեղի էր, եւ Սուրբ Գէորգ եկեղեցին։
Արամոյի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ պարագային նահանգապետարանէն քննութենէն ետք թելադրանք կատարուած է, որ մարդ մուտք չգործէ եկեղեցի, որովհետեւ անիկա փուլ գալու սեմին կը գտնուի։
Եագուպիէի մէջ արձանագրուած են մեծ վնասներ, սակայն որովհետեւ սուրիական բանակին գերիշխանութեան տակ չի գտնուիր, առայժմ կարելի չէ այդ շրջանները այցելել։
Քեսապի մէջ եկեղեցին վնասուած է, ինչպէս նաեւ քանի մը բնակարան եւ արդէն կիսաքանդ ու բաւական հին երկու հիւղեր փուլ եկած են։
Կառոյցներու պարագային կան որոշ դպրոցներ, որոնք վնասներ կրած են։ Կիլիկիան դպրոցէն բաժին մը քանդուած էր եւ վերանորոգումը արդէն իսկ սկսած է։
Տակաւին կան վնասուած հաստատութիւններ, սակայն մեծաւ մասամբ տուներն են, որոնք վնասուած են։
Շէնքերու պարագային միայն քանի մը շէնք է, որ հիմնայատակ պէտք է փուլ գան, մնացեալը բնակարաններ են։ Ցարդ 14 բնակարան պէտք է տրամադրել, որովհետեւ անոնք լրիւ անբնակելի են։
Հ.- Հալէպահայութիւնը, որուն վերականգնելու կամքն ու կորովը եւ գաղութին մէջ տիրող աշխուժութիւնը շշմեցուցած էր սփիւռքեան այլ գաղութներ, այսօր ի՞նչ հոգեվիճակ կ’ապրի։ Սուրիոյ հայութեան օժանդակութեան ի՞նչ նախաձեռնութիւններ կան։
Պ. Հալէպահայութեան ներկայ հոգեվիճակը խղճալի է, ցաւալի է եւ անհանգստացուցիչ։ Ամէն իմաստով բնական է այս հոգեվիճակը։ Ոեւէ մէկը, որ 12 տարիէ ի վեր կը ռմբակոծուի եւ քարուքանդ թաղամասերու մէջ կ’ապրի, անգործութիւն, տնտեսական եւ ընկերային տագնապներ կը դիմագրաւէ եւ քաղաքական անորոշութեան դէմ յանդիման կը գտնուի, երբ բաւական բարձր ուժգնութեամբ երկրաշարժի հարուած կը ստանայ ու յաւելեալ աւերի կ’ենթարկուի՝ աւելի ծանր հոգեվիճակի մէջ կ’ըլլայ։
Բնականաբար ժամանակի կարիք կայ, որպէսզի այդ հոգեվիճակէն դուրս գայ՝ նոյնիսկ եթէ նիւթական օժանդակութիւններն ու համապատասխան շինութիւնները կատարուին։
Օժանդակութիւններ կատարուեցան տարբեր ուղղութեամբ։ Հայաստանէն տրամադրուեցաւ մարդասիրական օժանդակութիւն, ինչպէս նաեւ Հալէպ հասաւ 29 հոգինոց հայ փրկարարներու ջոկատ մը, որ կազմակերպուած աշխատանք տարաւ Շահաար թաղամասը, որ փլատակներու վերածուած էր։
Անոնք հսկայական աշխատանք կատարեցին հոն եւ կրցան 7 դիակներ դուրս բերել փլատակներուն տակէն, դառնալով բոլորին ուշադրութեան ու գնահատանքին առարկան ։
Նիւթական օժանդակութիւն խոստացուած է «Middle East Council of Churches»-ի կողմէ։
Ոչ կառավարական կազմակերպութիւններ, ինչպէս նաեւ եկեղեցական կառոյցներ եւ բարեսիրական հաստատութիւններ իրենց կարգին կատարեցին օժանդակութիւններ, որոնք նիւթական օժանդակութիւններ չեն։ Այդ օժանդակութիւնները դեղորայքի, ուտեստեղէնի, ծածկոցներու, գրենական պիտոյքի, երեխաներուն կաթի եւ շորի, եւ նմանատիպ օժանդակութիւններ են, որոնցմով կը փորձենք հոգալ ժողովուրդին կենցաղային կարիքները։
Շէնքերու վերականգնումին իմաստով հսկայական գումարի կարիք կայ, որպէսզի կարելի ըլլայ այդ աշխատանքը կատարել։
Հոս պէտք է նշել նաեւ, որ զանազան շրջաններու եւ թեմերու մէջ նուիրահաւաքներ կը կատարուին. այդ դրամահաւաքը սկիզբ առաւ եւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին կոչով։
Շնորհակալ ենք ու երախտապարտ, որ այդ աշխատանքները սկսած են արդէն տարբեր թեմերու մէջ։
Կան անհատներ ու հաւաքականութիւններ, որոնք նիւթական օժանդակութիւններ կը կատարեն, սակայն անոնք այն քանակութեամբ չեն, որ կարենանք բնակարաններու նորոգութեան սկսիլ, սակայն կ’օգտագործուին ըստ նուիրատուներու փափաքին՝ հիւանդներու խնամք, դեղորայքի ապահովում, այս իրավիճակին մէջ գտնուող համեստ դասակարգի ընտանիքներու։ Ուրիշներ իրենց նուիրատուութիւնները կը կատարեն ուղղակի այն ֆոնտին, որ հաստատուած է երկրաշարժէն տուժած բնակարաններու նորոգութեան։
Հետեւաբար աշխատանքները բազմակողմանի են, կարիքները բազմաբնոյթ են ու հսկայածաւալ։ Ամէն իմաստով պէտք ունինք օժանդակութեան, պէտք ունինք զօրակցութեան, ժողովուրդը հոգեպէս ազդուած է, սակայն ընկճուած չէ։ Սուրիահայութիւնը Աստուածասէր ժողովուրդ է եւ կեանքը սիրող է։ Այս վիճակին մէջ մենք տակաւին եկեղեցական տօները կը նշենք եւ ժողովուրդը խուռներամ կը մասնակցի մատուցուած Ս. պատարագներուն։ Պայքարելու յոյսը, հաւատքն ու տրամադրութիւնը տակաւին կան, վերաշինելու եւ վերականգնելու հոգին ու պատրաստակամութիւնը կան։ Մենք մեր սեփական ուժերով պիտի կատարենք աշխատանքը, սակայն կ’ակնկալենք, որ սփիւռքը, թեմերն ու կազմակերպութիւնները ըստ կարելուոյն օժանդակեն, որպէսզի այս աշխատանքը որքան որ հնարաւոր է շուտ կատարուի։
Մենք յոյսով ենք, որ միասնական ճիգերով ու ջանքերով, համագործակցութեամբ, համայն հայութեան օգնութեամբ ու զօրակցութեամբ այս դժուարութենէն ալ յաղթական դուրս պիտի գանք։ Վստահաբար համբերութիւն պէտք է եւ ժամանակի կը կարօտի։ Կ’աղօթեմ, որ ժողովուրդը այդ գիտակցութիւնը ունենայ՝ հակառակ դառն իրականութեան, ծանր պայմաններուն ու սոսկալի մարտահրաւէրներուն։
Մեր մէջ չի մարիր յոյսը եւ չի մեռնիր պայքարի հոգին։ Կը շարունակենք այդ յոյսով ու այդ հաւատքով։ Եթէ արեւնամուտ գայ, ի վերջոյ արեւածագ ալ պիտի ըլլայ։
Հարցազրոյցը վարեց՝ ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ