Ընկերվարական Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան Գլխաւոր Քարտուղարը եւ Սեւծովեան համագումարը Երեւանի մէջ

0 0
Read Time:1 Minute, 57 Second


ԵՐԵՒԱՆ․- Սեպտեմբեր 23-26-ին, Հ.Յ.Դ. Երիտասարդականը հիւրընկալեց Ընկերվարական Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան (International Union of Socialist Youth, IUSY) Սեւծովեան տարածաշրջանի երկիրներու համագործակցութեան ժողովը:
Ժողովին մասնակցութիւն ունեցան 13 պատուիրակներ հինգ տարբեր երկիրներէ, այդ թւում կազմակերպութեան ղեկավար Ը.Ե.Մ.Մ. Գլխաւոր քարտուղար՝ Պրունօ Կոնսալվէս, ինչպէս նաեւ Հ․Յ․Դ․ անդամ, ԸԵՄՄ-ի փոխնախագահ՝ Սարինէ Աբրահամեան: Հ.Յ.Դ. Երիտասարդականի պատուիրակութիւնը կը ներկայացնէին՝ Հայաստանէն Սիւնէ Գէորգեան եւ Գէորգ Ղազլեան եւ Արցախէն Վահագն Խաչատրեան:
Ժողովին ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Հ․Յ․Դ․ Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ, «Հայաստան» դաշինքի պատգամաւոր՝ Իշխան Սաղաթէլեանը գնահատելով Ընկերվարական Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան դերակատարութիւնն ու մեր երկրի այսօրուայ ծանր պայմաններուն մէջ ժողովի գումարումը Երեւան։ Ժողովի ընթացքին մասնակիցները զեկուցեցին իրենց երկիրներու եւ կազմակերպութիւններու դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն մասին, յատկապէս մարդկային իրաւուքներու պաշտպանութեան ուղղութեամբ տարուող աշխատանքները: Ինչպէս նաեւ կարեւորուեցաւ Երիտասարդութեան դերը այս էական նշանակութիւն ունեցող խնդիրին բարձրաձայնման աշխատանքներուն ընթացքին:
Պատուիրակութիւնը եւ Միութեան նախագահութիւնը այցելութիւն կատարեցին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր եւ Եռաբլուրի Զինուորական Պանթէոն։
Եռօրեայ ժողովը յագեցած օրակարգ ունէր: Երեւան եւ Գորիս քաղաքներու մէջ տեղի ունեցան շարք մը կարեւոր հանդիպումներ մասնակցութեամբ Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի անդամ՝ Կիրօ Մանոյեանին, Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեանին,
«Հայաստան» դաշինքի պատգամաւորներ՝ Աննա Գրիգորեանին, Ասպրամ Կրպէյեանին, Արթիւր Խաչատրեանին, եւ իրաւապաշտպան՝ Ռուբէն Մելիքեանին։ Հանդիպումներու ժամանակ, ի թիւս այլ հարցերու ներկայացուեցաւ Արցախի հակամարտութեան ծագումնաբանութիւնը, անցնող տասնամեակներու եւ ներկայիս ընթացող բանակցային գործընթացի մասին ամփոփ զեկուցումներ։ Տրուեցան յստակ գնահատականներ՝ ատրպէյճանական յարձակողական քաղաքականութեան մասին, թշնամիին կողմէ Արցախի Հանրապետութեան նկատմամբ 2020թ. սանձազերծած պատերազմին, առ այսօր շարունակուող մարդկային իրաւունքներու կոպիտ խախտումներուն, անպատիժ մնացած պատերազմական ոճրագործութիւններուն եւ ներկայիս Հայաստանի ինքնիշխան տարածք ներխուժելու վերաբերեալ:
Միութեան գլխաւոր քարտուղար՝ Պրունօ Կոնսալվէս շեշտեց,-«Ընկերվարական Երիտասարդներու Միջազգային Միութիւնը ոչ միայն ջատագովն է մարդու իրաւունքներու այլ յստակ կանգնած է Արցախի Ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի կողքին»։
Ընկերվարական Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան փոխ-նախագահ, Պաղեստինեան Ֆաթըհ Երիտասարդական շարժման անդամ Սաիֆ Աքել անդրադառնալով Արցախեան հակամարտութեան մասին հաստատեց՝ «Մեր դիրքորոշումը այն է, որ պէտք է յարգել էթնիք հայերուն ինքնորոշման իրաւունքը:
Դիմած ենք նաեւ Միջազգային Ազգերու Կազմակերպութեան ճանչնալու Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը եւ յարգելու այդ տարածքին վրայ ապրող մարդոց իրաւունքները»:
Հ.Յ.Դ. Երիտասարդականի պատուիրակութիւնը, անդրադառնալով վերջին երկու տարիներու ընթացքին հայրենիքի շուրջ ստեղծուած իրավիճակին՝ ներկայացուց միութեան ծաւալած աշխատանքները՝ անվտանգային, քաղաքական եւ ընկերատնտեսական մարտահրաւէրները դիմագրաւելու ուղղութեամբ։
Ժողովը ընդգծեց, որ միջազգային օրէնքի եւ մարդկային հիմնարար իրաւունքներու անկողմնակալ եւ հաւասար պայմաններով իրացումը անհրաժեշտութիւն է:
Ընկերվարական Երիտասարդներու Միջազգային Միութիւնը Ընկերվար-Միջազգայնականի ուղեկից Երիտասարդական կազմակերպութիւնն է, որուն կ’անդամակցին աւելի քան 145 կազմակերպութիւններ՝ աշխարհի շուրջ 100 երկիրներէ:
Հ․Յ․Դ․ Երիտասարդականը Ընկերվարական Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան լիիրաւ անդամ է:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles