Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 14-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ միջմիութենական հաւաք, որուն ընթացքին Հ․Յ․Դ․-ի ուղեկից միութիւնները` Հ․Օ․Մ․-ի, Հ․Մ․Ը․Մ․-ի եւ Համազգայինի ներկայացուցիչները անջատաբար ծանօթացուցին իւրաքանչիւր միութեան գործունէութիւնն ու ապագայ ծրագիրները: Հաւաքին ներկայ էին միութենականներ եւ համակիրներ:
Ձեռնարկը սկսաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներու ունկնդրութեամբ: Օրուան հանդիսավար Արմէն Ապտալեան բացումը կատարեց հաւաքին, ապա հրաւիրեց Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը, որպէսզի ուղղէ իր խօսքը: Ան տեղեկացուց, որ նոյն օրը առաւօտուն տեղի ունեցաւ ուղեկից միութիւններու արդիւնաւէտ խորհրդաժողով, որուն գումարման վայրը ընտրուեցաւ Լիբանանը, որովհետեւ Հ․Յ․Դ․ Բիւրոն կը գնահատէ Լիբանանի դերը` իբրեւ սփիւռքի ճաճանչող սիրտը, իբրեւ այն համայնքը, որ միշտ եղած է հնոց ու մարդուժ հայթայթած թէ՛ կուսակցութեան եւ թէ՛ միութիւններուն: Ան շեշտեց, որ այսօր ալ լիբանանահայութիւնը պատնէշի վրայ է, իսկ համահայկական այդ կառոյցները միշտ ալ պատրաստ են ամէն գնով նեցուկ կանգնելու Լիբանանին:
Ապա Յակոբ Տէր Խաչատուրեան լուսարձակի տակ առաւ ներկայիս Հայաստանի ու Արցախի մէջ տիրող կացութիւնը, առկայ մարտահրաւէրները, ներկայ իշխանութեան վարած պարտուողական վտանգաւոր քաղաքականութիւնը, որուն ամբողջովին դէմ է Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը: Այս իրականութեան լոյսին տակ, ան դիտել տուաւ, որ այսօր կուսակցութիւնը կոչուած է թէ՛ ներքին եւ թէ՛ արտաքին ճակատի վրայ պայքար մղելու, պաշտպանելու հայութեան իրաւունքները ամէնուրեք` շեշտելով, որ Հ․Յ․Դ․-ին համար պետականութիւնը սրբութիւն է, ուստի ամէն գնով պիտի պաշտպանէ զայն:
Ապա Հ․Օ․Մ․-ի ատենապետ Նայիրի Տէրտէրեան տեսերիզով ներկայացուց Հ․Օ․Մ․-ի գործունէութիւններն ու ծրագիրները: Երկրորդ բաժինով ցուցադրուեցաւ Հ․Մ․Ը․Մ․-ի կողմէ պատրաստուած տեսերիզ մը, ուր ներկայացուած էին Հ․Մ․Ը․Մ․-ի աշխարհատարած գործունէութիւնն ու ծրագիրները: Այնուհետեւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեան` դարձեալ տեսերիզով, ներկաներուն ծանօթացուց Համազգայինի ծաւալած աշխատանքները: Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատու Ցողիկ Աշըքեան եւս անդրադարձաւ գրասենեակին տարած գործունէութեան:
Ներկայացումներու աւարտին Արմէն Ապտալեան բեմ հրաւիրեց զեկուցաբերները, որպէսզի պատասխանեն ներկաներու հարցումներուն:
Թատերասրահին մէջ գտնուող միութենականները գրաւոր ներկայացուցին իրենց հարցումները, եւ Ապտալեան զանոնք հերթաբար ուղղեց զեկուցաբերներուն, որոնք լուսաբանեցին ներկաները եւ համապատասխան բացատրութիւններ տուին անոնց հարցումներուն: