0 0
Read Time:3 Minute, 36 Second

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

«Հայրենիք»

 

31 Օգոստոսին Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցաւ Փաշինեան-Ալիեւ 4-րդ հանդիպումը՝ միջնորդութեամբ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի։ Եռակողմ հանդիպումի ընթացքին համաձայնութիւն գոյացաւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան հարցերու յանձնախումբի յաջորդ հանդիպումը գումարել Պրիւքսէլի մէջ՝ Նոյեմբերին։ Նոյն ատեն համաձայնութիւն գոյացաւ արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով շարունակել առարկայական բանակցութիւնները խաղաղութեան համաձայնագիր կնքելու նախագիծի մշակման շուրջ։ Նշուեցաւ, որ արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ մէկ ամսուան ընթացքին, իսկ ղեկավարներու ձեւաչափով յաջորդ հանդիպումը տեղի  պիտի ունենայ Նոյեմբերին։

Այսպիսով, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն յստակ պարտականութիւն տրուեցաւ մէկ ամսուան ընթացքին աշխատելու երկու երկիրներուն միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի մը վրայ, այլ խօսքով՝ անոնց պարտականութիւն տրուեցաւ պատրաստել համաձայնագիրի նախագիծ մը ու զայն Պրիւքսէլի մէջ Նոյեմբերին նախատեսուած եռակողմ 5-րդ հանդիպումին աւարտին կնքուելու համար ներկայացնել իրենց երկիրներու ղեկավարներուն։

Աղբիւր մը «Փաստ» օրաթերթին յայտնած է, թէ Պրիւքսէլեան եռակողմ հանդիպումէն ետք Փաշինեան Երեւանի մէջ շատ նեղ կազմով խորհրդակցութեան ընթացքին յանձնարարած է արագացնել խաղաղութեան համաձայնագիրի թեքստին վերաբերեալ աշխատանքները, որպէսզի նախնական տարբերակը մինչեւ Նոյեմբերի կէսերը պատրաստ ըլլայ։ Ըստ աղբիւրին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ յատուկ խումբ մը ամբողջութեամբ կեդրոնացած է այդ փաստաթուղթի պատրաստութեան աշխատանքին վրայ։

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովան 31 Օգոստոսին, նոյն օր նախատեսուած պրիւքսէլեան եռակողմ հանդիպումէն առաջ շատ կոշտ կերպով հակազդեց նշելով. «Մեր կարծիքով, ասիկա որեւէ կապ չունի հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման նպաստելու իրական ցանկութեան հետ: Ես պիտի ըսէի, որ եւրոպացիներու այս կեղծ նախաձեռնութիւնները աւելի նման են միջնորդութեան դափնիները անամօթաբար իւրացնելու փորձի, որուն տակ ոչինչ կայ»։

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարի Հայ-Ատրպէյճանական յարաբերութիւններու բնականոնացման հարցով յատուկ ներկայացուցիչ Իկոր Խովայեւ շտապեց Պաքու, ուր 9 Սեպտեմբերին հանդիպում ունեցաւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Զախարովա մէկ օր առաջ յայտարարեց,որ Խովայեւ Պաքու կը գտնուի՝ քննարկելու համար Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի կնքման հեռանկարները եւ մօտ օրէն նոյն նպատակով կը ծրագրէ Երեւան այցելել։

31 Օգոստոսին,Պրիւքսէլի մէջ եռակողմ հանդիպումի աւարտին ազդանշանը տրուեցաւ ու Եւրոպական Միութեան, անոր ետին գտնուող Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ միջեւ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան համաձայնութեան պայմանագիրի կնքման համար միջնորդութեան դափնիի խլման համար մրցավազգը սկսաւ: Անոր աւարտի կէտն ալ՝ այս պարագային ժամկէտն ալ ճշդուեցաւ։

Երկու ամիս մեզ կը բաժնէ Նոյեմբերի կէսէն. Հետաքրքրական զուգադիպութեամբ մը այդ ամիս Երեւանի մէջ նախատեսուած է ՀԱՊԿ-ի վեհաժողովը։ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ ղեկավարներու` Ապրիլին Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին վերաբերեալ պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ ըսուած էր, որ Փութին ընդունած է Փաշինեանի հրաւէրը` այս տարուան երկրորդ կիսուն Երեւանի մէջ մասնակցելու ՀԱՊԿ-ի Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նիստին: Ռուսիոյ նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքով՝ մեկնաբանելով այդ տեղեկութիւնը յայտնեց, թէ Քրեմլին տակաւին Ռուսիոյ նախագահի Հայաստան այցելութեան թուականը պաշտօնապէս չէ յայտարարած։

Փութինի Հայաստան այցելութիւնը դժուար թէ տեղի ունենայ, եթէ Արեւմուտքը Հայաստանի «մեղսակցութեամբ» խլէ խաղաղութեան համաձայնութեան պայմանագիրի կնքման միջնորդութեան դափնին։ Միւս կողմէ՝ Պրիւքսէլի մէջ նախատեսուած հանդիպումէն առաջ Քրեմլինի կողմէ Փութինի այցելութեան թուականի պաշտօնապէս յայտարարումը պիտի ըլլայ մրցավազքին մէջ Մոսկուայի յաղթանակին շեփորումը։ Պրիւքսէլեան եւ երեւանեան ժողովները կարելի չէ իրարմէ անջատ նկատել, թուականներու զուգադիպութիւնը զանոնք անխուսափելիօրէն իրարու կապած է աշխարհաքաղաքականութեան անգիր կանոններու աներեւոյթ թելերով։

Վերոնշեալ առարկայական լուրջ ու զգայուն պայմաններուն մէջ ուշագրաւ է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին Արցախի մէջ ռուս խաղաղապահներուն նկատմամբ դիրքորոշման կտրուկ փոփոխութիւնը։ Ան 4 Օգոստոսին, Հայաստանի կառավարութեան նիստի ժամանակ յայտարարեց. «2020 թուականի Դեկտեմբերին ատրպէյճանական բանակը Արցախի Խծաբերդ ու Հին Թաղեր գիւղերը  գրաւեց եւ հայ զինուորները գերեւարեց ռուս խաղաղապահներու թողտուութեամբ, եւ եթէ Լեռնային Ղարաբաղի շփման գիծի անվտանգութիւնը չի ապահովուիր, հարկ է մտածել լրացուցիչ՝ միջազգային մեքանիզմներու գործարկման մասին»։

7 Սեպտեմբերին,  Վլատիվոսթոքի մէջ Արեւելեան տնտեսական համախմբումի ծիրին մէջ Փութինի հետ հանդիպումի ընթացքին, սակայն, ան կտրուկ շրջդարձ մը կատարելով յայտարարեց. «Մենք շատ բարձր կը գնահատենք Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, Լաչինի միջանցքին մէջ Ռուսիոյ խաղաղապահներու գործունէութիւնը, եւ ես կը կարծեմ, որ ատիկա ընդգծելը շատ կարեւոր է»։

4 Օգոստոսի կառավարական նիստէն ու անոր ընթացքին հնչած հայ ժողովուրդն ու հայկական պետականութիւնը վտանգող, «Արցախը Հայաստան է եւ վերջ» յայտարարութիւնը յիշեցնող դիւանագիտական այդ ահաւոր մեծ կաֆէն ետք, տեղի ունեցան երկու երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներու 16 Օգոստոսի ռուս խաղաղապահներու գործունէութեան քննարկման յատկացուած հանդիպումն ու 24 Օգոստոսի Փութին-Փաշինեան հեռաձայնային զրոյցը, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ Արցախի շուրջ ստեղծուած կացութիւնը։ 7 Սեպտեմբերի հանդիպումի լուսանկարներուն մէջ Փաշինեանի ականջներէն ոչ մէկը կարմիր էր…։ Ըստ երեւոյթին, հարկ եղած պատգամը արդէն նախապէս փոխանցուած է։

«Թեթեւամտութիւնը պետական այրի մը համար սուղ գին ունեցող թոյլտուութիւն մըն է, որուն գինը ի վերջոյ պէտք է վճարուի», կը գրէ Հենրի Քիսինճըր։ Ճշմարիտ խօսք մը, որուն Հայոց պատմութեան մէջ պատկերաւոր ու գործնական օրինակը Արշակ թագաւորն ու անոր ճակատագիրն է։ «Արցախը Հայաստան է եւ վերջ» յայտարարութենէն ետք, սակայն, սուղ գինը վճարողը հայ ժողովուրդն ու հայկական պետականութիւնը եղան, իսկ բուն պատասխանատուն ու մեղաւորը վերընտրութեամբ վարձատրուեցաւ։ Դժբախտաբար, «մինչեւ անձրեւին գալը գորտին աչքերը դուրս կ’իյնան»…։

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles