ՆՇՄԱՐՆԵՐ.-  ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆ, «ՀՊԱՐՏ ՔԱՂԱՔԱՑԻ», ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐ ԵՒ ՆՈՐ ՀՈՐԻԶՈՆՆԵՐ

0 0
Read Time:5 Minute, 18 Second

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

21 Սեպտեմբեր 2022

Հայաստանի անկախութեան վերականգնումի 31-րդ տարեդարձը տժգոյն եւ դժբախտ հանգրուան մը եղաւ մեր նորագոյն տարեգրութեանց մէջ:

«Թաւշեայ» Հայաստանի «հպարտ քաղաքացիները», որոնք մինչեւ քանի մը տարի առաջ, բանակային տողանցքներով եւ բարձրաճակատ կը նշէին այս տարեդարձը, հիմա դարձած են գլխիկոր, երկրի անվտանգութիւնն ու ապագան, հորիզոնները ինկած են մութ ամպերու տակ: Հայաստանի լրատու աղբիւրներուն հետեւողը ականատես եւ ականջալուր եղաւ հազար ու մէկ դառն իրականութեան, որոնցմէ եթէ քանի մը քաղուածք արձանագրենք, ընթերցողը՝ աչք, ականջ եւ մտածելու կարողութիւն ունեցող ընթերցողը կրնայ խելամիտ հետեւութիւններ հանել:

***

Անկախութեան տօնը այս տարի նման էր մանր սգատօնի մը. կիզակէտը Եռաբլուրն էր: Վարչապետ ու նախագահ, շրջապատուած ՔՊ-ական «ուսապարկերով», Եռաբլուր բարձրացան ու ծաղկեպսակ զետեղեցին նահատակներուն յիշատակին: Այցելութիւնը շատ հանդիսաւոր էր, այնքա՜ն հանդիսաւոր, որ շքախումբը առնուած էր… բազմահարիւր ոստիկաններու հսկողութեան տակ: Ժողովուրդը մեծագոյն բացական էր, ինչպէս կը նշէ նոր սովորութիւնը:  Այս ու նման առիթներ վերածուած են լուսանկարուելու ցուցական արարքի (այնքան մը, որ մեր նախագահը լուսանկարուելու խանդով կ’երթայ յարգանք մատուցելու Անգլիոյ վախճանած թագուհիին եւ զինք լուսանկարելու համար գործի կը կոչէ այլ ուսապարկ մը՝ Հայաստանի դեսպանը):

Նահատակներու ծնողներու ցասկոտ արտայայտութիւնները պետճախօս էին: Խտացո՞ւմը: Ինչո՞ւ եկած են կեղծիք ցուցադրելու, երբ ընդունած են, որ 44-օրեայ պատերազմին ու վերջին ճակատումներուն պատասխանատուն իրենք են, գիտակցաբար մեր զաւակները մահուան գիրկը նետած են: Իսկ վա՞ղը…

***

Փղոսկրեայ աշտարակներէ Եռաբլուր գացողներուն «հերոսութիւնը» այսքանով չաւարտեցաւ: Անոնց հասնելէն առաջ, ոստիկանները նահատակներու ընտանիքներէն «ախտազերծեցին» Եռաբլուրի շրջապատը: Հայրեր, մայրեր, քոյրեր, տիկիններ եւ հարազատներ նախորդ գիշերէն ի վեր հսկում կ’ընէին հոն: Հեռանալ մերժողներ՝ տարեց ու սպիտակահեր մայրեր, ոստիկաններու կողմէ բիրտ քաշքշուքներով հեռացուեցան: Արձանագրուեցան վիրաւորներ, կոտրուածք ստացողներ: Անոնց յանցա՞նքը: Ժպրհա՜ծ էին ըլլալ հոն՝ ուր վարչապետն ու «ուսապարկերը» պիտի ըլլային քանի մը վայրկեան տեւող արարողութեան համար: Հետեւանքը այն եղաւ, որ շքախումբին հեռանալէն ետք, զայրացած ծնողներ (ասոնք ո՛չ «նախկին» են, ո՛չ ընդդիմադիր, այլ ԵՐԿՐԻ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ՆԱՀԱՏԱԿ ՏՈՒԱԾ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒ ԱՆԴԱՄՆԵՐ) կոտրտեցին կառավարական դէմքերու թողած ծաղկեպսակները, գործնապէս ցոյց տալով, թէ չեն ընդունիր կոկորդիլոսի արցունքներ…:

Վարչապետին ու նախագահին ուղերձներն ալ զերծ չէին կեղծիքէ: Մեկնաբան մը անոնց խօսքերը որակեց ծաղրանք: Ուշագրաւ էր, որ վարչապետը դարձեալ շուկայ հանեց 29 800 քառ. քլմ Հայաստան մը փրկելու իր նախանձախնդրութիւնը (նման գաղափարներու կրկնութիւնը պարզապէս կը ծառայէ զանգուածը համոզելու, որ պէտք է ընդունի «երկաթէ մանտաթ» ստացողներուն յառաջիկայ բոլոր զիջումները, նաեւ պատրաստ ըլլայ անկէ աւելին ալ զիջելու, որովհետեւ կը տեսնենք, թէ Ատրպէյճանի նախագահին ստամոքսը սահման չունի):

…Այս բոլորը արձանագրուեցան «ժողովրդավարութեան պասթիոն» Հայաստանի մէջ, ուր մարդու իրաւունքներն ու սահմանադրութիւն հաւասարապէս ասֆալթին կը փռուին «թաւիշ» ու խաղաղութիւն քարոզողներու կողմէ:

***

Երկրի ներքին տարանջատուած վիճակը, հետեւանք՝ սեւ-սպիտակի եւ այլ դասակարգումներու շարունակման (պէտք կա՞յ յիշեցնելու, թէ ո՛վ է պատասխանատուն), նմանապէս արտայայտութիւն գտաւ Եռաբլուրի բարձունքին: Կաթողիկոս եւ հոգեւորականներ, ընդդիմադիրներ եւ իշխանութեան կողմէ հեռու պահուողներ առանձին-առանձին բարձրացան Եռաբլուր:

Ո՛չ մէկ հաղորդում եղաւ, որ անոնց զետեղած ծաղկեպսակները նահատակներու ընտանիքներուն կողմէ մերժուած են, ջարդ ու փշուր եղած…

***

Ընդդիմադիր դէմքեր եւ լրատու աղբիւրներ անվերապահ դատապարտանքով դիմաւորեցին իշխանաւորներուն վարմունքը: Ի դէպ, իշխանութեան աղբիւրները լուռ անցան ոստիկաններու «քաջագործութիւններուն» վրայէն:

Ընդվզողները մատնացոյց ըրին, որ նահատակներու ծնողները քաշքշող ոստիկանները մաս կը կազմեն վարչապետն ու գործակիցները – եւ ո՛չ թէ հայրենի հողը – պաշտպանող փաղանգներուն, որոնք վերջին շրջանին աւելի քան 21 միլիոն տոլարի համարժէք պարգեւավճար ստացած են: Բարձրացած ընդվզումի ալիքին դիմաց, ոստիկանութեան մէկ հաղորդագրութիւնը հաւաստեց, որ Եռաբլուրը… ոստիկաններուն համար ալ սրբազան վայր է, դէպքերը պէտք չէ քաղաքականացնել (խնդա՞լ, թէ՞ լալ): Իսկ եթէ սրբազան վայր չնկատուէր, ծնողները ջարդի՞ պիտի ենթարկուէին…: ՔՊ-ական ջոջ մը չամչցաւ յայտարարելու, որ ոստիկանները «իրենց գործը լա՛ւ կ’ընեն»:

Սահմանապահ զինուորները ինչպիսի՞ խրախուսանք կը ստանան, տեսնելով՝ որ եթէ իրենցմէ մէկն ու մէկը վաղը նահատակուի, իրենց ծնողները ինչպիսի՛ վերաբերմունքի կրնան արժանանալ: Դժբախտ իրականութիւն է, որ հիմա՛ իսկ անոնց տարրական կարիքները չեն հոգացուիր, ազերիական նորագոյն ոտնձգութիւնները պատճառած են հարիւրաւոր զոհ ու վիրաւոր, Հայաստան վերադարձուած քանի մը գերիներու եւ նահատակներու աճիւններուն դիմաց՝ անորոշ թիւով նոր գերիներ կան:

***

Ալիեւ ի՛ր ոճով «տօնեց» Հայաստանի անկախութեան օրը: Հաղորդուեցաւ, որ ան այս օրը ընտրած է Բերձոր այցելելու եւ իր երկրին դրօշը պաշտօնապէս հոն բարձրացնելու: Ան սպառնալիքներու նոր տարափ մը արձակած է Հայաստանի հասցէին, բացայայտօրէն յիշեցնելով «Զանգեզուրի միջանցք»ը ունենալու իր նպատակը: Այսօր ո՞վ կը խօսի Արցախի իրաւունքներուն մասին, իսկ Արցախի նախագահին ուշացած մտավախութիւննե՞րը…

***

Պաշտօնական աղբիւրներ նախ հերքեցին, յետոյ խոստովանեցան, որ ազերիական ուժերը կրակած են Ներքին Հանդ գիւղին ուղղութեամբ, կայ վիրաւոր:

Ջերմուկի շրջանի գիւղեր եւս ապրուստի տագնապներ կը դիմագրաւեն: Աւելի՛ ուժեղ կը հնչեն Նախիջեւանէն յարձակումի մը ահազանգերը, Սիւնիքը Հայաստանի միւս շրջաններէն խզելու դիտաւորութեամբ…

Սիւնիքի Խնձորեսկ գիւղէն լուրեր հասան, որ քանի մը օր առաջ, ազերիներ բազմահազար (շուրջ ութ հազար) ոչխարներ եւ կաթնտու անասուններ գողցած են հայերէ: Մարդիկ գոնէ բաւարարուած են, որ զոհ կամ վիրաւոր չունին, սակայն եթէ իրենց անասունները չվերադարձուին կամ պետական օգնութիւն չստանան, ստիպուած պիտի ըլլան հեռանալու իրենց գիւղերէն: Պարզ խօսքով՝ հայկական սահմանամերձ շրջաններու հայաթափումի ծրագիրը կու տայ առաջին նախանշանները (եթէ մոռցած էք ազերիներու Սիւնիք թափանցումի օրերը եւ կարգ մը բնակավայրերու հայաթափումը. Ո՜վ կը յիշէ Արցախը):

***

Իշխանութիւններէն օգնութիւն սպասելը յայտնապէս այլ պատրանք է: Փաստերու երկար ցուցակ կայ: Նորագո՞յնը. Երեւանի մէջ, «Սուրմալու» վաճառատան աղէտալի պայթումէն աւելի քան երկու ամիս ետք, անկախութեան տարեդարձի օրը, կիսափուլ պատ մը տապալած է… սաստիկ հովի հետեւանքով: Մարդիկ վիրաւորուած են, ինքնաշարժներ փճացած: Պատկան նախարարութեան մէկ պատասխանատուն կ’ըսէ, թէ կիսափուլ շէնքին վար բերուիլը սեփականատիրոջ ճիտին պարտքն է, պետական իշխանութիւնները հոն գործ չունին: Հարց չի տրուիր, թէ քաղաքապետութիւն կամ այլ սպասարկութիւններ արդեօք պարտաւոր չե՞ն վտանգաւոր փլատակին շուրջ ապահովութեան գօտի մը ստեղծելու՝  քաղաքացիներուն այդ գօտիէն ներս մուտքը արգիլելու համար:

… Ուղտին հարցուցեր են. վիզդ ինչո՞ւ ծուռ է: Իսկ ո՞ր տեղս շիտակ է, պատասխաներ է:

***

Հայաստանի սահմաններէն շատ հեռու, Նիւ Եորքի մէջ, հայութեան ներկայացուցիչները բաւական ուշագրաւ հանդիպումներ կ’ունենան: Ատրպէյճանի դէմ գանգատներ կը հնչեն: Զուգահեռ հանդիպումներուն շարքին, մեզի համար ուշագրաւ են դրացի երկիրներու ներկայացուցիչներու հանդիպումներ: Վարչապետ Փաշինեան եւս Նիւ Եորք մեկնած է, միանալու հաղորդակցութիւններուն: «Մենք խաղաղութիւն կ’ուզենք»-ին դիմաց, ազերիներուն գործնական թշնամանքը արդեօք ամպերէն վար պիտի բերէ՞ Հայաստանի իշխանաւորները: Լեռը մուկ մը պիտի ծնի՞:

***

Մ․Ա․Կ․-ի նստաշրջանը «Առիւծի բաժին»-ը կու տայ Ուքրայինայի տագնապին: Մինչ Ռուսիոյ նախագահը սպառնալիքներ կը տեղայ Ուքրանիոյ եւ անոր նեցուկ կանգնող Արեւմուտքի հասցէին (քողարկեալ ակնարկութիւն կ’ընէ, թէ կրնայ կորիզային զէնք գործածել), անոր դէմ քննադատութիւնները տաք մրցավազքի ասպարէզի վերածած են Մ․Ա․Կ․-ի սրահը: Ուշագրաւ էր մանաւանդ նախագահ Պայտընի ճառը: Ան խօսեցաւ Ռուսիոյ կողմէ Մ․Ա․Կ․-ի օրէնքներուն, ընկալեալ սկզբունքներու խախտումին եւ մանաւանդ «դրացի երկրի սահմաններէն ներս» դաժան յարձակում կատարելուն մասին:

Ճառը լսող հայ մը պահ մը իրաւունք ունէր ենթադրելու, որ Պայտըն կը խարանէր Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի ու Հայաստանի վրայ յարձակումներն ու միջազգային օրէնքներու խախտումի աղաղակող փաստերը…

***

…Մաղթենք եւ յուսանք, որ անկախութեան 32-րդ տարեդարձին՝ շատո՜նց մեր ետին թողած ըլլանք պարտութիւն ու պարտուողականութիւն, նաեւ՝ անոնց կերտիչները, ճամբայ կտրած ըլլանք անկումէն դէպի վերելք ու վերականգնում երթին մէջ:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles