ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԵՒ ՆԵՏԵՐԼԱՆՏԱԿԱՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆՆԵ՞Ր, ԹԷ՞ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆ

0 0
Read Time:4 Minute, 19 Second

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

«Հայրենիք»

Դեկտեմբեր 27 2022-ին հաղորդուեցաւ, որ Նետերլանտներու արտաքին գործոց նախարար Վոփքը Հուքսթրան Հայաստանի մէջ Նետերլանտներու դեսպանի զեկուցումին վրայ հիմնուելով Ատրպէյճանի յարձակումէն վնասուած Հայաստանի տարածքներուն վերաբերեալ նամակ յղած էր Նետերլանտներու խորհրդարանականներուն ի պատասխան։ Ան իր նամակին մէջ նշած էր,  որ Ատրպէյճանը 12 Մայիս 2021-էն մինչեւ 13 Սեպտեմբեր 2022-ի մարտերը Հայաստանի Հանրապետութեան միջազգայնօրէն ճանչցուած տարածքէն բռնագրաւած է 40 քառ. քիլոմեթր, իսկ 13 Սեպտեմբերի իրադարձութիւններուն պատճառով յաւելեալ 60 քառ. քիլոմեթր տարածք։

Ան նաեւ կը նշէր, որ Նետերլանտները կը սատարեն Եւրոպական յանձնաժողովի փոխնախագահ, Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձր ներկայացուցիչ Խոսեփ Պորելի պահանջին, ուր վերջինս Ատրպէյճանին կոչ ուղղած էր իր զօրքերը ետ քաշել մինչեւ 12 Սեպտեմբեր գոյութիւն ունեցած սահմաններ:

Նախարարը իր նամակին մէջ կ’անդրադառնար Եւրոպական Միութեան առաքելութեան հաւանական ընդլայնման կամ անկախ առաքելութիւն ստեղծելու հարցին` ընդգծելով, որ Նետերլանտները դրական դիրքորոշում ունին Հայաստանի մէջ առաքելութեան հետագայ տեղակայման` բացատրելով, որ այժմ Եւրոպական Միութեան ծիրին մէջ բանակցութիւններ տեղի կ՛ունենան առաքելութեան ապագային շուրջ։

Նետերլանտներու խորհրդարանը 13 Դեկտեմբերին արդէն որդեգրած էր «Քաղաքական բարեփոխուած կուսակցութիւն», «Քրիստոնէական միութիւն», «Գիւղացի-քաղաքացի շարժում» եւ Ընկերվարական կուսակցութիւններու խմբակցութիւններուն կողմէ ներկայացուած միջնորդութիւնը, որ կը վերաբերէր Բերձորի միջանցքի փակման:

Միջնորդութեան մէջ կը նշուէր, որ հակառակ 9 Նոյեմբեր 2020-ի համաձայնութիւններուն, Ատրպէյճանը փակած է Հայաստանը Լեռնային Ղարաբաղին կապող Բերձորի միջանցքը եւ դադրեցուցած Հայաստանէն Լեռնային Ղարաբաղ կազի մատակարարումը: Փաստաթուղթին մէջ նաեւ կը նշուէր. «Ռուս խաղաղապահները չեն միջամտեր այդ տարածքին մէջ, եւ որ այս կացութիւնը կը սպառնայ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան համար ստեղծել մարդասիրական առումով արտակարգ կացութիւն»: Բացի ատկէ, կառավարութեան կոչ կ’ուղղուէր`  Եւրոպական խորհուրդը յորդորել միացեալ կոչով դիմելու Ատրպէյճանին` դադրեցնելու Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին դէմ թշնամական գործողութիւնները եւ բանալու միջանցքը:

Կառավարութիւնը ընդառաջեց երեսփոխաններուն ներկայացուցած կոչին. 2 Փետրուար 2023-ին հաղորդուեցաւ, որ Նետերլանտներու արտաքին գործոց նախարարը խորհրդարանին ուղղուած իր հաշուետուութեան մէջ յայտնած է, թէ Նետերլանտներու կառավարութիւնը կը շարունակէ քայլերու ձեռնարկել, որպէսզի Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրները Ատրպէյճանին յղեն միացեալ կոչ մը՝ պահանջելով,  որ Պաքու 9 Նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեան համաձայն բանայ Բերձորի միջանցքը։ Ան նաեւ հաղորդած է, որ կառավարութիւնը կ’ուսումնասիրէ, թէ եւրոպական շրջանակներուն մէջ ազդեցութեան ինչ այլ հնարաւորութիւններ կան «Ատրպէյճանի իշխանութիւնները յորդորելու» Բերձորի միջանցքը բանալու։

Հարկ է նշել, որ Հուքսթրա յայտնած է, որ իր երկիրը կ’աջակցի Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան քաղաքային առաքելութեան գործունէութեան եւ կ’ուսումնասիրէ վերջինիս իր ներդրումն ունենալու հնարաւորութիւնները։ 25 Յունուարին, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոնա իր կարգին «Թուիթըր»-ի վրայ գրած էր, որ Ֆրանսան ուրախ պիտի ըլլայ մասնակցելու այդ առաքելութեան։ Այլ խօսքով, այժմ ունինք երկու երկիրներ՝ Նետերլանտներն ու Ֆրանսան, որոնք հրապարակաւ յայտնած են իրենց հետաքրքրութիւնը մասնակցելու Եւրոպական Միութեան քաղաքային առաքելութեան, որուն ղեկավարը արդէն յայտնի է՝ Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութիւններու ծառայութեան քաղաքային ծրագրաւորման բաժանմունքի ղեկավար Սթեֆանօ Թոմաթը։

Այսպիսով ուրուագծուեցաւ եւրոպական մակարդակի վրայ նետերլանտական նախաձեռնութիւն մը, որուն նպատակը յստակ է՝ Արցախի դէմ պաշարումին վերացումը, եւ հռետորաբանութեան կողքին կը պարունակէ գործնական քայլ մը կամ առնուազն անոր ծրագիրը, որուն նպատակը Պաքուն Բերձորի միջանցքը բանալու «յորդորելու» իմա՝ անոր վրայ ճնշում բանեցնելու համար Եւրոպական Միութեան ազդեցութեան յարմարագոյն լծակները օգտագործելն է։

Կը մնայ սպասել ու տեսնել, թէ նետերլանտական նախաձեռնութիւնը պիտի վերածո՞ւի Եւրոպական Միութեան նախաձեռնութեան, թէ՞ Լա Հէյ պիտի ստիպուի առանձին գործել կամ պիտի ստիպուի իր նախաձեռնութենէն ամբողջովին հրաժարիլ։

Միւս կողմէ՝ Նետերլատի արտաքին գործոց նախարարի երկիրի խորհրդարանին յղուած հաշուետուութեան հրապարակումէն ետք, այժմ ունինք Բերձորի միջանցքի վերաբացման՝ Արցախի շրջափակման վերացման համար երկու նախաձեռնութիւններ՝ նետերլանտականն ու ամերիկեանը։ Արդարեւ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս 19 Յունուար 2023-ին յայտնած էր, որ իր երկիրը կը պատրաստուի Արցախի հարցին առնչութեամբ ընելու այն, ինչ ամէնէն արդիւնաւէտն է։

Ի տարբերութիւն, նետերլանտականին ամերիկեան նախաձեռնութիւնը աւելի խորհրդապահական է. կայ Փրայսի կողմէ ճշդուած «խորագիր»-ը, սակայն չկան մանրամասնութիւններ։

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը 1 Փետրուարին հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Լուի Լ. Պոնոն նշանակած է Կովկասի մէջ բանակցային հարցերով աւագ խորհրդարական։ Այդ պաշտօնը Յունուարի սկիզբէն ի վեր թափուր մնացած էր, երբ Ֆիլիփ Ռիքըր հրաժարած էր ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահի եւ Կովկասի մէջ բանակցային հարցերով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի աւագ խորհրդականի պաշտօնէն։

Ուշագրաւ է, որ Պոնոյի նշանակման յայտարարութենէն կը բացակայի Մինսքի խմբակի համանախագահի պաշտօնի նշումը, ինչ որ մտածել կու տայ, թէ Ուաշինկթըն հրաժարած է այդ ձեւաչափէն՝ գիտակցելով այդ ձեւաչափի վերականգնման դէմ ցցուած աշխարհաքաղաքական լուրջ արգելքներուն կամ առնուազն անպատեհութիւններուն։ Բայցեւայնպէս, Պոնոյի նշանակումը մտածել կու տայ, թէ ամերիկեան «ամէնէն արդիւնաւէտն» ըլլալու ձգտող նախաձեռնութեան պատրաստութիւնը արդէն բաւական «ճամբայ կտրած» է կամ առնուազն ընդհանուր գիծերը բաւարար չափով յստակացուած։ Անկասկած որ յառաջիկային անոր մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ պիտի ունենանք, երբ (եւ եթէ) նախաձեռնութիւնն ու պահը «հասուննան»։

Ճիշդ է, որ Նետերլանտները Եւրոպական Միութեան հիմնադիր անդամներէն է, աւելի ճիշդ հիմնադիր անդամներէն է 1952-ին ստեղծուած Եւրոպական Ածուխի եւ Պողպատի Համայնքին,  որ հինգ տարի ետք 1957-ին Հռոմի դաշինքի հիմամբ վերածուեցաւ Եւրոպական Միութեան, սակայն Լա Հէյը արդէն 1949-ին հրաժարած էր իր ոչ յանձնառութեան քաղաքականութենէն եւ մաս կազմած ՆԱԹՕ-ին, ուստի եւ Եւրոպական Միութեան ու ՆԱԹՕ-ի, իմա՝ Եւրոպական Միութեան ու այդ դաշինքի գլխաւոր ուժին՝ Միացեալ Նահանգներուն միջեւ կամուրջ մըն է, եւ կարելի չէ բացառել, որ Նետերլանտներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը այս նախաձեռնութեան կը ձեռնարկէ ընդառաջելով իր երկիրի օրէնսդիրներու կոչին, սակայն նաեւ Միացեալ Նահանգներու ներշնչումով։

Այլ խօսքով՝ կարելի չէ բացառել, որ նետերլանտական նախաձեռնութիւնը ինքնին ամերիկեան նախաձեռնութիւնն է, առայժմ խորհրդապահական եղող կամ թուացող այդ նախաձեռնութեան բացայայտումը, եւ եթէ նոյնիսկ անոնք իսկապէս իրարմէ անջատ ու անկախ են, կարելի չէ բացառել, որ ատոնք ի վերջոյ կրնան միաւորուիլ։ Այստեղ կը յառաջանայ այն հարցումը, թէ ողջունումի կամ զօրակցութեան արտայայտութեան ճամբով երկու նախաձեռնութիւններուն միաւորման յայտարարութիւնը, իսկութեան մէջ անոնց միաւորմա՞ն յայտարարութիւնը պիտի ըլլայ, թէ՞ նոյնութեան բացայայտման։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles