ԿՈՉ՝ ԱՆԻԻ ՅՈՒՇԱԿՈԹՈՂՆԵՐԸ ՓՐԿԵԼՈՒ

0 0
Read Time:1 Minute, 8 Second

Վերջերս, Ժառանգութեան Համաշխարհային Հիմնադրամը (Global Heritage Fund) հրապարակած է աշխարհի տարածքին ոչնչացման սեմին գտնուող 12 յուշակոթողներու ցանկը« որուն մէջ ներառուած է նաեւ հազարումէկ եկեղեցիներու՝ Անի քաղաքը:

Տեղեկութիւններով լեցուն, այս հաղորդագրութեան մէջ, գրուած է թէ Անին վերջնական կործանումէ փրկելու համար« անյապաղ պէտք է միջոցներու ձեռնարկել: Անի ժամանող զբօսաշրջիկները շատ փոքր յարգանք կը ցուցաբերեն այդ պատմական եւ մշակութային արժէքին նկատմամբ: Բացի ատկէ« Անին կը վնասեն այդտեղ խընճոյքներ կազմակերպողները:…1011րդ դարերուն հայերու հիմնադրած Անին իր նմանը չունեցող հայկական մեծ քաղաքակրթութեան կոթող է: Այսօր Անի քաղաքը« որ մեծ մասամբ վերածուած է աւերակներու« կը պատմէ ողբերգութեան մը մասին. ան բազմաթիւ անգամներ ենթարկուած է յարձակումներու« իսկ հայերը թրքական տիրապետութեան ժամանակաշրջանին՝ 14րդ դարուն« ստիպուած եղան լքելու քաղաքը: Այդ ժամանակներէն ի վեր Անին անպաշտպան մնաց մարդոց դէմ եւ փորձեց ինքզինք պաշտպանել թալանողներէ եւ վանտալներէ« սակայն անոր գեղեցկութեան մեծ մասը պահպանուած է: Աւերակներուն մէջ գտնուող գլխաւոր եւ ամենաազդեցիկ կառոյցը 1001ին կառուցուած Անիի Մայր տաճարն է« որուն գոթական ոճը տարածում գտաւ ամբողջ Եւրոպայի մէջ:

Սոյն հետաքրքրական եւ տպաւորիչ գրութիւնները տեղ գրաւած են «Պաշտպանել մեր ոչնչացող ժառանգութիւնը» խորագրին տակ, աւելցնելով թէ Անիի մէջ նորոգութիւնները արհեստավարժ ու մասնագիտական մօտեցումով չեն կատարուիր« իսկ վայրը պետական պաշտպանութեան տակ չէ դրուած:

Վերջապէս, հաղորդագրութեան մէջ կ’եզրակացուի.  «Անհրաժեշտ է« որ գործի լծուին արհեստավարժ մասնագէտներ« որոնք պիտի փրկեն ո’չ միայն Անիի աւերակները« այլ նաեւ ամբողջ շրջապատը գործի լծուին արհեստավարժ մասնագէտներ« որոնք պիտի փրկեն ո’չ միայն Անիի աւերակները« այլ նաեւ ամբողջ շրջապատը»:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles