ՊԷՅՐՈՒԹ․- Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 14-ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հ․Յ․Դ․-ի ուղեկից միութիւններու` Հ․Օ․Մ․-ի, Հ․Մ․Ը․Մ․-ի եւ Համազգայինի, ինչպէս նաեւ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի խորհրդաժողովը, որուն մասնակցեցան միութիւններու Կեդրոնական վարչութիւնները:
Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի կազմակերպութեամբ հրաւիրուած խորհրդաժողովին բացումը կատարուեցաւ Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի կողմէ, որ ողջունեց ներկաները, անդրադարձաւ նման խորհրդաժողովի կայացման նպատակներուն ու առաջադրանքներուն:
Խորհրդաժողովին նպատակն է սփիւռքի, Հայաստանի եւ Արցախի մէջ գործող երեք միութիւններու գործունէութիւններու ռազմավարութեան աշխատանքային ուղղութիւններու, հասարակ յայտարարներու կտրուածքով, քննարկում եւ համադրում: Անիկա կ՛առաջադրէ համահայկական եւ համազգային աշխատանքներու համակարգում կատարել, համագործակցութեան զարգացման յաւելեալ թափ հաղորդել, ճշդել 3 ուղեկից միութիւններու միացեալ աշխատանքի կարելիութիւնը եւ որդեգրուելիք չափանիշները:
Իւրաքանչիւր միութիւն ներկայացուց ամփոփ զեկուցում` ներկայ եւ յառաջիկայ աշխատանքներուն, ծրագիրներուն մասին, անդրադարձ կատարուեցաւ նոր շրջաններու մէջ ուղեկից միութիւններու ներկայութեան: Յատուկ կերպով շեշտը դրուեցաւ երիտասարդութեան ներգրաւման կարեւորութեան եւ անոր համապատասխան միջոցներու ձեռնարկման վրայ` նկատի ունենալով մերօրեայ պայմաններն ու երիտասարդութեան հետաքրքրութիւններու ծիրը: Լուսարձակի տակ առնուեցան նաեւ ուղեկից միութիւններու քարոզչական ծրագիրներու համակարգումը, յատկապէս` համահայկական հարցերու առնչութեամբ:
Կարեւոր նկատուեցաւ միութիւններու գործունէութեան ձեւերուն արդիականացման խնդիրը, ինչ որ կարելիութիւն պիտի տայ ոչ միայն քայլ պահելու եւ լսելի ըլլալու, այլ նաեւ հայրենակիցները հետապնդուած նպատակներու գիտակցութեամբ վարակելու համար:
Հիմնական սեպուեցաւ քարոզչական մեթոտներու եւ աշխատանքներու արդիականացումն ու կատարելագործումը, առանց որոնց, ոչ միայն կարելի չէ հանրութեան պատշաճ կերպով ներկայացնել իրականացուող աշխատանքները, այլ նաեւ` զանոնք արդիւնաւէտօրէն ծառայեցնել ազգային նպատակներուն:
Խորհրդաժողովը շեշտեց միութիւններու աշխատանքներու համադրման անհրաժեշտութիւնը` բազմաթիւ ազգանպաստ նախաձեռնութիւններու ծրագրման եւ իրականացման նպատակով:
Քննարկումներուն ընդմէջէն արծարծուեցան հայոց զոյգ պետութիւններուն ներկայ վիճակէն բխող կատարուելիք աշխատանքները: Ժողովականները համոզուած էին, որ այսօրուան տագնապալի իրողութիւնները ոչ թէ կրաւորականութեան պէտք է մատնեն, այլ պէտք է մղեն առաւել եռանդուն գործունէութեան` այն գիտակցութեամբ, որ իբրեւ ուրոյն ճակատի զինուորներ` Դաշնակցութեան միութիւններն ու միութենականները ունին կարեւոր առաքելութիւն:
Ըստ քննարկումներուն, որդեգրուած նպատակի եւ գործի ուղիով պէտք է հետապնդել ազգային առողջ ուժերու համախմբումը, որ կրնայ լաւագոյն գրաւականը հանդիսանալ ազգային եւ պետական ճգնաժամերը յաղթահարելու ճամբուն վրայ:
Կարեւորութեամբ շեշտուեցաւ, որ ազգային մշակոյթը, կրթութիւնն ու բարեսիրութիւնը, ինչպէս նաեւ ազգային գործի մէջ ներգրաւուած գիտակից ու հայրենանուէր երիտասարդութեան առկայութիւնը լաւագոյն միջոց են, որոնք ամէն տեսակի բաժանարարները վերացնելով` կրնան ծառայել ազգի համախմբման եւ ազգային ինքնագիտակցութեան արթնացման գործին:
Անգամ մը եւս արժեւորելով կատարուած աշխատանքը` խորհրդաժողովը վերահաստատեց Հ․Յ․Դաշնակցութեան ուղեկից միութիւններուն ազգանուէր գործունէութիւնը անվարան շարունակելու, հայութեան անժամանցելի տեսլականներուն նոր թափով եւ անսակարկ ծառայելու յանձնառութիւնը: