Փոքր Մհերը Քարայրէն Դուրս Բերելու Ժամանակն Է

0 0
Read Time:6 Minute, 15 Second

ԶԱՒԷՆ ԼԻՅԼՈԶԵԱՆ

Զարգացումները մեր երկրին մէջ ու շուրջ, այդ միջոցին գրաւոր թէ բանաւոր արտայայտութիւնները անդրադարձներու երկա՜ր շարան մը յառաջ բերած են, զոր չենք կրնար անտեսել:

Սկսինք վերջինէն` Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան խօսնակ Նենսի Փելոսիի Հայաստան այցելութենէն:

Ամերիկացի ազդեցիկ քաղաքական գործիչն իր խօսքին մէջ կարեւորագոյն բանաձեւում մը կատարեց: Պատասխանեց հայ ժողովուրդի նպատակին, ձգտումին մասին հարցումին. ապահովութիւն, ժողովրդավարութիւն, տնտեսութիւն: Այս երեքին հետամուտ եղած է հայը դարերէ ի վեր եւ այսօ՛ր կը մնայ:

Ինչո՞ւ առանցքային են այս երեք հասկացողութիւնները, պատասխանը մեր ամբողջ պատմութիւնն է, հազարամեակներու պատմութիւնը, ոչ թէ` տասնամեակներու:

Երբ ամերիկացին Democracy կ՛ըսէ, կը հասկնայ բան մը, իսկ Հայաստանի եւ երեւութապէս ժողովրդավար երկիրներու մէջ այլ բան կը հասկցուի: Մենք այս հարցին ալ պարտաւոր ենք անդրադառնալ վերջ տալու համար ոչ միայն բառի ու ըմբռնումի չարաշահումներուն, այլեւ` հաւաքաբա՛ր օգտուելու անոր բարիքներէն:

Արդ, ժողովրդավարութիւն հասկացողութիւնը նոր յղացք չէ մեր ազգի պատմութեան մէջ: Անիկա ըմբռնուած պէտք է ըլլայ իբրեւ կենսակերպ, կազմակերպութիւն, պարտաւորութիւններ: Հազարամեակներ գոյատեւած, գոյատեւելու եւ զարգանալու իր կամքը չկորսնցուցած հայն անկասկած իր կենսունակ երկարակեցութեան յատուկ բանաձեւը ունեցած է, որ իրեն ժամանակակից` պատմութեան ուղեկցած տարբեր ազգեր չեն արտադրած եւ քշուած են պատմութեան լուսանցքէն դուրս:

Այսօր հայն ալ` իբրեւ պետականութեան կրող ազգ, նոյն լուսանցքէն դուրս մղուելու վտանգին ենթակայ է: Մենք պարտաւոր ենք շատ աւելի խորութեամբ եւ ընդարձակութեամբ անդրադառնալ` վերջնագիծին չհասած, որուն երբեւէ այսքան մօտ չենք եղած: Անցած օրերուն եւ շաբաթներուն, երբ շատեր 1918-ի ճակատամարտերու լինել-չլինելու օրերուն հետ կը համեմատէին իրավիճակը, այնքան ճշմարիտ պատկերացում կը փոխանցէին:

Բայց հերթով մօտենանք մեր խնդիրներուն, որոնք «անկախութեան» տասնամեակներուն անտեսուելով` մեզ բերած կանգնեցուցած են այս ճգնաժամին առջեւ:

Արդ, democracy հասկացողութիւնը ամերիկացիին համար պետութեան գործո՛ղ համակարգն է իր ամբողջութեան մէջ, որ հարիւրամեակներ ոչ միայն կանգուն մնացած է, այլեւ կենսունակութեան աղբիւր եղած է պետութեան համար: Democracy-ի ամերիկեան կամ արեւմտեան մոտելի նպատակը ՊԵՏՈՒԹԻՒՆՆ Է, որուն կենսունակութիւնը կ՛ապահովուի խիստ բծախնդրութեամբ հաստատուած հաւասարակշռութիւններով յատկանշուող համակարգով մը, որ կը բաւարարէ միջին քաղաքացիի պահանջները:

Արեւելեան մոտելը, որուն տիղմին մէջ Հայաստան եւ հայութիւն կը տապլտկին ու շնչահեղձութեան մակարդակի հասած են, ժողովրդավարութիւն հասկացողութեան այս վերջին երեսունմէկ տարուան նպատակը ԵՐԲԵՔ չեղաւ պետութիւնը, մենք չշօշափեցինք այդ նախանձախնդրութիւնը: Եկող գացող իշխանաւորները` իւրաքանչիւրը առանձին-առանձին եւ վերջին հաշուով` հաւաքաբար, միակ ուղղութիւն մը աչքի առաջ ունեցան. սեփական իշխանութեան պահպանում եւ իրենց խմբակիցներուն շահեր: Պետութեան եւ հանրային բարօրութեան ու զարգացման հիմնական նպատակները, որոնք անկախ պետութեան առաջնահերթութիւնը կը կազմեն, առնուազն ձեւական մնացին, անտեսուած եւ լքուած:

Նենսի Փելոսիի democracy-ին եւ Հայաստանի ժողովրդավարութիւնը լեռ ու ձոր տարբերութիւն ունին, թէեւ մէկը միւսին բառացի թարգմանութիւնն է, իսկ մենք դիտմամբ մին անգլերէն, իսկ միւսը հայերէն տարբերակով արձանագրեցինք:

Հիմա, արձանագրում մը. արդեօ՞ք ամերիկեան կամ արեւմտեան democracy-ին իտէալական բնորդ է, որ հարկ է ընդօրինակել: Մեր կարծիքով` ոչ: Ամերիկեան կամ արեւմտեան համակարգերը շատ տարբեր պատմական փորձառութիւններու արդիւնք են, որոնց հիմքը` աշխարհակալութիւնը եւ գաղթարարութիւնը, հազարաւոր մղոններով հեռու են ոչ միայն Հայաստանի եւ հայ ազգի փորձառութիւններէն, այլեւ` աշխարհընկալումէն եւ աշխարհահայեացքէն: Կը նշանակէ, որ մեքենական ընդօրինակումը մեզ տեղ չի հասցներ:

Մենք ասկէ առաջ առիթով մը գրած ենք. ազգային այս ինքնուրոյնութիւնը մեզ արեւելքի ու արեւմուտքի, հիւսիսի ու հարաւի հանդիպակած բեւեռին գամած են: Աշխարհի տարբեր ազգեր, պետութիւններ իրենց բեւեռին մէջ նոյն տրամաբանութեամբ կը գործեն, կը մրցակցին, կը կռուին, կը կողոպտեն ու զիրար կ՛ոչնչացնեն, իրենց ըմբռնած փառքը կը հիւսեն, իսկ հայ ազգը դարեր, տասնեակ դարեր ակամայ ականատես ու ենթական եղած է համաշխարհային այս կրկէսին, երբեմն մասնակցած է անոնց` իր ինքնութիւնը եւ ինքնուրոյն աշխարհը պաշտպանելու, սեփական ամրութիւնը պնդացնելու համար:

Մէկ խօսքով, մենք առանձին ենք մեր տեսակի պայքարին մէջ, մեր ըմբռնումներուն եւ պատկերացման համապատասխան աշխարհ ստեղծելու պայքարին մէջ: Ի զուր չէ, որ Սասնոյ դիւցազնավէպի վերջին հերոսը` Փոքր Մհերը, իր հրեղէն ձիով փակուեցաւ քարայրին մէջ` սպասելով արդար աշխարհի գալուստին:

Լա՛ւ: Հազարամեակներ մենք գոյութիւն ունեցանք մեծ մասամբ կրաւորականութեամբ, համակերպութեամբ, ոչ միայն ռազմի դաշտերուն վրայ, այլեւ` քաղաքակրթական ասպարէզի մէջ: Եւ պարտութենէ պարտութիւն, ցեղասպանութեան եւ հայրենիքի մեծ մասի ապահայացման ենթարկուեցանք: Ֆիզիքական պարտութիւններուն հակադրեցինք մշակոյթ, գիր-գրականութիւն, երգ ու պար, հոգեմտաւոր հարստութիւն: Այս անգամ` նա՛եւ ամբողջ աշխարհի տարածքին: Բայց ինքնահաստատուող թրքատիպ տեսակին համար ոչինչ կը նշանակեն փափուկ արժէքները: Գոյաբանական խնդիրը ա՛ս է այսօր: Մենք ազգովին պէտք է մտորենք այս մարտահրաւէրը յաղթահարելու մասին, իսկ աւելի բարենպաստ պայմաններու մէջ ա՛նպայման, առանց յապաղելու, դեռեւս այսօ՛ր իսկ ձեռնամուխ ըլլալու քաղաքակրթական կրաւորականութենէ, համակերպութենէ ներգործականութեան անցնելու ուղեգիծի մշակման:

Աղքատ չենք, հազարամեակներու հոգեմտաւոր ժառանգութիւնը մեզի զօրավիգ է: Այսօր մեզմէ դուրս գտնուող աշխարհն այնպէս չէ, որ իր հազարամեակներու ամբարիշտ, անօրէն վարքի բարիքները կը վայելէ: Խօսքը հասարակ քաղաքացիներուն մասին է:

Ասիկա մէկ ընտրանքն է` համահունչ մեր հազարամեակներու երթին:

Երկրորդ ընտրանքը աշխարհասպան խելագարութեան մասնակցիլն է ամբողջ կարողականութեամբ, կազմակերպականէն սկսեալ, որուն կարողութիւնն ալ ունինք, թէպէտեւ այն խորթ է մեզի:

Երրորդ ընտրութիւնը նախորդ երկուքի համադրութիւնն է, որ պիտի ապահովէ թէ՛ մեր շուրջի աշխարհին առողջացումը եւ թէ՛ ամբողջական հայոց աշխարհի անվտանգ կենսունակութիւնը:

Չորրորդը` կրաւորականութիւնը, թելադրուող պայմաններուն անխօս ու անտրտունջ ենթարկուիլն այլեւս բացառուած է, թէպէտեւ այդ վարքն է, որ անցած հազարամեակներուն յաճախ ուղեկցած է մեզի եւ` գոյատեւման մարտավարութիւնը եղած: Վերջակէտը մեզ կը պարտադրէ ոչ միայն մեր ազգային օրհասը, այլեւ` համաշխարհային օրհասը, որ միջուկային պատերազմի եզրին հասցուցած է մարդկութիւնը:

Կը խորհինք, որ այսօր ժամանակն է լքելու այս անտարբեր համակերպութիւնը, ի վերջոյ աշխարհը վտանգուած է մեր անգործութեան պատճառով ալ:

Չենք գիտեր, թէ Նենսի Փելոսի «թաւշեայ» յեղաշրջումը «հրաշալի» բնութագրած պահուն ինչպէ՛ս ըմբռնած էր աշխարհը եւ աշխարհի հայկական բեւեռը:

Բայց փաստ է, որ իր բացառաբար Հայաստան այցելութիւնն այս պահուն շրջանային հաւասարակշռութեան հայկական նժարին ծանրութիւն մը բերաւ, որուն բացարձակ արժէքը կախում ունի Հայաստանի պետութենէն եւ ժողովուրդէն. վերջիններս կրնան արժեզրկել կամ բազմապատիկ արժեւորել զայն:

Գալով democracy-ին` զայն պէտք է անյապաղ դուրս բերել անխտիր ամէն միջոցով քուէ կորզելու եւ մեծամասնութիւն ձեւաւորելու մակերեսային տրամաբանութենէն, «թագաւոր»-ին եւ իր շրջապատին ծառայող օրինականութեան գործիքի ոչինչ խոստացող եւ պետութեան համար անօգուտ հռետորաբանութենէն եւ փաստաբանութենէն: Ատոնք մեր հարցերը չեն լուծեր, աւելի՛ կը բարդացնեն:

Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին պէտք է իրենց ծառայող համակարգային ժողովրդավարութիւն, խորքային եւ արդիւնաւոր:

Աշխարհի չափանիշներով յաջողած ժողովրդավար պետութիւններուն մէջ չկան կիսաստուածներ եւ մենատէրեր, չկան դէմքեր, որոնք տարուան բոլոր եղանակներուն ատակ են բոլոր ծովերուն եւ ովկիանոսներուն լայնքին ու երկայնքին նաւարկող հասարակութիւններն առաջնորդելու: Անտարակոյս կա՛ն, եղած են դէմքեր եւ առաջնորդներ, որոնք անուրանալի դերեր ստանձնած են կամ կը ստանձնեն պատմական պահու մը: Սակայն անոնք փոխարինելի են եւ պէտք է փոխարինուին ճիշդ ժամանակին, զի ոչ թէ համակարգը, պետութիւնը կը ծառայէ իրենց, այլ իրե՛նք կը ծառայեն համակարգին եւ պետութեան:

Ասիկա բանալի ըմբռնում է, որ այսօ՛ր կեանքի պէտք է կոչուի Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի օրհասական այս պահուն: Փելոսիի այցը ժամանակ մը տուաւ, թերեւս` մինչեւ նոյեմբերի ամերիկեան ընտրութիւնները: Այդ ժամանակը պէտք է արդիւնաւէտ ծախսել:

Եւ այս միջոցին յեղափոխական վարքագիծը միակ ձեւն է ժամանակի սահմաններուն մէջ մնալու համար: Մեզի պէտք չեն նախկին իշխանաւորներ, որոնք երկիրը, Հայաստան պետութիւնը սեղմած պահեցին, ենթակայ պահեցին արտաքին ու ներքին ուժերու շահերուն: Այս ժամանակին մէջ պէ՛տք է կոտրել մեր գրչընկերոջ` Սարգիս Մահսէրէճեանի նկարագրած տուփի պատերը եւ դուրս գալ անկէ, համարձակութիւնը, վճռակամութիւնը, իմաստութիւնը եւ հեռատեսութիւնն ունենալ ծառայելու թէ՛ հայկական քաղաքակրթական բեւեռի բիւրեղացման եւ թէ՛ հոգալ երկրի եւ ժողովուրդի անվտանգութիւնը, ներառեալ արտերկրի՛ հայութեան անվտանգութեան տարրերը ներառելով անոր մէջ: Մէկ խօսքով` յանձնառու ուժի, որուն մտքի սահմանները առաւել կամ նուազ Արցախ 29.800 քառ. քիլոմեթրով չեն սահմանափակուած:

Անհեթեթութիւն է մտածել, ոչ յստակ եւ մշուշոտ, անհատական նկրտումներու տուրք տուող պետական մտածողութեամբ եւ հռետորաբանութեամբ կարելի է համազգային զօրաշարժ յառաջացնել: Մարդիկ երկրաշարժէն, տակաւին` Սասունցի Դաւիթ զօրասիւնին հանգանակելէ, մինչեւ 44-օրեայ պատերազմ անխնայ խաբուեցան, յուսացի՛ն, սակայն ո՛չ ակնկալութիւնները կեանքի կոչուեցան եւ ո՛չ ալ շահերը հաշուի առնուեցան: Ասիկա մինչեւ ե՞րբ կրնայ շարունակուիլ:

Կայուն ապահովութիւնը խիստ ժամանակաւոր կրնայ ըլլալ, իսկ անկայունութեան մէջ տնտեսութիւնը միայն աւազակ մարդակերները կրնայ հարստացնել: Կը յուսանք, որ տիկին Փելոսիի յիշատակած տնտեսութիւնը պետակա՛ն համակարգի ճամբով վերաբաշխուող տնտեսութիւնն է, որ ատակ է ժողովուրդը, յատկապէս երիտասարդութիւնը արտագաղթելու տրամադրութենէն ետ պահել:

Սատանի եղունգին վրայ Հայաստան շարունակ արիւնաքամ կ՛ըլլայ. ժամանակն է Փոքր Մհերը իր հաւաքական կերպարին մէջ դո՛ւրս բերելու քարայրէն եւ կրաւորականութենէ ներգործական պայքարին լծելու` փոխանակ արդարութեան սպասելու, սեփական ձեռքով ու պայքարով կռելու, դարբնելու արդարութիւնը:

Ժամանակը սուղ է:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles