Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի Ուսումնական Խորհուրդի հովանաւորութեամբ լոյս տեսաւ մանկապատանեկան «Ձայնագրեալ Երգարան»-ը։
Ասիկա արդէն Ուսանողական Խորհուրդի երկրորդ հրատարակութիւնն է, ուր որդեգրուած են, ժամանակագրական կարգով, տարեկան օրացոյցի տարբեր տօներն ու առիթները իբրեւ կառոյց՝ սկսած վերամուտէն մինչեւ ամառ։ Նախապէս այս ձեւով լոյս տեսած էր Let’s Chat 4 զրուցատետրը։
Հրատարակութեան գաղափարը ծագում առաւ գլխաւորաբար մանուկներուն ու պատանիներուն երգի նոյն պաշարով հարստացնելու, հաւատալով որ այդ իր հետ կը բերէ հոգիի այլ կապ մը իրար մէջ։ Երգարանը յղացուած է այն մտահոգութեամբ, որ ուսուցիչները արդէն պատրաստ երգեր ունենան տարբեր առիթներու համար։ իրենց որոշումն է այդ։
Իւրայատկութիւն մը եւս ունի գրքոյկը. իւրաքանչիւր երգի կողքին գոյութիւն ունի գաղտնագիրը (QR code), որպէսզի օգնէ եղանակը գտնելու նոյնիսկ երաժշտական ձայնանիշերուն ծանօթ չեղողներուն։
Երգերու ընտրութիւնը կը պատկանի վաստակաւոր խմբավար տիկին Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանին, որ նաեւ հեղինակային երգեր տրամադրեց՝ «Աշուն»ն ու «Իմ Մայրիկ»ը, եւ կատարեց նոթագրումը մեծ փունջ մը երգերու, որոնք տակաւին իրենց ձայնանիշերը չէին ունեցած, եւ մնացեալ երգերուն ձայնափոխումը եւ պատշաճեցումը։ Պրն. Ճորճ Արապաթլեան կատարեց նոթագրութեան թուայնացած օրինակի պատրաստութիւնն ու հայթայթեց ձայնային օրինակի հայթայթումը։
Օրինակներ կարելի է ապահովել Առաջնորդարանի գրախանութէն․- https://armenianprelacy.org/product/%d5%b1%d5%a1%d5%b5%d5%b6%d5%a1%d5%a3%d6%80%d5%a5%d5%a1%d5%ac-%d5%a5%d6%80%d5%a3%d5%a1%d6%80%d5%a1%d5%b6-%d5%b8%d6%82%d5%bd%d5%b8%d6%82%d5%b4%d5%b6%d5%a1%d5%af%d5%a1%d5%b6-%d5%bf%d5%a1%d6%80%d5%a5/) կամ գրելով books@armenianprelacy.org հասցէին։ Գիրքին գինը 15 տոլար է, իսկ դպրոցներու համար՝ 10 տոլար։