Զանգը՝ Վերամուտի, Վերազարթնումի, Վերակառուցումի…

0 0
Read Time:2 Minute, 1 Second


«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական

Կաղապարային (քլիշէ ) իմաստ եւ բնոյթ ստացած է զանգը: Այսօր կրթական բնագաւառին մէջ այնպիսի յառաջդիմութիւն եւ փոփոխութիւններ արձանագրուած են, որ զանգն ու իր երբեմնի զիլ հնչիւնը հետզհետէ սկսած են չքանալ դպրոցներու երդիքին տակ:
Անձայն զանգ մը ստեղծած են կրթօճախները, եւ ուսուցիչ-աշակերտ գործակցութիւնը կը կատարուի առանց լսատեսողական «խուճապ»ի:
Այլապէս, դասական իր նկարագրական իմաստով, զանգը կը պահէ իր՝ շրջահայեացութիւն թելադրող ազդեցութիւնն ու շարունակ աչալուրջ եւ զգոյշ ըլլալու իմաստը:
Ա՛յս ԶԱՆԳին մասին է մեր խօսքը:
Աւելի՛ն, ահազանգայի՛ն ԶԱՆԳն ալ նկատի ունինք:
Միայն աշակերտին վերապահուած չէ վերամուտը:
Ընդհանրապէս վերստին գործի լծուելու, թերացումներն ու ձգձգուած պարտականութիւնները թօթափելու եւ վերատեսութեան ենթարկելու ՎԵՐԱՄՈՒՏին մասին կը խօսինք:
Ձանձրացուցիչ ըլլալու աստիճան՝ կրկին ու կրկին կը յիշատակենք 44-օրեայ պատերազմը: Բնական է, քանզի վերամուտի այս օրերուն, եթէ նոյնիսկ մենք չյիշենք, նոյնինքն պատերազմն է, որուն սուգն ու շուքը որքա՜ն ծանր, սրտաճմլիկ եւ աղիողորմ են. անիկա պիտի շեշտէ իր ներկայութիւնը մեր ներաշխարհին մէջ, յատկապէս երեւանաբնակ «անհոգ» հայորդի ընտրանին, որ քաջատեղեակ պէտք է ըլլայ, թէ իր մօտ կը գտնուի ննջող հերոսներու՝ Եռաբլուր անունով անշունչ եւ խիտ «բնակչութիւն» մը: Հոն կան եւ ցայսօր կը միանան նահատակուած հերոսներ, որոնք անմահ են:
Վերամուտ, վերազարթնում եւ վերակառուցում հայրենի դիւանագիտութեան, որ 44-օրեայ պատերազմէն առաջ իսկ սկսած էր անկում արձանագրել եւ ահաւասիկ Սեպտեմբեր 13-ի ատրպէյճանական նախայարձակումին, գրեթէ հասած է անդունդին յատակը:
Տեղին է յիշել չինացի հանրահռչակ ռազմագէտ եւ «Պատերազմի արուեստը» (”Art of war” ) գիրքի հեղինակ Սուն Ցուի մէկ իմաստուն խօսքը.
«Եթէ կը ճանչնաս թշնամիդ եւ դուն քեզ, պէտք չէ վախնաս հարիւր ճակատամարտերու արդիւնքէն: Եթէ դուն կը ճանչնաս քեզ, բայց ո՛չ թշնամին, ձեռք բերած իւրաքանչիւր յաղթանակիդ դիմաց պարտութիւն մը պիտի կրես: Եթէ ո՛չ թշնամին կը ճանչնաս, ո՛չ ալ քեզ, բոլոր ճակատամարտերուն պիտի պարտուիս»:
Հասած ենք ողբերգական վիճակի մը, որ մտածել կու տայ. եթէ նոյնիսկ ճանչցած ըլլայինք թշնամին, այսօր կարծէք թէ չենք ուզեր ճանչնալ, աւելին, մենք մեզ ալ չենք ուզեր եւ չենք ալ գիտեր ճանչնալ, ստեղծելով անճանաչելի կացութիւն մը:
Մինչդեռ հմուտ դիւանագիտութիւն մը կրնար բոլորովին տարբեր վիճակ ստեղծած ըլլալ:
Այս ցաւալի կացութեան դիմաց, յառաջիկայ Հոկտեմբերի աւարտին, Հ.Հ. Սփիւռքի յանձնակատարութեան կազմակերպած գագաթաժողովին, համահայկական լուրջ մտահոգութիւններ մէկդի դնելով, անհատներ, իրենց անձնական հաշիւներուն մէջ խորասուզուած՝ վերակառուցման գաղափարներու լայնածաւալ թղթածրարներ պիտի ներկայացնեն, սկսելով առ հասարակ ճաշարաններու մէջ… մեծ քանակութեամբ աղի գործածութեան արգիլումէն, հասնելու մինչեւ յաւելեալ տասնեակ մը արբանեակներու արձակումը՝ դէպի «Հայաստանի Անջրպետային Հանրապետութիւն»:
Եւ այսպէս ՎԵՐԱՄՈՒՏԻ ԶԱՆԳ՝ վերազարթնումի եւ վերակառուցման, մատը դնելով ճիշդ վէրքին վրայ, առանց անտեղի շեղումներ կատարելու, ցուցադրական գիտաժողովներ կազմակերպելու եւ յատկապէս «կէսօրէ ետքի ժամերուն՝ կէսօրը փնտռելու», ինչպէս կ՛ըսէ ֆրանսական առածը:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles