Սումկայիթի Ջարդերու 35-ամեակ

0 0
Read Time:41 Second

Փետրուար 27 – Մարտ 1, 1988-ին պատահեցան Սումկայիթի ջարդերը, որոնց 35-ամեակը կը նշուի այս տարի։ Պաքուէն ընդամէնը 40 քիլոմեթր (25 մղոն) հեռաւորութեան վրայ գտնուող Սումկայիթ քաղաքին մէջ, ատրպէյճանական իշխանութիւններու ցուցմունքով, տեղի ունեցան քաղաքի հայ բնակչութեան զանգուածային  ջարդերը։

Այս առթիւ, Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ նշեց, որ․ «Ջարդարարներու խումբերը, զինուած սրածայր մետաղեայ ձողերով, կացիններով, մուրճերով եւ ինքնաշէն այլ միջոցներով, քաղաքի իրաւապահ մարմիններուն լիարժէք անտարբերութեան պայմաններուն մէջ, կը ներխուժէին հայերու բնակարանները եւ անհաւանական դաժանութեամբ հաշուեյարդար կը տեսնէին անմեղ մարդոց հետ: Բռնութեան քանի մը օրերու ընթացքին տասնեակ հայեր սպաննուեցան, հարիւրաւորներ ենթարկուեցան դաժան ծեծի եւ խոշտանգումներու, հազարաւորներ` բռնի տեղահանուեցան: Հայերուն նկատմամբ ատելութեան մթնոլորտը կը սնուցուէր հանրահաւաքներու ժամանակ հնչեցուող հակահայկական կարգախօսներով եւ բռնութեան կոչերով: Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ կազմակերպուած յանցաւոր այդ գործողութիւններուն նպատակն էր` վախի մթնոլորտ ստեղծել եւ անով իսկ ճնշել Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան խաղաղ պահանջները»:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles