ԵՐԵՒԱՆ.- Փետրուար 10, 2023-ին, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի գլխաւորութեամբ, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի, Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի եւ Ազգային Ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորներէ կազմուած պատուիրակութիւն մը Սուրիոյ դեսպանատուն:
Հ.Յ.Դաշնակցութեան համահայկական ընտանիքի անունով Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, դեսպան դոկտ. Նորա Արիսեանին փոխանցեց ցաւակցութիւններն ու զօրակցութիւնը: Ան յոյս յայտնեց, որ տասնամեայ ահաբեկչական պատերազմի վէրքերը բուժող Սուրիան եւ անոր ժողովուրդը պիտի յաղթահարէ նաեւ այս աղէտը:
Դեսպան Արիսեան շնորհակալութիւն յայտնեց Հ.Յ.Դ.-ի լայն աջակցութեան եւ յղած ցաւակցութիւններուն համար: Ան գնահատեց անցնող տարիներուն Դաշնակցութեան կողմէ իրականացուած մարդասիրական օգնութիւնն ու աջակցութիւնը: Դեսպանը կարեւորեց հայ փրկարարներու ներկայութիւնն ու օժանդակութիւնը աղէտի գօտիէն ներս: