ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔ․ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔԻ

0 0
Read Time:58 Second

Տասնամեակներէ ի վեր, Յունուար 18-էն 25 երկարող շրջանը Քրիստոնէութեան Միութեան աղօթքի շաբաթ յայտարարուած ըլլալով, Երեքշաբթի, Յունուար 25-ի երեկոյեան, միջ-եկեղեցական արարողութիւն տեղի ունեցաւ World Trade Centerի մօտ գտնուող Saint Nicholas եկեղեցւոյ մէջ, կազմակերպութեամբ Ուղղափառ Յոյն Եկեղեցւոյ Առաջնորդարանին եւ մասնակցութեամբ շրջանի հոգեւոր պետերուն եւ ժողովուրդին։ Համաքրիստոնէական աղօթքի արարողութեան մասնակցեցաւ Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք․ Դանիէլեան, ընկերակցութեամբ Քրիստոնէական Դաստիարակութեան վարիչ տնօրէն՝ Բարշ. Շանթ Ա. Սարկաւագ Գազանճեանի։

Բարեջան Առաջնորդը, տարբեր աղօթքներով հանդէս եկաւ Եկեղեցիներու Միութեան ընծայուած աղօթքի այս արարողութեան ընթացքին։ Ան նաեւ հրաւիրեց տարբեր եկեղեցիներէ ներկայացուցիչներ, որպէսզի վկայութիւն տան միութեան զօրացման մասին։

Յաւարտ Արարողութեան, Սրբազան Հայրը անձամբ շնորհակալութիւն յայտնեց հիւրընկալ Էլփիտոֆորոս Արքեպիսկոպոսին, քրիստոնէական ջերմ սիրով կազմակերպուած այս արարողութիւնը կազմակերպելուն առիթով, եւ մաղթեց որ նմանօրինակ առիթներ յաճախակի ըլլան ամրապնդելու համար Եկեղեցիներու միութիւնն ու գործակցութիւնը։ Ի պատասխան Սրբազան Հօր ջերմ մաղթանքին, Էլփիտոֆորոս Արքեպիսկոպոս գնահատեց Սրբազան Հօր դրական ընդառաջումը եւ անձամբ ներկայութիւնը այս ձեռնարկին, եւ խոստացաւ տարբեր առիթներով առաւել եւս սերտացնել համաքրիստոնէական կապը, ի մասնաւորի յարաբերութիւնը Ազգային Առաջնորդարանին հետ։

Նշենք, թէ պատմական արժէք ներկայացնող St. Nicholas եկեղեցին, 2001, Սեպտեմբեր 11ին Արեւելեան Ամերիկայի տարբեր նահանգներու մէջ ահաբեկչական գրոհին զոհ գացած միակ հոգեւոր կեդրոնն էր որ հիմնովին կործանեցաւ, եւ որուն վերաշինութիւնը աւարտեցաւ անցեալ տարի։

*

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles