Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի Այցը Շուէտ

1 0
Read Time:1 Minute, 17 Second

 

Շաբաթ, Նոյեմբեր 12-ին, Հ․Յ․Դ․ ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան այցելեց Շուէտ եւ տեղւոյն կոմիտէութեան եւ Հայ դատի յանձնախումբին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցան շարք մը քաղաքական հանդիպումներ, յատկապէս Ընկերվար-Ժողովրդավար կուսակցութեան երեսփոխաններու եւ քաղաքական ներկայացուցիչներու հետ:

Այս կապակցութեամբ շաբաթ առաւոտեան տեղի ունեցաւ հանդիպում մը Սթոքհոլմի քաղաքապետարանին ներս՝ փոխ քաղաքապետ Անտրէս Օսթերպերկի եւ խորհրդարնի պատգամաւոր Մաթիաս Վեպսոյի հետ: Հանդիպման ներկայ էին Հիւսիսեան կոմիտէութեան ներկայացուցիչ Սիմոն Տէր Սահակեան, Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Արամ Եանիքեան եւ Շահէ Խաչերեան:

Ապա հանդիպում մը տեղի ունեցաւ խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի փոխնախագահ, նախկին արդարադատութեան նախարար՝ պրն. Մօրգեն Ջոհանսսօնի հետ: Իսկ կեսօրէ ետք հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Սէօտըրթալիէ քաղաքի քաղաքապետարնին մէջ՝ քաղաքապետ Պոել Կոտնըրի հետ:

Հանդիպումներու ընթացքին յատկապէս քննարկուեցաւ երկու քոյր կուսակցութիւններու փոխյարաբերութիւնները եւ զանոնք ընդլայնելու հնարաւորութիւնները:

Բիւրոյի ներկայացուցիչը մանրամասն ներկայացուց Հայաստանի ներկայ քաղաքական վիճակը, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային բարդ իրավիճակը, Հայաստանին առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներն ու խնդիրները, զանոնք լուծելու միջոցները:

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան յատկապէս խնդրեց, որ Շուէտի բարեկամները քաջալերեն ու բարձր մակարդակի հասցնեն Հայաստան-Շուետ փոխյարաբերութիւնները:

Այդ առումով կարելի է դէպի Հայաստան գործնական այցելութիւն մը կազմակերպել, որպէսզի հնարաւոր դառնայ գետնի վրայ ծանօթանալ տիրող կացութեան եւ ապահովել լուծման յարմարագոյն միջոցները:

Խօսուեցաւ նաեւ Սթոքհոլմ եւ Սէօտըրթալիէ քաղաքներու հայկական քաղաքներու հետ եղբայրացման հնարաւոր միջոցներու մասին:

Պատերազմի հետեւանքներու վերացման եւ այդ առումով թշնամական պետութիւններու բանեցուցած ճնշումներու կասեցման ի խնդիր միջոցներ ձեռնարկել դատապարտելով Ատրպէյճանի զաւթողական քաղաքականութիւնը ուղուած մեր ազգի ու երկրի հանդէպ, ամէն ճիգ ի գործ դնել ճանչնալու Արցախի ինքնորոշման իրաւունքն ու այնտեղ բնակող մեր ժողովուրդի արդար իրաւունքները:

Մարտահրաւէրներու շարքին նշուեցաւ նաեւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ սահմաններու սահմանազատման ու սահմանագծման խնդիրը, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Թուրքիա բանակցութիւններու կծիկը:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles