ՊՈԼԻՍ․- Սարինէ Աբրահամեանը մասնակցեցաւ Ընկերվարական Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան Լիագումար Նիստին

0 0
Read Time:1 Minute, 15 Second

 

ՊՈԼԻՍ (Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակ)․- Փետրուարի 3-5-ին, Հ․Յ․Դ․ երիտասարդ անդամ, Ընկերվարական Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան փոխնախագահ Սարինէ Աբրահամեան մասնակցեցաւ միութեան նախագահութեան լիագումար նիստին:

Ժողովը կազմակերպած էր Թուրքիոյ Հանրապետական Ժողովրդական Կուսակցութեան (CHP) երիտասարդական թեւը, որ Ընկերվարական Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան կ՛անդամակցի իբրեւ դիտորդ:

Ժողովի ընթացքին ճշդուեցան միութեան 2023-ի գործունէութեան դաշտը եւ որդեգրուեցաւ Միջազգային Միութեան քաղաքական եւ կազմակերպական աշխատանքային քարտէսը:

Սարինէ Աբրահամեան Թուրքիոյ Հանրապետական ժողովրդական կուսակցութեան (CHP) երիտասարդական կազմակերպութեան ներկայացուցիչներուն բացատրեց իր մտահոգութիւնները Անգարայի կիրարկած արտաքին քաղաքականութեան վերաբերեալ, մասնաւորապէս Հայաստան Ատրպէյճան հակամարտութեան վերաբերեալ Թուրքիոյ դերակատարութեան եւ տարածաշրջանէն ներս խիստ ապակայունացնելու նպատակներու մասին: Ան տեղեկացուց, որ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները խորապէս վտանգուեցան յատկապէս Թուրքիոյ բացայայտ միջամտութեան պատճառով 44-օրեայ պատերազմին, աւելցնելով, որ հայ հասարակութիւնը ունի բացասական վերաբերմունք հայ-թրքական յարաբերութիւնների վերականգման վերաբերեալ:

Աբրահամեան, հանդիսանալով Սեւ Ծովեան տարածաշրջանի պատասխանատու, ներկայացուց նաեւ տարածաշրջանէն ներս կարեւորագոյն քաղաքական զարգացումներն ու նաեւ մանրամասն զեկուցեց Արցախի շրջափակման եւ տիրող մարդկային ծանր իրավիճակի վերաբերեալ:

Նշենք, թէ Դեկտեմբեր 2022-ին պաշտօնական յայտարարութեամբ մը, այս միութիւնը խիստ դատատապարտած էր Ատրպէյճանի ցեղապաշտ զտման քաղաքականութիւնը եւ կոչ կատարած էր անյապաղ եւ առանց նախապայմաններու վերաբանալ Բերձորի (Լաչինի) Միջանցքը:

Ընկերվարական Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան փոխնախագահը նաև այցելեց Ժողովուրդների ժողովրդավարական կուսակցութեան (HDP) ներկայացուցիչներուն, երիտասարդական թեւի ներկայացուցիչներուն, նաեւ Թուրքիոյ խորհրդարանի HDP-ի անդամներուն եւ  ներկայացուցիչներու հետ քննարկեց սոյն կուսակցութեան անդամներու եւ ընդհանրապէս փոքրամասնութիւններու խնդիրներու եւ դժուարութիւններու մասին եւ անոնց նկատմամբ հետապնդումներ եւ ճնշումներ իրականացնելու նկատմամբ:

Հ.Յ.Դ. անդամը նաև հանդիպեցաւ «Ակօս»-ի գլխաւոր խմբագրին՝ Բագրատ Էստուկեանին եւ այցելեց հայկական թաղամաս, Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի եւ «Պեզճեան» մայր վարժարան:

 

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles